Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին
eBooks  

Թեմա
Fiction  

Ժ.
ԹՕԲ ԳԱԲՈՒ

—Կ ՚ աղաչեմ, այս թաղին անունը մի՛ տար, եղբա՛յր ։

—Ինչո՞ւ ։

—Վասնզի այս թաղին անունը տխուր յիշատակներ կ ՚ արթնցնէ մտքիս մէջ ։

—Ի՞նչ պատահեցաւ ։

—Երկու տարուան տղաս զոհ տուի այդ թաղին ։

—Օդը այդչափ գէ՞շ է ։

—Ո՛չ ։

—Շիտա՛կ զրուցէ, եթէ գէշ է՝ մենք ալ չերթանք ։

—Ո՛չ, բարեկա՛մ, օդը պատուական է ։

—Ի՞նչպէս եղաւ, որ տղադ մեռաւ հոն ։

—Կիրակի առաւօտ մը տղաս հետս առի ու եկեղեցին գնացի. ես ալ ուրիշներու պէս աղօթքիս զբաղած էի մէյ մ ՚ ալ ժամերգութեան միջոցին անանկ ձայն մ ՚ ելաւ, որ ա՜հ, մինչեւ այսօր ականջէս չելնէր այդ ձայնը ա՜հ, եղբա՛յր, անանկ ձայն մ ՚ ելաւ, որ տղաս վախցաւ, մարեցաւ, ինկաւ ։

—Տէ՜ր ողորմեա որոտո՞ւմ էր ։

—Ո՛ւր էր թէ որոտում ըլլար անբացատրելի ձայն մ ՚ էր ։

—Թնդանօ՞թ էր ։

—Երանի թէ թնդանօթ ըլլար անմեկնելի բան մ ՚ էր ։

—Ի՞նչ էր ուրեմն ։

—Տիրացուին ձայնն է եղեր Անմիջապէս տղաս գիրկս առի ու բժիշկներու դիմեցի. յոյս չկայ, լեղին բրդած է, ըսին, եւ զաւակս մեռաւ ։

—Այո՛, պարոնին խօսածը սուտ չէ, իմ կինս ալ օր մը վախցաւ այդ ձայնաւորին ձայնէն եւ երեք ամսու զաւակ մ ՚ անցուց ։

—Օր մ ՚ ալ ես լեղապատառ դուրս փախայ այդ եկեղեցիէն ։

  Այս տեղեկութիւնները կարդալէն ետքը բնական է, որ մեր ընթերցողներն դժկամակին մտնել Թօբ գաբուի եկեղեցին, ուր թաղեցին ալ մտնել շատ չսիրեր։ Թաղեցիին եկեղեցի չերթալուն պատճառն՝ եկեղեցւոյն զանգակ չունենալն է կ ՚ ըսուէր. իսկ երբ երկու տարի առաջ Խրիմեան հոն քարոզ խօսելու գնաց եւ եկեղեցւոյն մէջ մարդ չտեսաւ՝ թաղականներուն դառնալով ըսաւ.

—Պարապ բան է, որ ծախքեր կ ՚ ընէք ասանկ ժողովուրդին զանգակ շինել տալու համար. իմ տեսածիս ու հասկցածիս նայելով՝ սա պարիսպէն թնդանօթ ալ նետելու ըլլաք՝ աս տեղ մարդ եկեղեցի չպիտի գայ ։

  Ջերմեռանդներուն գալով՝ ասոնք կը պատասխանեն, թէ իրենք կ ՚ ուզեն ամեն օր եկեղեցի երթալ, բայց կը վախնան, որ ձայնաւորին ձայնէն կը վախնան եւ կը հիւանդանան ։

Մենք ալ ուրեմն եկեղեցւոյն դռնէն նայելով շատանանք, վասնզի բժիշկի ստակ տալու ժամանակ չէ ։

  Այս եկեղեցւոյն մէկ կողմն է թաղային վարժարանն, ուր, եթէ Աստուած կամենայ, մանչեր պիտի դաստիարակուին օր մը։ Այս վարժարանին դրան վրան տախտակ մը կար ժամանակաւ, որու վրայ գրուած էր Լեւոնեան վարժարան ։ Հիմայ այդ տախտակը վերցուած է եւ տեղն ուրիշ բան մը դրուած չէ։ Երկու հարիւր մօտ աշակերտներ կան սոյն վարժարանին մէջ, որու ուսման ընթացքը վեց տարուան բաժնուած է հետեւեալ եղանակաւ.

Ա. տարի Ուղղական Բան

Բ. տարի Սեռական Բանի

Գ. տարի Տրական Բանի ՚ ի Բան

Դ. տարի Հայցական Զբան

Ե. տարի Բացառական ի Բանէ

Զ. տարի Գործիական Բանիւ ։

Աշակերտ մը վեցերորդ տարին լրացունելուն պէս վարժարանէն կելնէ, եւ հայրը վաճառական մը կփնտռէ, որ տղան անոր քով գրագրութեան տայ։ Իսկ երբ հայրն չյաջողի զաւակը վաճառականի մը քով գրագրութեան դնել՝ կսրդողի եւ կզղջայ իւր տղուն այնչափ ուսմունք սորվեցուցած ըլլալուն համար ։

—Կարապետ աղա, զաւկիդ տեղ մը գտա՞ր ։

—Չէ, ուսմունքն ալ պարապ բան է եղեր, եղբա՛յր. տղաս տասնեւվեց տարի կարդալ տուի, որ ուսումնական ըլլայ եւ վարժարանէն ելնելուն պէս վաճառականի մը քով դնեմ, որ մարդ ըլլայ։ Ամեն բան գիտէ, կրակի պէս է, գրիչէն արիւն կկաթէ, բայց ի՞նչ օգուտ ։

—Վաճառական մը չգտա՞ր ։

—Քանի մը վաճառականներու ներկայացուցի զինքը, բայց այդ վաճառականներն ալ տգէտ ըլլալով՝ տղուս յարգը չեն ճանչնար. միւս տղաս պիտի հանեմ վարժարանէն եւ արհեստի պիտի տամ ։

—Շատ լաւ կ ՚ ընէք ։

  Եկեղեցւոյն միւս կողմն է աղջիկներու վարժարանն, որու վրայ ալ ժամանակաւ Գոհարիկեան վարժարան գրուած էր եւ վարժարանին մէջ քիչ֊շատ ուսում կար. իսկ հիմա Գոհարիկեան վարժարան անունն եւ ուսմունքն վերցուած են իբրեւ աւելորդ բաներ եւ միայն վաթսունի չափ աղջիկներ կ ՚ երթան կու գան՝ իրենց կերածը մարսելու եւ քալել սորվելու համար. վերջինը կրնայ օգտակար ուսում մը համարուիլ, վասնզի շատ աղջիկներ քալելու կերպն ալ չեն գիտեր ։

  Թաղիս թաղականները գրեթէ բնաւ չեն փոխուիր. մէկ կողմէ հրաժարական կու տան, միւս կողմէ հրահանգ կղրկուի Պատրիարքարանէն, հին թաղականները նորէն կ ՚ ընտրուին եւ առօք փառօք պաշտօնի գլուխ կ ՚ անցնին եւ կը սկսին գործել ։

Վիճաբանութեան մէջ թաղականներու գործածած պաշտօնական լեզուն հետեւեալն է.

—Շուն շանորդի՛, ես քեզի չըսի՞, որ այդ գումարը հաշւոյն չանցունես ։

—Փատի կտո՛ր, ինչո՞ւ պիտի չանցունեմ եղեր ։

—Իրարու ինչո՞ւ անվայել խօսքեր կ ՚ ընէք, իշու կտորներ, չէ՞ք ամչնար. մենք թաղական պիտի ըլլանք, ամեն մարդ մեզմէ բարի օրինակ պիտի առնէ աւանակի պէս կը վարուիք իրարու հետ արջու պէս կխօսիք ։

—Հիմա հօրդ պառկած տեղէն կսկսիմ հա՛ քեզի ի՞նչ կ ՚ ըլլայ կոր մենք իրարու հետ հաշիւի մը վրայօք մարդու պէս կխօսինք կոր ։

—Սա աթոռն բռնելուս պէս գլխուդ կիջեցունեմ հա՛, իշու թոռ. իրարու հետ քաղաքավարութեամբ խօսեցէք ըսի, աւանա՛կ, գոմէշ գէ՞շ ըսի։

  Թաղականի մէջ մէկ հոգի կայ միայն, որ Ս. Զատկի կամ Ծնունդի օրերը առատ֊առատ ժամուց կու տայ իւր քսակէն. մնացածներն ալ առատօրէն ժամուց կու տային, բայց թաղականի սնտուկէն կու տային ժամանակաւ. իսկ հիմայ, որ թաղին մէջ իմացուած է սնտուկէն ժամուց տրուիլը, Ս. Զատկի եւ Ծնունդի օրերը յիշեալ թաղականներն եկեղեցիէն կանուխ կ՚ելնեն կ՚երթան, որ չստիպուին ժամուց տալ իրենց քսակէն…

  Եթէ հարցուի, թէ ի՛նչ է թաղական խորհրդոյ տեսած գործը՝ կպատասխանենք, որ անոր գլխաւոր գործն է չորս կալուածներէ գոյացած եկամուտը հաւաքել եւ մէկ լուսարարին ու երկու ժամակոչին ամսական վճարել։ Եթէ լուսարարին ու ժամակոչին հրահանգ տրուի, որ իրենց ամսականներն երթան այդ կալուածները վարձողներէն առնեն ամսէ ամիս՝ թաղականներուն գործ չմնար։ Չմոռնանք ըսել սակայն, որ թաղականն երկու ամիսէ ի վեր թաղին վարժարանին հոգաբարձութիւնն իւր վրայ առած է Տէր Աստուած ընդունելի արասցէ ։ Ելնող հոգաբարձութիւնը, կ ՚ ըսեն, ողջ ըլլայ, վարժարանները բաւական կործանեց եւ հեռացաւ։ Յիշեալ հոգաբարձութեան անդամները երկու տարի առաջ Ս. Ստեփանոսի տօնախմբութեան օրը չորս տակառ օղի եւ ութը տակառ գինի բերել տալով վարժարանը՝ հոն սեղան շտկեցին եւ մինչեւ երեկոյ այնքան օղի եւ գինի խմեցին, որ չկրցան քալել եւ տակառի պէս գլտորուելով կրցան իրենց տուները մտնել։ Վարժարանին աշակերտներն տեսան իրենց հոգաբարձուներն նոյն վիճակին մէջ եւ իրենք ալ գինետուն մը մտնելով՝ մէյմէկ հատ տնկեցին ի փառս սրբոյն Ստեփանոսի նախավկային ։

  Եկեղեցին երեք քահանայ ունի, որք խօսք կ ՚ առնեն այն խնդիրներու մէջ՝ որք հարսանիքի, կնունքի կամ ննջեցեալի հետ վերաբերութիւն ունին. ուրիշ խնդրոյ մը վրայ խօսք բացուած ժամանակ կքնանան ։

  Թաղեցին ալ շատ հոգ չտանիր իւր վարժարանին ու եկեղեցւոյն, միայն տիւզ օղիին վրայ է իւր խելքը։ Թոբ գաբուցին միշտ մինչեւ առաւօտ կնստի գինետունը, իւր առջեւն ունենալով տիւզի հետ քիչ մը եփած լուբիա կամ քիչ մը պտուղ՝ եթէ ոստիկաններ չգան ժամը երեքին եւ գինետան դուռը զարնելով՝ դուրս չհանեն զայն գինետունէն։ Իւր խօսակցութիւնը եղանակով է, կա՛մ շարգը պիտի կանչէ կամ մանի ։ Ազգային գործերուն վրայ բան մի՛ հարցուներ իրեն, վասնզի սովորութիւն չունի ատանկ բաներու վրայ խօսելու։ Իսկ եթէ Կլատսթըն, Պիքօնսֆիլտ, Կրանվիլ անուններէն մին փախցունես՝ անմիջապէս ապտակ մը կու տայ երեսիդ ըսելով, թէ ֆրանսերէն լեզուով հայհոյած ես իրեն։ Ձայնաւոր վարժապետն այս գինետունը բերելու է, որ ձայնը հանէ եւ հոն եղողները վախցունէ, որ մէյ մ ՚ ալ չերթան հոն ։

  Ուրիշ գինետան մը մէջ խումբ մը կայ, որ թաղին ազնուական մասն է։ Ասոնք իրարմէ մէյմէկ կանգուն հեռաւորութեամբ աթոռակներու վրայ նստած են. իրենց առջեւն ունին երեսուն փարանոց մէյմէկ շիշ տիւզ ։ Բնաւ իրարու հետ չեն խօսիր, կարծես սրդողած են իրարու. իրենց երեսը կախած՝ լռիկ մնջիկ իրենց շիշը պարպելու եւ նորէն լեցնել տալու կնային։ Այնպիսի ձեւով մը եւ պարկեշտութեամբ մը կխմեն, որ կարծես թէ օղի խմելն պարտաւորիչ է, եւ մեծ պատիժի պիտի ենթարկուին՝ եթէ կաթիլ մը օղի մնայ շիշերուն մէջ։ Լռութիւնը կանոնաւոր կերպով կտիրէ հոն… մէկը աչերը վեր առնելով իւր քովինին օղիի շիշին չնայիր. հոն արտասանուած խօսքերն են բարի իրիկուն. սա լեցուր. գիշեր բարի ։ Խօսելու վարժուած երեսփոխան մը կճաթի, եթէ վայրկեան մը նստի ասոնց մէջ ։

  Կիները բնական է որ բամբասանքը սիրեն, բայց իրենց աշխատասիրութիւնն վարքն ու բարքը մեծ գովեստի արժանի են։ Ասոնք շատախօսութիւն ընելու համար տունէ տուն պտըտող ու փողոցները չափող կիներէն չեն. կաշխատին եւ իրենց ձեռագործները ծախելով ստակ կը վաստկին։ Պճնասիրութիւն բնաւ չունին. պարկեշտութեամբ կը հագուին եւ մեծ հնազանդութիւն ու հաւատարմութիւն կը ցցունեն իրենց ամուսիններուն։ Շատ մը այրեր իրենց կիներուն, հայրեր իրենց աղջիկներուն, մանչեր իրենց մայրերուն բեռ եղած են եւ անոնց վաստկած դրամով կապրին կեցցէ՜ արական սեռին պատիւը ։

  Թաղիս մէջ 400 տուն կայ հայու, որուն իւրաքանչիւրին մէջ գրեթէ երկու ընտանիք կայ ։

  Թօփ գաբուի օդը շատ առողջ է, եւ եթէ այսպէս շարունակէ՝ քահանաները այդ թաղէն հրաժարիլ պիտի ստիպուին, վասնզի բնաւ ննջեցեալ չըլլար եղեր ։