Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԵՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ Շմաւոն քահանայ կը ձեռնարկէ ԱԶԴԱՐԱՐի հրատարակութեան, գիտակից է գործին ծանրութեան։ Հետեւաբար, դիմած է հնդկահայ մտաւորականութեան որոշ մէկ խաւին եւ երիտասարդ գրոց-բրոցներու, եւ ապահոված՝ անոնց հաւանութիւնն ու գործակցութիւնը։ Իր ծրագիրին երկրորդ կէտը ներկայացնելու ատեն «ուրիշ ազգերէ թարգմանութիւններ» , փակագիծի մէջ կը նշէ՝ «որ եւ ուրախակիցք իմ երիտասարդք տեղոյս խոստացան օգնել ինձ»։

Ըստ երեւոյթին, կան խմբագրական մարմին եւ ուղղութիւն։ Այդ խմբագրական մարմինին անդամներն են Շմաւոնեան քահանան եւ «ուրախակից երիտասարդները», որոնք կոչուած են նաեւ վերակացուներ։ Շմաւոնեան քահանան, ապրելով բրիտանական գաղութի մը մէջ, ընդունած է ժողովրդավարական սկզբունքներ։

Տպագրուելիք յօդուածները քննութեան կ՚ենթարկուին խմբագրա- կան մարմինին կողմէ եւ, հաւանութիւն ստանալէ ետք, կը յանձնուին գրաշարին։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատան տակ դրուած է տուփ մը (նամակատուփ մը), ուր կրնայ դրուիլ ԱԶԴԱՐԱՐի հասցէագրուած որեւէ գրութիւն։

Աշխատակիցները կարելի է բաժնել երկու տեսակի. 1. Իրենց անուն մականուններով ներկայացող անձեր. 2. Ծածկանուններու ետին թաքնուած անձեր։

1) Անուն-մականունով ներկայացողները արդէն գրական անցեալ ունեցող, գիրքի հեղինակ կամ յայտնի վաճառականներ են։ Ատոնք են, նախ խմբագրապետը՝ ինք՝ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանը. ապա՝ Յովսէփ արք. Արղութեան, Ստեփանոս Յովհաննէս Գուլամիրեան, Պետրոս Յարութիւնեան, Խաչիկ Ծատուր Զարիֆեան (տպարանին նախկին հրատարակութիւններուն ողնայարը), Յակոբ Սիմոնեան Այուբեանց (նոյնպէս նախկին գործակից), Սիմէօն Մկրտում, Փիլիպպոս Յակոբ Պտրումեան, տէր Թորոս Անդրէասեան եւ Խօջամալ Սաֆարեան։

2) Ծածկանուններով ներկայացող աշխատակիցներ եւ թղթակիցներ Ուրախակից Բարեկամ, «Բանասէր յումեմնէ» (բանասէրէ մը), Թարգմանիչ, Ակնկալու, Տ. Թ. Ա., Չ. Ջ. Ճ., Հայ Որդի Հայ, Անուն Դիւական, Սատանի Չարխ, Ազգակից եւայլն։

Այս ծածկանուններուն տակ որո՞նք թաքնուած են։ Բոլորն ալ տարբե՞ր անձեր են, թէ՞ ոչ երբեմն նոյն անձը տարբեր ծածկանուններու տակ կը ներկայանայ։ Պէտք է անոնց գրուածքները լեզուական, ոճական եւ շարադրական հիմերու վրայ մանրամասն քննութեան ենթարկել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ։

Ուրախակից Բարեկամ ը հայ լեզուին տեղեակ, գրելու շնորհով օժտուած մէկն է։ Գրեթէ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունի երկարապատում եւ ծանրաքայլ քերթուած մը։ Այդ քերթուածները այսօրուան իմաստով, խմբագրականի դեր կը կատարէին։ Ո՞վ կրնայ ըլլալ այս անձը։ Մարգարիտ Մխիթարեան զայն կը նոյնացնէ տէր Թադէոս Անդրէասեան Սոգինեանցի հետ։ «Մեր ենթադրութեամբ, Ուրախակից Բարեկամ կեղծանունը կրել է Շմաւօնեանի պաշտընակից ու տպարանի աշխատանքներին շատ մօտ կանգնած Թադէոս Սոգինեանց քահանան... Ժամանակի գործիչների մէջ մենք չենք նշմարում մի այլ մտաւորականի, որը լայն աշխարհահայեացքի հետ մէկտեղ   բանաստեղծի գրչին տիրապետէր այնքան վարպետօրէն, որքան Սոգինեանցը»։ [1]

Շմաւոնեան քահանայ 1791-ին լոյս ընծայած է անոր Ողբ հայաստանեաց քերթողական գրքոյկը։ Իր հրատարակութիւններուն յիշատակարաններուն մէջ կը նշէ անոր անունը։ Հին գործակիցներ էին։

Ուրախակից Բարեկամը առաջին թիւին մէջ ուղղութիւն կու տայ թերթին խմբագրական մարմինին հետեւիլ օտար թերթերու բովանդակութեան՝ գործելակերպին եւ ընդօրինակել զայն։ Նախանձայոյզ եւ աշխատասէր ըլլալ։ Հրատարակել միայն հաւաստի եւ խրատական (դաստիարակչական) լուրերը։ Հետեւիլ գիտնականներու խորհուրդներուն եւ լոյս ընծայել գեղարուեստական գրականութիւն։

Շմաւոնեան քահանայ արդէն ունէր Ուրախակից Բարեկամին մօտիկ ծրագիր մը։ Կը ջանայ թելադրանքները կիրարկել։

Շմաւոնեան պարզ քահանայ մը չէ։ Քաղաքական հեռանկարներ ունեցող քաղաքական գործիչ մըն է։ Եթէ Շահամիրեան գլխաւորաբար Հերակլ Բ. ի վրայ դրած էր իր յոյսը՝ հայ ժողովուրդին ազատագրումը ապահովելու, Շմաւոնեան քահանայ կը ջանայ հոն հասնիլ լուսաւորութեան ճամբով ինքնաճանաչման եւ ազգային փրկութեան։

Նոյն ուղիէն կ՚ընթանան Ուրախակից Բարեկամը, Հայու Որդի Հայը եւ Ազգակիցը։ Հայ վաճառականութեան ապագան մութ է Հնդկաստանի մէջ։ Դժուար թէ կարենայ մրցակցիլ անգլիացիներու հետ։ Ուրեմն՝ պէտք է մտածել աչքը ուղղել դէպի Հայրենիք, որ ունի բերրի հող։ Գանձերով միասին տեղափոխուիլ Հայրենիք, տնտեսապէս հզօրանալ հոն եւ փրկել զայն օտար նուաճողներէն։

Բովանդակութեան իմաստով, թերթը հիմնականօրէն նկատի ունի հնդկահայ գաղութը։ Տեղական թերթ մըն է եւ պարտաւոր է ամէնէն առաջ գոհացնել իր տեղական կարիքները, ընթերցողներուն ճաշակը։ Որովհետեւ այդ գաղութին բարեկեցիկ տարրը հայ վաճառականներն են, հիմնականօրէն նկատի ունի զանոնք։ Աշխատակիցներ ունի անոնցմէ։ Կը տպէ անոնց յայտարարութիւնները, ճամբորդական նոթերը, անոնց պսակն ու մահը, նորածիններու ծնունդը։ Եւ որովհետեւ այդ գաղութը առաւելաբար կազմուած է պարսկահայերէ, լայն տեղ յատկացուցած է Պարսկաստանի եւ պարսկահայ լուրերու։ Թղթակցութիւններ ստացած է Մատրասէն, Կալկաթայէն, Պասրայէն, Չինաստանէն եւ Ֆիլիփեան կղզիներէն։

Լուրեր կան նաեւ Երեւանէն եւ Շուշիէն, նաեւ Անգլիայէն եւ Ֆրանսայէն։ Ֆրանսական Յեղափոխութեան տարիներն են։ Ռոպեսփիեռի մահուան առիթով կը գրէ. «Նորոգ իմն փոխարկութիւն երեւելի չէ լեալ միայն թէ գրեն, Ռօբէլապիէռ անուամբ այրն, զոր կառավարէր ապստամբացն ֆրանսիսոսաց, ՚ի վերջումն սպանեալ են»։ [2]

Լուրը վերցուցած է Հնդկաստանի անգլիական թերթերէն։ Ռոպեսփիեռի անուան մէջ սխալներ կան։ Կա՛մ անոնք սխալած են, կա՛մ Շմաւոնեան քահանան։

ԱԶԴԱՐԱՐի զանազան թիւերուն մէջ լոյս ընծայուած է Խաչատուր Ջուղայեցիի Պատմութիւն պարսից գործը, որ սկզբնաղբիւր է Հայաստանի եւ Պարսկաստանի պատմութեան համար։ 11 թիւի մէջ, յաջորդաբար, տպուած է Յակոբ Այուբեանցի Հէյդարայի խանի պատմութիւնը, որ արկածային վէպի առաջին նմոյշն է մեր գրականութեան մէջ։

ԱԶԴԱՐԱՐի թիւերը ունին նիւթերու որոշ շարք։ Սկիզբը կը տրուին ծանր նիւթերը կամ պաշտօնական յայտարարութիւնները, օրինակ՝ Յովսէփ արք. Արղութեանի շրջաբերական-նամակները։

Ծանր նիւթերը երբեմն կը գրաւեն ամսաթերթին ծաւալին գրեթէ կէսը։ Անոնց կը յաջորդեն ստացուած թղթակցութիւնները, որոնք կը շօշափեն զանազան հարցեր։ Կը յաջորդէ լուրերու բաժինը տեղական, պարսկական եւ եւրոպական։ Առակ մը՝ հոգեկան քիչ մը հանդարտութիւն առթելու համար։ Ծանուցումներ, վաճառելի իրերու սակ, ծնունդ, մահ եւ այլն։ Վերջին էջը յատկացուած է օրացոյցի, երկու ամսուան վրայ, տուեալ ամիսը եւ յաջորդը։

Ընդհանուր առմամբ այս է շարքը։ Երբեմն խախտումներ կան։

ԱԶԴԱՐԱՐ լոյս տեսաւ մինչեւ 1796 Մարտ (18 թիւ)։ Անկէ ետք լոյս չտեսաւ։ Վերջին թիւին մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն դադարման մասին։ Այուբեանցի մեր նշած յօդուածաշարքին թիւ 11-ին տակ կը գրէ, թէ պատմութեան աւարտը «ի յետեւեալ ազդարարոջն ընծայել»։ [3]

Ի՞նչ են պատճառները թերթին դադարման, մեզի անծանօթ են։ Թերթը սիրուած էր գաղութէն, մա՛նաւանդ անոր երիտասարդ գրասէր տարրէն։ Բայց թերթ մը ամէն բանէ առաջ նիւթական հաստատ կռուաններու պէտք ունի, իր գոյութիւնը կարենալ ապահովելու համար։ Հաւանաբար այդ է որ պակսեցաւ։ Բայց թերթը նոր շաւիղ մը բացած էր մեր մշակոյթին անդաստանին մէջ, ուրկէ պիտի ընթանային նոր հաւատաւորներ եւ մեզ հասցնէին այսօրուան մեր մամուլին բարձրութեան։



[1]            ԱԶԴԱՐԱՐ, վերատպ., էջ XIII։

[2]            Նոյն, 1975, էջ 40։

[3]            Նոյն, 1796, էջ 73։