ՇՄԱՒՈՆԵԱՆԻ
ՎԵՐՋԻՆ
ՏԱՐԻՆԵՐԸ
ԵՒ
ՎԱԽՃԱՆԸ
Ինչպէս
տեսանք,
մինչեւ
1809
Շմաւոնեանի
տպարանը
կը
գործէ։
Անկէ
ետք
իր
կեանքին
մասին
կցկտուր
տեղեկութիւններ
կան։
Աղբիւրները
կը
նշեն,
որ
ապրած
է
դառն
կեանք
եւ
ունեցած՝
ընտանեկան
դժբախտութիւններ։
Լէօ
կը
գրէ.
«...
շատ
դժբախտութիւններ
տեսաւ
իր
ընտանեկան
կեանքի
մէջ։
Այդ
դժբախտութիւնների
պատճառը
գլխաւորապէս
այն
էր,
որ
նրա
աղջիկն
ու
փեսան
Հնդկաստանի
փչացած
ու
անբարոյական
վարքի
տէր
հայերից
էին։
Այդ
ընտանիքի
պատճառով
էլ
մեր
առաջին
խմբագիրը
վատնում
է
եկեղեցական
եւ
ազգային
գումարներ,
դատաստանի
տակ
է
ընկնում
եւ
մեռնում
է
մի
շատ
ցաւալի
մահով,
1824
թուականին»։
[1]
Գրեթէ
նոյն
բաները
կ՚ըսէ
Թէոդիկ։
[2]
Թաղուած
է
իր
հովուած
եկեղեցիին՝
Մատրասի
Ս.
Աստուածածինի
բակին
մէջ,
իր
շինած
բաղնիքին
մօտ,
իրեն
նուիրուած
պարտէզին
մէջ։
Եկեղեցւոյ
օրուան
իշխանութիւնը
գիտակցութիւնը
ունեցած
է
անցաւորն
ու
մնայունը
զանազանել,
զատորոշել,
անգիտանալով
քահանայ
հօր
ակամայ
սայթաքումները,
գնահատած
է
անոր
առաքելատիպ
առաքելութիւնը
եւ
մշակութային
մեծ
վաստակը,
արտօնած
է
որ
թաղուի
իր
հովուած
եկեղեցիին
բակին
մէջ,
եւ
կառուցած՝
տապանաքար
մը,
որուն
վրայ
քանդակուած
է՝
«ի
սուրբ
կրօնի
արթուն
վարուք
ուշիմ
եւ
զգօն,
յամենուստ
յարգեալ,
խոհամիտ
եւ
նուրբ
հանճարիւք»։
[3]
Աւելին.
եկեղեցւոյ
պարտէզը
կոչած
է
անոր
անունով։
Օրուան
իշխանութիւնները
արժանի
են
մեր
ժողովուրդին
ամբողջական
յարգանքին։
1965-ին
նորոգուած
է
տապանաքարը։
Ասոր
մասին
գտանք
հետեւեալ
տեղեկութիւնը.
«Շմաւոնեան
քահանային
գերեզմանին
տապանաքարը
քայքայման
վիճակի
մէջ
ըլլալով,
Հայկական
Ընկերակցութիւնը
1965-ին
զայն
փոխարինեց
նոր
եւ
գեղեցիկ
սեւ
սալաքարով
մը,
սկզբնական
տապանագիրը
վրան
արձանագրուած»։
[4]
[2]
Տիպ
ու
տառ
(Կ.
Պոլիս,
1912),
էջ
173։
[3]
Գարեգին
քհնյ.
Յ.
Սարգիսեան,
«Մադրասի
հայկական
հին
գաղութը»,
Տաթեւ
տարեցոյց,
խմբ.
Արտաւազդ
վրդ.
[Սիւրմէեան],
Դ.
տարի
(Հալէպ,
1928),
էջ
107։
[4]
The
Wandering
Armenians,
by
Father
Aramais
Mirzaian
and
Dr.
Charles
Price
(Sydney,
1980),
p.
73.