Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանին

Հին դարերու յիշատակներն ապրելու

Խոր ցանկութեան մաքուր տենդով համակուած,

Բանաստեղծը, նուրբ մանկլաւիկը հըլու,

Աստուածներու պաշտամունքին նըւիրուած,

 

Կ՚երկրպագէ պատկառանքով շըւարուն

Մեծ անցեալին աւերներուն վեհափառ,

Ու կը հայցէ իր ջընկուռին թելերուն՝

Բազմահագագ ներշնչումը անըսպառ։

 

Դո՛ւք նախահօր մըշտասեւեռ, երկնափայլ

Արծաթաբիբ ու ոսկեգոյն աչուըներ,

Կաթեցուցէք կայծ մ՚իր հոգւոյն մէջ մըռայլ,

Ուր հրաշագիծ՝ շողար անցեալն անըստուեր։

 

Ոսկի դաստակդ երկարէ, ո՜վ Անահիտ,

Ոսկիամայր, ոսկիածին դիցուհի.

Առաջնորդէ՜ խօլ քերթողը բոցամիտ՝

Ըզգաստութեան կածաններէն աշխարհի։

 

Նանէ՜, տայի՜ր անոր տաւղին թելերուն

Թրթռումները բիւր կշռութեանց սըրբաւանդ.

Պըտղաբերէ՛ ներշնչումն իր շըւարուն՝

Հին հանճարին բողբոջներովն արգաւանդ։

 

Եւ գեղանի աստուածուհիդ, ո՜վ Աստղիկ,

Հուր-հեքեաթի բոց հերոսին տարփուհի,

Սէրը ցօղէ քերթողին, քու մանկլաւիկ,

Ու իր սիրտը մեծ տարփանքէն չը պաղի՜։

 

Եւ ան՝ երգէ՜ ամբողջական երգն, անա՜նց,

Մեծ սէրերուն, յոյզերուն, մեծ Երազին.

Օրհնեցէ՛ք զինքն, օր մ՚ալ իր շունչն աննախանձ

Իր մեծամոլ անուրջներուն տայ մարմին։

 

Եւ իր քընարն ի սպաս անմահ ձեր փառքին՝

Երազատենչ տըղին ձայնը չի՜ մարիր,

Ու կը ցրուէ չորս ծայրերը աշխարհքին՝

Վառ մըտածմանց բիւր կայծերը կենսալիր։