Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա՛լ կը դեղնի սաղարթախիտ սարփինան,

Պատըշգամիս դալարագեղ հովանին.

Զոր տերեւներ, դողդոջ, տըրտում վար կ՚իյնան,

Ու մահագոյժ սեւ օրուան մը սուգն ունին։

 

Հոն կը խամրի յետին ողկոյզն ազազուն,

Կը հեռանայ անկից՝ մեղուն յուսահատ,

Ու ցըրտագին կապոյտին մէջ՝ շըւարուն՝

Կ՚երթայ թռցնել պատրանքներուն իր ջոկատ։

 

Քանի՜ անգամ այս երդին տակ խընկաւէտ

Ես երկնեցի ջինջ երազներ վեհաշուք,

Եւ կամ առտուն՝ թըռչուններուն զուգահետ

Մատուցի հոն իմ պաշտամունքս անշըշուկ։

 

Հորիզոնին հանդէպ, անշարժ, ինքնամփոփ,

Իրիկուններն, հոն, երկիւղած տրտմութեամբ,

Քանի՜ անգամ ես հըսկած եմ սըրտատրոփ,

Հոգւոյս վերեւ՝ կասկածներուն իմ սեւ ամպ։

 

Խորան դալար՝ խոկումներուս մենամոլ,

Կը քայքայուի պատըշգամիս սարփինան.

Չոր տերեւներ, իբրեւ յոյսերն իմ ամուլ,

Դողդըղալէն եւ ուժաթափ վար կ՚իյնան։

 

1912