ԻԱ.
Ձեռնադրութիւն
Շնորհալւոյ
՚ի
կաթողիկոս.
—
Ատենաբանութիւն
նորա.
—
Մահ
Գրիգորիսի։
Յետ
երկու
ազնուական
ազգակցաց
Հայոց՝
Օշնի
իշխանին
եւ
Թորոսի
իշխանապետի՝
հաշտութիւնը
ապահովելու,
եւ
քիչ
մը
ժամանակ
իր
խնամւոյն
քով
կենալու,
եւ
Ալեքս
դըքսին
Դաւանութեան
թուղթը
տալու,
Շնորհալին
դարձաւ
՚ի
Հռոմկլայ,
՚ի
վերջ
1165
տարւոյ
կամ
՚ի
սկիզբն
1166-ի.
եւ
իր
կաթողիկոս
եղբայրը`
որ
արդէն
տալւօք
եւ
տկարութեամբ
ալ
յառաջացեր
էր՝
աւելի
ծանրացեալ
գտաւ։
Մերազգի
պատմըչաց
մէկն
զԳրիգորիս
Կաղ
կ՚անուանէ,
բայց
ի՞նչ
առիթով
եւ
ե՞րբ
կաղանալն
յայտնի
չէ.
եւ
ոչ
այն
թուի
պատճառ
յետին
տկարութեանն
եւ
հրաժարելու
՚ի
կաթողիկոսութենէ,
այլ
բոլոր
մարմնոյն
ուժէ
ընկնալն,
ո՛ր
եւ
է
պատճառաւ.
յորոց
յայտնի
է
ծերութիւնն,
եւ
նախայիշեալ
բնակութեան
տեղւոյն
օդոց
տաքութիւնն։
Թէ՛
այսպիսի
պատճառանօք
եւ
թէ՛
իր
եղբօր
գերազանցութիւնը
յարգելով,
ինչպէս
որ
յառաջ
ալ
նշանակեցինք,
Գրիգորիս
շատ
հեղ
առաջարկեր
եւ
յորդորեր
էր
զՆերսէս՝
որ
յանձն
առնու
զկաթողիկոսութիւն,
եւ
իրարու
տեղ
փոխանակեն ,
ինչպէս
որ
ուրիշ
ամեն
բանի
մէջ
ալ
համահաւասար
էին.
սակայն
Շնորհալւոյ
անհնարին
կ'երեւէր
իր
երեց
եւ
նախընտիր
եւ
պատուական
եղբօր
կենդանութեան
ատեն՝
այսպիսի
բան
մը
յանձն
առնուլ,
որչափ
յամենայնի
հպատակ
էր
անոր.
եւ
երբ
տարիքնին
առին՝
եւ
դարձեալ
այս
առաջարկութիւնս
կ՚ըլլար,
Ներսէս
իրեն
ալ
արդէն
բաւական
ծերացեալ
եւ
տկարացեալ
ըլլալն
ալ
արգելք
համարեէր.
վասն
զի
արդէն
ալեւորեալ
էր,
ըստ
պատմըչին
[1].
եւ
նոյն
իսկ
ձեռնադրութեան
օրն
ալ
կ՚ըսէր
Ներսէս,
թէ
«Ոչինչ
նուազ
եւ
մեք
նովին
տկարութեամբ
զգածեալ
եմք»։
Բայց
երբ
այս
տարի
նորէն
առաջարկեց
Գրիգորիս,
եւ
տկարութիւնն
ալ
յայտնի
կը
ցուցընէր՝
որ
երկար
չի
կըրնար
ապրիլ,
Ներսէս
ուրիշ
զօրաւոր
պատճառ
չէր
գտներ
հրաժարելու,
բայց
իր
ներքին
խոնարհութիւնը.
որով
զինքն
անարժան
համարէր
այնպիսի
աստիճանի
եւ
պաշտաման,
որոյ
ծանրութեան
մեծ
մասն
արդէն
կրեր
էր
այնքան
տարիներ։
Հարկ
եղաւ
որ
Գրիգորիս
աստուածային
կամքն
՚ի
մէջ
բերէ,
զոր
իբրեւ
հոգեւոր
ազդմամբ
ալ
իմացած
եմ
կ՚ըսէր.
եւ
ասոր
համար
հրաւէր
խաւրէր
էր
մօտաւոր
եւ
կարեւոր
եպիսկոպոսաց
եւ
վարդապետաց
եւ
Սեաւ
Լերին
կրօնաւորաց,
որ
յառաջ
քան
զզատիկն
գան
ժողովին
՚ի
հայրապետանոցն.
յայտնելով
անոնց
իր
մտածութիւնը
եւ
փափաքը։
Քան
զայս
ընդունելի
բան
չկար
իրենց.
թէ
՚ի
կաթողիկոսութիւն
կոչուածին
ամենայայտնի
արժանաւորութիւնն,
եւ
թէ
կոչողին
կէս
դարէ
աւելի
անարատ
հովուապետութիւնն՝
իրենց
երախտեաց
պարտք
էին.
ոչ
միայն
յօժարակամ
հաւանեցան,
այլ
եւ
հաւանեցուցին
զՆերսէս.
որոյ
եւ
անշուշտ
հարկաւոր
էր
այս
բռնադատութիւնս,
որպէս
զի
չունենայ
խիղճ
մը
իբրեւ
ազգականութեան
համար
յաջորդ
համարուելու,
եւ
ոչ
ալ
մեղադրուելու
յեպիսկոպոսաց,
մանաւանդ
յԱղթամարեանց,
եւ
Վրաց
իշխանութեան
տակ
եղող
քանի
մ՚անհաւան
եկեղեցականաց։
Երբ
հասարակաց
հաւանութիւն
եղաւ,
Շնորհալին
ինչպէս
որ
իրեն
կը
վայլէր՝
քիչ
մը
ժամանակ
առանձնացաւ
միայն
ընդ
միայնոյ
Աստուծոյ,
իր
Հոգին
պատրաստելու
նոր
եւ
մեծ
շնորհաց,
ազգի
մը,
եւ
այնպիսի
ցրուեալ
եւ
սասանեալ
ազգի
մը
հոգեւոր
հայրապետ
ըլլալու։
Ձեռնադրութեան
եւ
հանդիսի
օրն
uահմանեցաւ
զատկէն
առաջ՝
Ծաղկազարդի
տօնին
օրն,
որ
այն
տարի
(1166)
կը
հանդիպէր
ապրիլի
17-ին.
Հռոմկլայ
երբեք
այսպիսի
արժանաւոր
եւ
վսեմական
տեսարան
չէր
ընծայած,
եւ
ինչպես
ինքն
իսկ
Ներսէս
կերպով
մը
յիշեց
ժողովքին
մէջ,
այն
գետապատ
քարանձաւն
այն
օր
ձեւացաւ
բարձրացաւ
իբրեւ
Հովր
լեառն,
յորոյ
գագաթան՝
Հրէից
առաջին
քահանայապետն
մերձ
՚ի
մահ
կը
մերկանար
իր
պաշտաման
շքեղ
պատմուճանները
եւ
կը
զգեցընէր
որդւոյն.
հօն
այս
գործողութիւնն
կատարող
էր
Մովսէս,
իսկ
հօս
անոր
եւ
Ահարոնի
եւ
Եղիազարու
կերպարանքն
եւ
գործն՝
երկու
վսեմական
հարազատաց
վրայ
բաժնուէր
եւ
բովանդակէր։
Երբ
գումարեցաւ
ժողովն
եւ
պատրաստեցաւ
հանդէսն,
եւ
շնորհազարդ
եւ
ալէզարդ
նուիրեալն՝
աւելի
սպիտակ
անմեղութեամբ,
իբրեւ
պատկառոտ
եւ
դողդող
մանուկ
մը
ընծայեցաւ
առաջի
սուրբ
սեղանոյն
եւ
քահանայապետական
աթոռոյն,
նախ
ծեր
եւ
տկար
հայրապետն՝
անսովոր
կարմրութեամբ
մ՚ոգեւորելով
իր
դալնկագոյն
դէմքը,
եւ
անսովոր
ոյժ
մ՚առած՝
կանգնեցաւ
իր
գահուն
առջեւ.
օրինաւոր
եւ
արժանաւոր
ատենաբանութիւն
մ՚ըրաւ
ժողովեալ
եպիսկոպոսաց
եւ
իշխանաց,
համառօտելով
իր
երկար
հովուութեան
համարը,
եւ
կենաց
մերձեցեալ
վախճանը,
եւ
ազգին
ու
եկեղեցւոյն
ապագայն
մտածելով
եւ
իրմէ
վերջ
ալ
անոնց
շահն
եւ
փառքը
փափագելով
կ՚առաջարկէր
ժողովոյն
իրեն
յաջորդ
եւ
իրենց
հովուապետ՝
զՆերսէս.
ոչ
իբրեւ
հարազատ
ըստ
մարմնոյ,
այլ
արժանաւոր
ըստ
հոգւոյ,
որուն
արդէն
իրենք
ալ
վկայած
էին.
իսկ
իրեն
մնացեալ
եւ
կարճատեւ
աւուրց
մեջ
մեծ
մխիթարանք
պիտի
ըլլար՝
իր
կրսեր
եղբայրը
տեսնել
անոնց
եւ
իրեն
իսկ
հայր
ըլլալ,
եւ
փոխանակ
այն
ձեռնադրութեանն
զոր
հիմայ
անոր
վրայ
պիտի
կատարէր,
քիչ
ատենէն
անոր
ձեռօք
ընդունիլ
հանդերձեալ
կենաց
թոշակը։
Հանդիսին
կէսը
կատարուած
եւ
կէսը
դեռ
կատարելի,
Ներսէս
լի
բազմապատիկ
զգացմամբք,
ինչպէս
դիւրին
է
գուշակել,
եւ
զայն
եւս
զգալով՝
որ
այն
օրուան
ո՛ր
եւ
է
տեսարանք
եւ
տպաւորութիւնք
շուտով
պիտի
փոփոխին
եւ
քիչ
շատ
ջնջուին,
այլ
իր
վրայ
պիտի
մնայ
մեծ
պաշտօն
եւ
պարտք
մը.
եւ
դարձեալ
անոր
մեծութեան
դիմաց
իր
տկար
զօրութիւնը
կշռելով,
իր
մեծ
եւ
սքանչելի
խոնարհութեամբը
շարժեց
ինքն
ալ
իր
շնորհազարդ
շրթունքը,
եւ
խօսեցաւ
այն
մաքուր
սրտի
եւ
հեզ
հոգւոյ,
միանգամայն
եւ
քաջախոհ
մտաց
Ատենաբանութիւնը,
որ
իր
ամենէն
գեղեցիկ
արտադրութեանց
կարգը
կրնայ
դասուիլ,
եւ
որ
մեր
մեջ
այսպիսի
առթիւ
խօսուած
կամ
գրուած
բանից
մեկ
հատիկ
մնացեալ
օրինակ
է,
ինչպես
իր
ուրիշ
շատ
գրածներն
եւ
խօսածներն
ալ։
Այսպէս
յառաջաբանէ
Շնորհալին
առ
ժողովեալ
ուխտն
եկեղեցւոյ.
«Առ
ձեզ
էն
բանք
իմ,
դասք
սրբազանից
Քահանայապետաց
եւ
քահանայից,
եւ
իմաստուն
Վարդապետաց.
որք
իբրեւ
զանդամն՝
յիւրաքանչիւր
կողմանց
ժողովեալք
՚ի
մի
լրութիւն
մարմնոյ,
հասէք
աստանօր
կոչմամբ
՚ի
«
հրամանէ
Գլխոյս
եկեղեցւոյ.
որպէս
զի
նովաւ
եւ
ընդ
նմին՝
վէմ
ինչ
յանարգաց
եւ
ոչ
՚ի
պատուականաց,
ձերով
ճարտարապետական
արուեստիւ
յղկեալ՝
՚ի
շինուած
մարմնոյն
Քրիստոսի
յօդիցէք
իմաստնապէս։
Այս
գոհարանըման
կուռ
իմաստալից
սկզբնաւորութենէն
ետեւ
խնդրէ
լսողաց
մտադրութիւնը.
ապա
սկսելով
բուն
խօսքը՝
կը
յիշեցընէ
մարդուս
անկայուն
վիճակը,
որով
հարկ
է
զիրար
փոխանակել,
ինչպէս
Լուսաւորիչ
եւ
իր
որդիքն,
եւ
անոնցմէ
սերեալն
մեծ
Վկայասէրն
Գրիգոր,
զոր
եւ
գովելով
համառօտիւ՝
կանցնի
ի
գովութիւն
Երկրորդ
եւ
դեռ
կենդանի
Վկայասիրին,
որ
«յոյժ
հրաշափառագոյն
բանիւ
եւ
գործով
քան
զբազումս
յաթոռակալացն
գտաւ
նախնեաց.
՚ի
մաքրութիւն
հոգւոյ՝
ըստ
հրոյ
գոլով
զուգամասնութեան.
յիմաստս
բանի
եւ
՚ի
շարագրութիւնս
տառի՝
գեղեցկապէս
եւ
ըստ
կարգի.
՚ի
վերծանութիւնս՝
իբր
թէ
նոյն
է
որք
կենդանի
խօսեցան
ձայնիւ,
՚ի
գիտութիւնս
գրոյ
ծայրագոյնս
եւ
՚ի
խորհուրդս
հանճարոյ՝
ըստ
տէրունեան
խրատու
բարիոք
խորագիտութեամբ»։
Բայց
վախնալով
որ
մարդահաճութիւն
չերեւի
եղբօր
վրայ
եւ
իր
առջեւ
գովեստ
խօսիլն`
կուզէ
լռել
անոր
խոհեմութիւն
եւ
արիութիւնը,
այն
դժուար
ժամանակին
մէջ
ալ
իր
ծանր
պաշտօնը
առաջ
տանելով,
հանդերձ
շինութեամբ
եկեղեցեաց,
միանգամայն
եւ
իր
ազդատոհմին
վրայ
խնամք
տանելով,
զոմանս
աշխարհական
եւ
զոմանս
եկեղեցական
աստիճանաց
բարձրացընելով,
ինչպէս
զինքն
Ներսէս,
որ
տղայութեան
դաստիարակութենէն
սկսեալ
ինչուան
այս
կարգը
հասուց։
Մեծ
հոգ
տարաւ
նաեւ
այն
ալէկոծեալ
եւ
խռովալից
ժամանակին
դիպուածօք
վտանգեալ
եւ
գերեալ
անձանց.
«Իմաստութեամբ
եւ
ջանիւ
եւ
առատապէս
ծախիւք՝
բիւրուց
եւ
հազարաց
պատճառ
եղեւ
փրկութեան
եւ
ազատութեան
եւ
ծառայութենէ.
որ
եւ
փրկեալքն
՚ի
զանազան
լեզուաց
եւ
աշխարհաց՝
աղաղակեն»։
Հասակին
եւ
դիպաց
ամեն
միջոցներուն
ալ
անարատ
եւ
անվրդով
քաղաքավարելով՝
հիմայ
ծերութեամբ
եւ
հիւանդութեամբ
«վտանգեալ՝
յառաջ
կոչելով
զմերս
անարժանութիւն,
ստիպէ
առնուլ
զաստուածընկալ
աթոռոյ
իւրոյ
փոխանորդութիւն.
զոր
ոչ
միայն
այժմ՝
այլեւ
կանխագոյն
ժամանակօք
դնէր
զայս
առաջի
…
իսկ
այժմ
զի
զօրացաւ
քան
զբնութիւն՝
տկարութեանն
կիրք,
վասն
այնորիկ
հարկիմք
ընդունել
զհարկեցուցիչ
հրաման
սորա»։
Վասն
զի
կը
վախնամ,
կ՚ըսէր,
չհնազանդելով՝
մեղանչել
Աստուծոյ.
սակայն
յանձնառութենէս
ալ
կը
վախնամ,
յիշելով
պաշտօնին
մեծութիւնը
եւ
իմ
անարժանութիւնս.
եւ
կը
ջանայ
ցուցընելու
մէկիկ
մէկիկ
թէ
ո՛րչափ
առաքինութիւն
եւ
սրբութիւն
կը
պահանջուի
հայրապետէ
մը,
զորս
ինքն
չունի։
Եւ
հօս
նման
իր
արժանաւոր
անուանակից
նախորդին՝
մեծին
Ներսիսի,
որ
800
տարի
առաջ
(365)
ստիպուելով
՚ի
թագաւորէն
եւ
՚ի
նախարարաց
Հայոց,
եւ
հրաժարելով՝
պէսպէս
պակասութիւններ
եւ
յանցանքներ
կը
յիշէր՝
իբրեւ
ըրած,
որուն
չհաւատալով
կը
ծիծաղէին
անոնք`
այն
ատեն
կտրիճ
եւ
երիտասարդ
զինակիրն
այն
իր
անձը
թողլով՝
սկսաւ
զունկնդիրսն
մեղադրել
իրենց
խստասրտութեանը
համար.
«Այսօր
տարապարտուց
սիրէք
դուք
զիս,
եւ
վաղիւ՝
ատելի
եւ
թըշնամի
եւ
թակն
զգլխոյ
ձերմէ
կոշկոճիչ
կապէք
զիս»,
երբ
զձեզ
յանդիմանելու
ըլլամ։
Այսպէս
իմն
եւ
մերս
վերջին
Պահլաւունի
Ներսէս՝
կը
ստիպուի
պահիկ
մը
զինքը
թողուլ,
եւ
մեղադրել
սրտցաւութեամբ
եւ
զգուշութեամբ՝
իր
ժամանակին
խոտորեալ
անձինքը,
նաեւ
եկեղեցւոյ
բարձր
կարգի
եղողքը.
յորս՝
առանց
անուանելու՝
կը
ճանչցընէ
զԱղթամարեանս,
որք
ոչ
միայն
հայրապետական
աթոռոյն
հակառակեցան,
այլ
եւ
«զազատեալս
՚ի
Քրիստոսէ
զեկեղեցի
սուրբ՝
ընդ
հարկաւ
արարին
անօրինաց,
կամաւ
եւ
ոչ
՚ի
հարկէ».
յայտ
է
թԷ
կաշառք
տալով։
Այս
ամեն
դժարութիւնները
ցուցընելէն
ետեւ,
որովհետեւ
ալ
հրաժարիլ
չէր
կըրնար,
մէկ
հատիկ
ճար
կը
գտնէ
լալով
եւ
բոլոր
սրտով
խնդրել՝
դեռ
պահ
մ՚ալ
Հայոց
եկեղեցւոյն
գլուխ
եղող
հարազատէն
եւ
յամենայն
եկեղեցական
դասուց՝
հնարք
աղօթից
օգնականութեան։
Աղօթից
կերպն
կամ
նպատակն
ալ
ինքն
կը
սովրեցընէ.
նախ
խնդրել
յԱսյուծո՝
որ
իր
մեղաց
եւ
յանցուածոց
թողութիւն
տայ,
միանգամայն
հոգւոյն
մաքրութեան
եւ
զօրութեան
հետ՝
մարմնոյն
ալ
առողջութիւն
եւ
ոյժ.
եւ
այնպիսի
սրբարար
զօրութիւն
մը՝
որ
ոչ
միայն
իր
անցեալ
տկարութիւնը
քաւէ,
այլ
եւ
«առնել
զիս
նոր՝
փոխանակ
հնոյ,
եւ
պահել
նովին
նորոգութեամբ
յապագային
հնացուցիչ
կրից,
մինչեւ
՚ի
կէտ
կոչման
իմոյ
՚ի
Քրիստոս»։
Երկրորդ,
խնդրել
Աստուծոյ
շնորհք
եւ
իմաստուն
թիւն
իր
բարձր
պաշտօնը
արժանապէս
կատարելու,
անաչառութեամբ
եւ
սիրով.
ըլլալ
«Ըստ
աղաւնոյ
միամիտ՝
՚ի
սէր
պատուիրանաց
Քրիստոսի,
եւ
ըստ
օձի՝
բարիոք
խորագիտութեամբ
ընդդէմ
չար
խորամանկութեանց
սատանայի
եւ
նովաւ
զօրացելոցն.
որսալ
հնարաւոր
իմաստութեամբ
առաքելական
ուռկանաւն
զմարդիկ
՚ի
կեանս,
եւ
հանել
՚ի
ծովէ
աշխարհի
՚ի
ցամաք,
յախտից՝
յերկիրն
կենդանեաց»։
Այս
խօսքերս
ամէն
ով
կնքելէն
ետեւ
իբրեւ
յաւելուած
մը
կը
խնդրէ
երրորդ,
որ
աղօթք
ընեն
բոլոր
եկեղեցւոյ՝
եւ
Հայոց
ազգին
համար,
եւ
մասնաւորապէս
յիշեն
իրենց
նախահայրը՝
Ս.
Լուսաւորիչը
եւ
անոր
Որդիքն
ու
Թոռունքը,
որք
այնքան
նեղութեամբք
եւ
չարչարանօք
աշխատեցան.
զանոնք
բարեխօս
բռնեն
առ
Աստուած,
«մանաւանդ
թէ
զԱստուած
«առ
նոսա»,
՚ի
վերայ
կը
բերէ
Շնորհալի
գեղեցիկ
յանդըգնութեամբ.
որպէս
«զի
նախ
նոքա
թողութիւն
շնորհեսցեն
արդարապէս
անիծիցն՝
զոր
հեղին
՚ի
վերայ
որդւոց
ժողովրդեան
իւրեանց,
որով
եւ
աններելի
եղեւ
բարկութիւնն
Աստուծոյ՝
այսքան
երկար
ժամանակ,
բառնալով
զթագաւորութիւն
եւ
զիշխանութիւն»
ազգիս.
եւ
երբոր
անոնք
հաշտին՝
ապա
իրենք
ալ
կ՚աղաչեն
Աստուծոյ
«բառնալ
զցասումն
պատուհասի
յանցանաց՝
զոր
մարգարէացան
գալ
՚ի
վերայ
մեր».
այն
ատեն
կըրնան
եւ
մերայինք
«հալածել
զյարուցեալսն
՚ի
վերայ,
եւ
փրկելը
զմեզ
ի
բերանոյ
առիւծուց
…
եւ
դարձուցանել
զամենեսեան
յաշխարհն
հայրենի»։
Այսպիսի
հայրենախառն
եւ
հոգեխառն
խօսքերով
կը
կնքէ
Շնորհալի
իր
ատենաբանութիւնը,
փառատրութեամբ
ամենասուրբ
Երրորդութեան։
Ի՜նչ
ազդեցութիւն
ըրած
ըլլալն
այսպիսի
խօսից
յայնպիսի
բերնէ
եւ
այն
վայրկենին՝
դիւրին
է
գուշակել,
երբ
մեք
իսկ
զայն
կարդալու
եւ
գրելու
ատեննիս
կը
հիանամք
իր
սրտին
մեծութեանը,
որ
կըրցաւ
այնքան
կատարելապէս
բովանդակել
յինքեան
աստուածսիրութեան
եւ
հայրենասիրութեան
կրակները,
սքանչելի
իմաստութեամբ
մը
մերթ
ծածկած
եւ
մերթ
յայտնած,
եւ
միշտ
զուգած.
եւ
վայրկեան
մը
ափչած՝
կըրնայինք
շփոթել,
թէ
Ներսէս՝
քահանայապետութի՞ւն
եթէ
թագաւորա,
կան
գահն
ու
գաւազանը
պայազատելու
կու
գայ։
Կ՚ախորժիմք
հաւատալ՝
թէ
իր
«Ի
բոլոր
սրտէ
եւ
ջերմագունիւ
արտասուօք»
խնդրածն,
աղօթք
եւ
օրէնութիւն
ժողովոյն,
այն
վայրկենին
իջուցին
յերկնից
՚ի
վերայ
ալէզարդ
գլխոյն,
եւ
ըրին
զնա
«Նոր
փոխանակ
հնոյ»,
կամ
մանաւանդ
բազմապատկեցին
զշնորհքը,
եւ
«զնոր
առ
հնով»,
ըստ
Երգոց
Երգոյն։
Յետ
այսպիսի
կենդանի
դաւանութեան
մը՝
Գրիգորիս
իր
երկար
տարիներէ
վեր
փափագածը
կատարեց:
53
տարի
իր
գլուխը
կրած
կաթողիկոսական
վեհաշուք
քօղը՝
հանդերձ
իր
ամենայն
իշխանութեամբք՝
փոխադրեց
՚ի
գլուխ
Ներսիսի
եւ
յարդիւնաւոր
աջ
նորին.
«Գլուխ
հանուրց
զընտրեալն
օծէր,
Յաթոռ
ընդ
իւր
նստուցանէր.
Կրկնամածեալ
քող
արկանէր
Եւ
գազան
՚ի
ձեռսըն
դնէր.
Բազմախաչեան
զգեցուցանէր,
Եմիփորոն
զլանջօքն
ածէր.
Փեսայապէս
զարդուք
պճնէր.
Գլխոյն
պըսակ
Քրիստոս
նստէր.
Բարեկամօքն
ուրախ
լիներ».
եւ
այլն։
Ամենայն
օրհնութիւն
եւ
արարողութիւն
կատարուելէն
ետեւ
՚ի
վերայ
Ներսիսի,
կարգն
եկաւ
որ
սա
ալ
օրհնէ
զինքն
օրհնողները.
եւ
իրեն
առաջին
խոնարհական
երկրպագութեամբ
պատիւ
դնողն՝
եղաւ
ինքն
հրաժարեալ
կաթողիկոսն
Գրիգորիս,
իբրեւ
զԴաւիթ
թագաւոր
երկրպագելով
իր
հրամանաւ
թագաւորած
որդեկին
Սողոմոնի.
եւ
անոր
մօրը
պէս
բազմելով
յաջմէ
նորընծայ
Օծելոյն,
որ
յԱստուծոյ
աւանդեալ
հայրապետական
օրհնութիւնը
կարդալով
՚ի
վերայ
երբեմն
հայրացեալ
եւ
հիմայ
որդիացեալ
աւագ
հարազատին
եւ
ամենայն
ուխտի
եկեղեցւոյն
եւ
ժողովականաց,
արձակեց
զանոնք
՚ի
խաղաղութիւն:
Ո՞րքան
տարբեր
էին
իր
զգացմունքն
եւ
մտածմունքն՝
երբ
կէս
դարէ
աւելի
առաջ՝
11-ամեայ
մանուկ՝
իր
եղբօր
ձեռնադրութեան
հանդէսը
կը
տեսնէր
՚ի
Կարմիր
Վանս
Սեաւ
Լերանց։
Իր
պապեն՝
մեծ
Վկայասիրէն՝
ճիշդ
դար
մը
ետեւ
նստաւ
Ներսէս
անոր
աթոռը
(1065-1166)։
Յայտ
է
որ
մեծ
հանդիսութեամբ
կատարեց
այն
սրբազան
օրերը
եւ
Յարութեան
մեծ
տօնը,
՚ի
ներկայութեան
եպիսկոպոսաց
եւ
վարդապետաց՝
եւ
թերեւս
առաջին
անգամ
միւռոն
ալ
օրհնելով՝
պարգեւեց
անոնց,
հանդերձ
վայելուչ
ընծայիւք
եւ
վայելչագոյն
խրատուք
եւ
հորդարանօք,
եւ
յուղարկեց
իրենց
տեղը։
Բայց
մէկ
ընծայ
մ՚ալ
կար
ընելու
եւ
մէկ
յուղարկ
մ՚ալ,
որ
որչափ
ալ
պատրաստուած
էր՝
դեռ
շատ
ծանր
եւ
դժար
էր
իր
սրտին.
այն
էր
իր
գերագոյն
եղբայրը՝
Գրիգորիսը`
առ
Աստուած
ընծայել
յետին
յուղարկաւորութեամբ
գերեզմանի,
որ
այնուհետեւ
համարձակ
կը
կանչէր
զնա.
մանաւանդ
թէ
Գրիգորիս
կը
փութար,
երկրիս
վրա
կարեւորագոյն
եւ
յիրաւի
թանկ
գործը
կատարելով։
Շատ
կարճ
ժամանակ
ապրեցաւ
յետ
աթոռակալութեան
եղբօրը։
«
Իբրեւ
կատարեաց
զգործ
հրամանին՝
որ
ազդեցաւ
նմա
՚ի
վերուստ,
կ՚ըսէ
Շնորհալն
՚ի
յառաջաբանի
ԸնդՀանրական
թղթոյն,
յետ
երից
ամսոց
փոխեցաւ՝
իբր
կոչմամբ՝
առ
Քրիստոս.
դասաւորելով
ընդ
հարսն՝
հայրապետն,
ընդ
առաքեալսըն՝
երկոտասանիցն
լրումն,
ընդ
հալածեալսն
վասն
արդարութեան՝
համբերողն
՚ի
հալածանս
եւ
՚ի
զանազան
փորձութիւնս՝
՚ի
հակառակացն
ճշմարտութեան,
ընդ
փառաւորեալսն
պատուեալն
յԱստուծոյ
եւ
՚ի
մարդկանէ
՚ի
կեանս,
որոյ
եւ
մահ
պատուական
եղեւ
առաջի
Տեառն,
ըստ
գերագունից
սրբոցն,
զորոց
ասէ
մարգարէն»։
Աակէ
կ՚երեւի
որ
Գրիգորիսի
մահն
եղած
է
նոյն
ամառը
(1166),
որով
մօտ
53
տարի
քշած
է
իր
կաթողիկոսութիւնն,
երկարագոյն
քան
զամեն
կաթողիկոսաց
մերոց
թէ՛
իրմԷ
առաջ
եւ
թէ՛
վերջը`
իրեն
մօտ
միայն
իր
հին
նախահայրն
Մեծն
Ս.
Սահակ
այսպիսի
երկար
շրջան
մ՚ունեցա
51
տարւոյ,
թէ
եւ
յետին
տարիները՝
իբրեւ
զրկեալ
՚ի
մեծ
պատուոյն.
իր
հայրն
Ս.
Ներսէս
եւ
անոր
պապն
Ս.
Յուսիկ
ալ՝
երիտասարդ
էին
իրենց
աթոռակալութեան
ատեն,
եւ
երկար
կենաց
ասպարէզ
մը
կար
առաջի
բնութեան.
այլ
նոքա՝
ըստ
սրտակտուր
յիշելոյ
Շնորհալւոյն
ատենաբանութեանը
մէջ՝
«
յապառում
թագաւորացն
Հայոց
եւ
՚ի
վայրենաբարոյ
իշխանացն՝
տաժանելի
կրիւք
ելին
յաշխարհէ».
եւ
չկարցան
կատարել
ինչ
որ
իրենց
աստուածատուր
կարողութիւնն
կը
յուսացընէր,
եւ
ինչ
որ
աներկբայ
կը
հաւաստեն
օրինակք
երկարակեցիցն,
Ս.
Գրիգորի
Լուսաւորչի
եւ
Սակակայ,
եւ
Վկայասիրաց
մերոց.
յիրաւի
ասոնք
ալ
հալածանօք
եւ
թափառանօք
ապրեցան,
այլ
գէթ
Տիրանայ,
Արշակայ
եւ
Պապայ
պէս
պիղծ
եւ
անարժան
թագաւորաց
սեւ
օրերը
եւ
սեւ
երեսը
չտեսան։
Դարձեալ
յիրաւի
դժար
էր
ասոնց
ժամանակն
ալ,
ինչպէս
որ
ըստ
բաւականին
տեսանք,
այն
բազմավրդով
դիպաց
մէջ,
շրջապատեալ
յանդադար
արշաւանաց
եւ
պատերազմաց
սուլտանացն
Իկոնիոնի,
Հալպայ
եւ
Դամասկոսի,
իշխանաց
Անտիոքայ,
Տրիպօլեայ
եւ
Եդեսիոյ,
Խաչակրաց
Փռանկաց
եւ
Ալամանաց,
կայսերաց
Յովհաննու
եւ
Մանուէլի,
եւ
մեր
իսկ
Պարոնայց՝
Թորոսեանց,
Լեւոնի
եւ
որդւոցն.
՚ի
վերայ
այսր
ամենայնի
Գրիգորիս
մեր
կաթողիկոսութեան
Մաթուսաղայն՝
անստգիւտ
եւ
անպակաս
վարեց
իր
պաշտօնը,
նաեւ
պատուով
եւ
մեծարանօք
յօտարաց.
որոց
համար,
այս
ալ
իրաւ
է
ըսել,
որ
գրեթէ
միայնակ
բաւական
չէր,
այլ
երկրորդ
գլուխ
եւ
երկրորդ
սիրտ
մ՚ալ
պէտք
էր,
եւ
գտաւ
զայն
յեղբայր
իւր
Ներսէս,
որ
ամենայն
զօրութեամբ
անձին
միացեալ
ընդ
եղբօրն՝
իբրեւ
ամոլք
անբաժանք
եւ
իբրեւ
մի
գլուխ
եւ
ես
մը,
յառաջ
վարեցին
Հայաստանեայց
տապանակիր
կառքը,
զոր
այսուհետեւ
Ներսէս
միայնակ
պիտի
տանէր
եօթն
տարի
ալ:
Որոց
համար
յարմարագոյն
դատիմ՝
մեր
պերճաբան
եւ
ստեղծաբան
Նարեկացւոյն
ըսածը՝
քան
իր
Վասլի
եւ
Կոստանդնի
կայսերաց.
«Եղբարքն
երկոքին
հարազատք,
միաշաւիղք,
համակցորդք
…
որք
՚ի
մի
նկատումն
կամաց
խորհրդոյ՝
երկեակ
մարմնով
եւ
մի
սրտիւ
կենցաղավարեցան.
եւ
որպէս
զէութիւն
երկուց
տարազուց՝
անձին
եւ
մարմնոյ՝
՚ի
մի
կերպարան
շարունակեցան.
եւ
զիմաստնականն
նախասաց
բան՝
յանձինս
գծագրեցին.
Եղբայր
յեղբօրէ
օգնեալ
իբրեւ
զքաղաք
ամուր
անկործան.
եւ
ճշմարտաբար
միութեամբ՝
առանց
այլայլման
կացին
անբաժին։
…
Այլ
թէպէտ
եւ
բազում
սրտից
տարակուսելոց՝
երկայնմտութեան
հետս
հորդեցին,
յաւէտ
առաւել
հիւսիսայնոցս
արեւելականաց,
տանս
Թորգոմայ՝
աղբիւրս
չնորհաց
կենաց
անձրեւաց՝
՚ի
գթութեանց
իւրեանց
ցօղեցին»։
Գուցէ
այսպիսի
եւ
յարմարագոյն
եւս
խօսքեր
արտասանեց
ինքնին
որբացեալ
կաթողիկոսն
մեր
նորընտիր՝
՚ի
վրայ
դամբանի
իր
ձեռօք
հանգուցեալ
հայրապետ
հարազատին.
ոչ
եւս
«յերկիւղէ
մարդահաճութեան
զանգիտեալ,
մանաւանդ
զի
իմումս
եւ
ոչ
օտարի
աղագաւ
դրուատեաց
բանի
գովութիւն
յարմարի».
ինչպէս
կ՚ըսէր
յատենաբանութեան
յաւուր
ձեռնադրութեանն.
իսկ
հիմայ
զԳրիգորիս
յերկինս
ընդ
սրբոց
հայրապետաց
նկատելով՝
կըրնար
սրտին
եւ
բերնին
աւելի
համարձակութիւն
տալ՝
ինչպէս
որ
իր
Ընդհանրական
թղթոց
սկիզբն
ալ
ըրած
եւ
ըսածը
մասամբ
տեսանք
վերը՝
ուր
եւ
զԼուսաւորիչ
յիշելով՝
«համանման
նմին,
կ՚ըսէ,
մաքրութեամբ
անձին
եւ
իմաստութեամբ.
այն
որ
բարւոք
հովուեաց
երկայն
ժամանակաւ
զհօտդ
բանաւոր ...
Ինքն
նաւու
հաւատով
ընդ
ծով
աշխարհիս՝
հողմով
Հոգւոյն
ուղղակի
նաւապետեալ
ճշմարտութեամբ
եւ
առաքինութեամբ՝
եհաս
անվնաս
յանքոյթ
եւ
յառանց
ալեաց
նաւահանգիստն»,
եւ
այլն։
Անշուշտ
կամ
ինքն
Ներսէս
կամ
իր
եպիսկոպոս
եղբօրորդեաց
մէկն
եւ
կամ
ուրիշ
քաջաբան
վարդապետ
մը՝
խօսած
է
դամբանական
ճառ
մը
՚ի
վերայ
երկրորդ
Վկայաuիրին,
զոր
ժամանակն
չէ
յայտնած
մեզի,
որպէս
եւ
ոչ
այն
ցավակցութեան
թուղթը՝
զոր
գրեց
Գրիգորիս
Գագիկ
կաթողիկոսն
Աղուանից,
(161)
եւ
որոյ
համար
վկայուի
թէ
էր
գրուած
«լի
հանճարով
եւ
յոյժ
գովեցաւ»։
[1]
Պատճառ
Թղթոց
եւ
ժողովոյն
Հռոմկլայ։