Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅ ՔԱՆԱԿԸ

Հայ առաջին թերթէն մինչեւ մեր օրերը հրատարակուած թերթերուն թիւին տեղեկանալէ ետք, անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ քանի՛ հայ թերթ լոյս կը տեսնէ Հայաստանի եւ Արտասահմանի մէջ։ Դժուար է այս հարցին պատասխանել։ Միայն հայկական մեծ մատենադարաններուն պատասխանատուները կրնան ասոր պատասխանել։

Ի՞նչ է Արտասահմանի հայ թերթերուն թիւը։ Մեր պատրաստած ցուցակը 300-ի շուրջ ցոյց կու տայ, մէջը հաշուած հայրենակցական եւ այլ կարգի հրատարակութիւնները։

Շատ ճգնեցանք Հայաստանի ներկայ մամուլին ճշգրիտ քանակը գիտնալու համար, սակայն մեր ջանքերը ապարդիւն մնացին։ Այդ պատճառով պիտի գոհանանք 1953-ի քանակը տալով։ Յովհաննէս Պետրոսեան այս մասին կը գրէ. «Այժմ ռեսպուբլիկան ունի 48 թերթ, որոնցից 8-ը ռեսպուբլիկական, 2-ը քաղաքական, 29-ը շրջանային, 9-ը ֆապրիկա-գործարանային։ Այդ 48 թերթերից՝ 42-ը լոյս են տեսնում հայերէն, 3-ը՝ ռուսերէն եւ 3-ը՝ ադրպբեջաներէն» Ազդարար », օրաթ., Ա. տարի, թ. 305, էջ 2)։

Չենք սխալիր, եթէ ըսենք որ այսօր անոնց թիւը 100-ի շուրջ է։

Գալով Սփիւռքին՝ 1922-ին լոյս կը տեսնէին 22 թերթ ու հանդէս։

Հնգամեակ մը ետք՝ թիւը կը բարձրանայ 55-ի (Հայ ժողովրդի պատմութիւն, Ակադ. հրատ., հատ. Է., 1967, էջ 583)։

1933-ին՝ Վէմ ի մէջ . 1, էջ 144-147) լոյս տեսած ոչ-մանրամասնեալ ցանկ մը թիւը կու տայ 68։ Ցանկին մէջ նկատի չեն առնուած «ասուպի պէս երեւցող եւ անհետացող կամ զուտ տեղական մանրմունր թերթերը, ո՛չ էլ հայրենակցական միութիւնների պատահական հրատարակութիւնները»։ Հաշուի չեն առնուած նաեւ օտարալեզու հայ թերթերը։

Ցանկը կու տանք հոս՝ իր հետաքրքրութեան համար, որովհետեւ նշած է նաեւ սպառումի թիւ.

13 օրաթերթ՝ շուրջ 25, 000սպառումով

3 երկօրեայ՝ շուրջ 3, 000սպառումով

13 եռօրեայ՝ շուրջ 2, 000սպառումով

18 շաբաթաթերթ՝ շուրջ 16, 000սպառումով

5 երկշաբաթաթերթ՝ շուրջ 3, 000սպառումով

24 ամսագիր՝ շուրջ 20, 000սպառումով

2 երկամսեայ՝ շուրջ 1, 000սպառումով

Գումար՝ 68     70, 000 սպառումով

Եթէ վրան աւելցնենք զանց ըրածները, նաեւ չնշած տարեգիրքերը, պէտք է ունենանք շուրջ 90 անուն մամուլ 1933-ին։

1953-ին տպուած ցանկ մը կը նշէ 89 անուն մամուլ ( Համազգայինի տարեգիրք, Պէյրութ, 1953, էջ 245)։

Զանց առած է աշակերտական հրատարակութիւնները նաեւ տարեգիրքերը։ 1961-ին՝ մեր կողմէ պատրաստուած ցանկին համաձայն ունէինք 134 անուն մամուլ 16 օրաթերթ, 24 շաբաթաթերթ, 41 ամսագիր, 39 պարբերաթերթ, եւայլն։ Թուական գերակշռութեամբ՝ առաջին տեղը կը գրաւէր Հիւսիսային Ամերիկան 39 անուն մամուլով։ Երկրորդը՝ Լիբանանը՝ 31 անունով, երրորդը՝ Պոլիսը 15-ով. իսկ չորրորդը՝ Ֆրանսան։

Հիւսիսային Ամերիկան կը գրաւէր առաջին տեղը, որովհետեւ հոն լոյս կը տեսնէին հայրենակցական միութիւններու օրկանները։

Նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցի ունէր իր փոքրածաւալ թերթը ( Հայ մամուլի ցուցահանդէս (1794-1961), Պէյրութ, էջ 13)։

1972-ին մեր կողմէ պատրաստուած ցուցակը կու տայ 187 անուն մամուլ հետեւեալ պատկերով 14 օրաթերթ, 25 շաբաթաթերթ, 9 երկշաբաթաթերթ, 64 ամսաթերթ, 60 պարբերաթերթ, 13 տարեգիրք։ Առաջին տեղը կը գրաւէ Լիբանանը 55 միաւորով, երկրորդը՝ Հիւսիսային Ամերիկան՝ 54 միաւորով, երրորդը՝ Պոլիսն ու Հարաւային Ամերիկան՝ 14 միաւորով, իսկ չորրորդը՝ Ֆրանսան՝ 12 միաւորով։

Այսօր՝ Արտասահմանի ներկայ մամուլը ունի շուրջ 300 անուն թերթ, որոնցմէ շուրջ 100-ը լոյս կը տեսնէ Մ. Նահանգներու մէջ։

Այդ գումարին մէջ առիւծի բաժինը կը խլէ Լոս Անճելըսը։ Թուական այս աճը կը պարտինք զանազան համայնքներու եկեղեցական թերթիկներուն եւ վերջին 20-ամեակին՝ ամէնօրեայ դպրոցներու հիմնումին, նաեւ հայագիտական ուսմանց կեդրոններու հաստատումին։