Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

194 տարուան բեռ մը շալկած, սակայն մշտանորոգ երիտասարդի մը երեւոյթը ունի այսօր հայ մամուլը։ Հայ ժողովուրդին հաւատարիմ ուղեկիցն է ու հայելին իր գոյութեան, սկզբնական օրէն ի վեր։ Անոր պէս աստանդական, անոր պէս հեւ ի հեւ տագնապալի ծնունդ մը ունեցող եւ անորոշ ճակատագիրի մը սարսափը ապրող՝ Սփիւռքի տարածքին։ Այս 194 տարիներու ընթացքին հայ մամուլը հանդիպած է բազմաթիւ հարցերու, որոնցմէ սակայն մէկը՝ հիմնական հարց է, որմէ կախում ունի մամուլին եւ առհասարակ հանրային ծառայութեան կոչուած որեւէ հաստատութեան ու մարդու յաջողութեան գաղտնիքը։

Եթէ հարց տրուի թէ ի՛նչ է մամուլին կոչումը, առանց վարանումի պիտի պատասխանուի հանրային կարծիքը։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ այդ նպատակակէտին։ Պիտի սպասարկէ ընթերցող հասարակութեան ճաշակի՞ն, թէ ոչ ինք պիտի ըլլայ ստեղծողը այդ ճաշակին՝ սպասարկելով ընկերութեան բարձրագոյն իտէալներուն։ Պիտի հետեւի՞ գոհացնելու ընդհանուրին ճաշակը, որ շատ յաճախ կը միտի առօրեայ, ոչ-խորունկ հետաքրքրութիւններու, որ թեթեւ մօտեցում մը աշխարհի երեւոյթներուն հանդէպ, կը խուսափի ճիգ պահանջող երեւոյթներէ. այս բոլորը ծնունդ՝ ուսման տարածուած չըլլալուն եւ մեր կեանքին արագ թաւալումին, թէ ոչ ինքզինք պիտի յանձնէ բարձրագոյն իտէալներու, ճաշակներու, ճշմարտութեան սպասարկութեան, այլ խօսքով պիտի ըլլայ հետեւո՞րդ՝ թէ առաջնորդ։ Կարծուածին չափ ալ դիւրին չէ ասիկա, որովհետեւ երկու բեւեռներն ալ սովորական ընթերցողը եւ բարձրագոյն իտէալները արդար ակնկալութիւններ ունին մամուլէն։

Եւ մամուլը, դուք հասկցէք խմբագիրն ու աշխատակիցները, որպէս արդար դատաւորներ պիտի գիտնան ներդաշնակութիւն մը յառաջ բերել գոհացնելով երկուքն ալ։

Մեր խօսքը թէեւ մամուլին բոլոր տեսակներուն է, սակայն մասնաւորաբար ուղղուած է առօրեայ մամուլին, որ էապէս հետաքրքրութիւններու հանդիսարանն է։ Այդ մամուլը պիտի գիտնայ ժամանակաւորապէս

  հեռանալ գեղեցիկ աշխարհի իր երազներէն, իտէալներէն եւ դառնալ անմիջական բեմը իր ընթերցող հասարակութեան տագնապներուն եւ հետաքրքրութիւններուն։ Որովհետեւ առաջին հերթին բարձրագոյն իտէալներու եւ ճաշակներու սպասարկումը, կը դատապարտէ տուեալ մամուլը մոռացումի, չկարդացուելու, բան մը որ նպատակակէտը չէ մամուլին։

Եթէ մէկ կողմէն մամուլը կը հասնի լճացման, որովհետեւ սովորական ընթերցողին հետաքրքրութիւնները սահմանափակ են, միւս կողմէ, սակայն, կը մնայ բարձր ճաշակի եւ ախորժակներու խնկարկուն, ինչ որ շատ յաճախ կրնայ յառաջ բերել տուեալ թերթին գերեզմանումը։

Առօրեայ մամուլը, սակայն, պիտի գիտնայ չլճանալ, մնալով իր ընթերցողները գոհացուցած ըլլալու արբշռանքին մէջ, պիտի գիտնայ կեանքին մնացած արժէքները Գեղեցիկը, Բարին ու Ճշմարիտը ու հրամցնել զանոնք իր ընթերցողներուն։ Մամուլը պիտի դաստիարակէ ընթերցողին ճաշակը, որ իր սկզբնական շրջանին ունկնդիրն է զուռնային խլացուցիչ ձայնին. զայն հետզհետէ դարձնելով ատակ ըմբռնելու դասական երաժշտութիւնը։

Անոնք որոնք մամուլէն, մանաւանդ առօրեայ մամուլէն կը սպասեն անմիջական յարում մը բարձրագոյն ճաշակներու, կը մոռնան որ շատ բան կ՚ակնկալեն մամուլէն, որովհետեւ մամուլը չի կրնար աւելի բարձր ըլլալ քան կեանքը, որ առօրեայ մանրուք հաշիւներով եւ բարձրագոյն իտէալներով կազմուած գոյութիւն մըն է։ Կեանք մը, ուր տգեղն ու գեղեցիկը, սխալն ու ճիշդը իրենց տեղը ունին, սակայն իրա՛ւ մարդուն, գլխագիր մարդուն պատեհութիւն տրուած է բարձրանալու եւ բարձրացնելու ուրիշներն ալ։ Մամուլն ալ այդ կեանքին արտայայտիչը ըլլալով պիտի ցոլացնէ զանոնք եւ պիտի ջանայ գլխագիր մարդուն դերը կատարել, սակայն նախ ըմբռնելով կեանքի խաղը խաղալու ու զայն ձեւափոխելու կերպերը։

Այլ խօսքով, մամուլը սկիզբը պիտի ըլլայ հետեւորդի դերին մէջ, կարենալ արձանագրելու համար իր ընթերցողներուն տրամադրութիւններն ու հետաքրքրութիւնները. կամ ընթերցող հասարակութիւն ստեղծել, հետզհետէ առաջնորդողի դեր ստանձնելու եւ մէկ բեւեռէն միւսը մեկնելու։

 

Մամուլի պատասխանատուներուն դէմ ցցուող դժուարութիւններէն եւ խոչընդոտներէն ամէնէն դժուարը այս հարցն է եւ անոր լուծումէն կախում ունի մամուլին յաջողութեան եւ ձախողութեան բանալին։

Ցարդ անդրադարձանք մամուլին եւ ընթերցող հասարակութեան փոխ-յարաբերութեան. սակայն պէտք է անդրադառնալ նաեւ թէ ի՛նչ պէտք է ներկայացնէ իր հասարակութեան։ Ունի՞ գործունէութեան դաշտ մը որ էապէս իրը ըլլայ։ Ան հանդիսարանն է մարդկային ազնուագոյն սկզբունքներուն։ Եթէ կ՚ուզէք անոր նպատակակէտն է իր հաղորդած լուրերով եւ գրութիւններով պատրաստել մարդը, էապէս եսասէր եւ եսապաշտ մարդը դարձնել ընկերասէր, այլասէր, ընկերութեան սպասարկու անհատ. այդ ընկերութիւնը հասկնալով անմիջական իր շրջապատը, ազգը, ապա՝ ընդհանուր մարդկութիւնը։

Իր այս նպատակով՝ մամուլը կը կանգնի նոյն մակարդակին վրայ կամ կը միանայ եկեղեցիին եւ դպրոցին, որոնցմէ աւելի ուշ ծնունդ առած է, սակայն իր ազդեցութեան կարգով կրնայ չզիջիլ անոնց։

Ու այսօր եթէ մամուլը կ՚իշխէ միտքերուն ու հոգիներուն, գլխաւորաբար իր անցեալի այս կատարած դերն է պատճառը։

Ըլլալ կեանքի հայելին, զարկ տալ ընթերցասիրութեան, բարոյականի տէր անձը յառաջ բերել, ընկերութեան օգտակար քաղաքացին պատրաստել։

Այս բոլորը կ՚իյնան համաշխարհային մամուլի շրջանակին մէջ։

Հայ մամուլը, մանաւանդ արտասահմանի մեր կեանքին մէջ, ասոնց կողքին ունի սրբազան պարտականութիւն մը՝ հայապահպանման սրբազան գործը։ Առաձին չէ իր այս ճիգին ու դերին մէջ, բայց շատ հաւանաբար գլխաւորներու շարքին մէջ է։

Արտասահմանի մեր իրականութեան մէջ կարելի է անվարան ըսել, թէ հայ մամուլին գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը համեմատական է, կամ չափանիշ կը կազմէ անոր հրատարակութեան վայրին հայ գաղութին հայապահպանման եւ կենսունակութեան։

Այն գաղութները որոնք կորսնցուցած են իրենց հայ մամուլը, հետըզհետէ շիջումի նշաններ ցոյց կու տան։

Քաղաքական աշխարհակալութիւն չենք ունեցած մեր բազմադարեան կեանքին մէջ, բացի Մեծն Տիգրանի շրջանէն։ Ունեցած

  ենք, սակայն, «հայ մամուլի» աշխարհակալութիւն։ Ո՛ւր որ հիմնուած է հայ գաղութ մը, վերջին երկու դարերուն ընթացքին, եկեղեցիին ու դպրոցին կողքին, ուշ կամ կանուխ, սկսած է լոյս տեսնել հայ թերթ մը կամ թերթեր, իբրեւ նոր տեսակի փարոսներ, մեր պատմութեան ոգին ու պատգամը փոխանցող։

Այս պաշտօնական առիթով, պատշաճ է, որ մենք յոտնկայս ծափահարենք մեր մամուլի մեծ ու փոքր աշխատաւորներուն վաստակը։

Անմա՛ր մնայ մեր եկեղեցիին ու դպրոցին կողքին, հայ մամուլին ջահը։