Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐ

Պետրոսեանի մատենագիտական աշխատասիրութիւնը առաջինը չէ։ Իրմէ առաջ զբաղած են հայ մամուլի ցուցակագրութեամբ։

Առաջին լուրջ փորձը տեղի ունեցաւ հայ մամուլի հարիւրամեակին առիթով (1894)։ Հայր Գրիգորիս վրդ. Գալէմքեարեան, նախ Հանդէս ամսօրեայի մէջ, ապա առանձին գրքոյկով լոյս ընծայեց իր գործը՝ Պատմութիւն հայ լրագրութեան վերնագիրով, Վիեննա, 1893։ Առաջին հատորը կ՚ընդգրկէր 1794-1860 լոյս տեսած թերթերու ցանկը (232 էջ)։ Երկրորդ հատորը, որ պիտի ընդգրկէր 1860-1894 շրջանի թերթերը, մեզի անծանօթ պատճառով լոյս չտեսաւ։

Ժամանակագրական կարգով երկրորդը՝ Գարեգին Լեւոնեանի գործն է՝ Հայոց պարբերական մամուլը (Ալէքսանդրապոլ, 1895), որ արժանացած է Իզմիրեանց մրցանակին։

Գարեգին Լեւոնեան մասնաւոր սէր ունեցած է դէպի հայ գիրքն ու մամուլը։ Անկախ այս առաջին գործէն, երկու այլ առիթներով աշխատած է հայ մամուլի ցուցակագրութեամբ։ 1905-ին, Ե. Թոփչեանի լոյս ընծայած Լոյս օրացոյց հանդէսին մէջ (էջ 595-610), լոյս ընծայած է ցուցակ մը՝ «Լիակատար ցանկ հայ լրագրութեան 17941904»։ 1934-ին, Հայաստանի Պետական Գրապալատի խնդրանքով, վերատպեց 1895-ին լոյս ընծայած գործը, զայն հասցնելով մինչեւ 1934։ Նոր հրատարակութեան մէջ գիրքին բովանդակութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է։ Լեւոնեան կը բաւականանայ պարբերականներու չոր նկարագրութեամբ։ Բայց ատոր փոխարէն գիրքին վերջաւորութեան կը բերէ նորութիւններ, որոնք մատենագիտական նման աշխատասիրութիւններու համար անհրաժեշտ լրացուցիչներ են։ 1) Հայ մամուլի աճը տարուէ տարի։ 2) Ցուցակ հայ թերթերու ըստ հրատարակութեան վայրերու։ 3) Ցանկ այն տպարաններուն, ուր հայ թերթերը լոյս տեսած են։ Անցողակի կարելի է յիշել, թէ ասոնք կը պակսին Պետրոսեանի գործերուն մէջ։

Հայր Մկրտիչ վրդ. Պոտուրեանն ալ հայ մամուլի ցուցակագրութեամբ զբաղած է։ Ուզելով շարունակել հայր Գալէմքեարեանի գործը, 1909-ին կը տպէր Հայ մամուլը տասնեւհինգ տարուան մէջ (1894-1909)։ Հայր Պոտուրեան՝ հայ մամուլի պատմութեան լաւատեղեակ անձ մըն էր, բայց ափսոս որ չկրցաւ աւարտել իր Հանրագիտակ աշխատասիրութիւնը, որուն մէջ հայ մշակոյթին հետ կապ ունեցող երեւոյթներուն կարգին, կ՚անդրադառնար նաեւ հայ մամուլին։ Հրատարակուած չորս պրակներն ալ (1938-1939) օգտակար գործ են։

Հայր Ռաֆայէլ վրդ. Կարապետեանի գործը՝ Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու, որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա (1794-1921), տպուած Վիեննա, 1924-ին, կը բաւականանայ չոր արձանագրութեամբ, բայց այդ ալ կարեւոր է հայ մամուլի ցուցակագրութեան համար։

Վերջին տասնամեակին, Հայաստանի մէջ լոյս տեսան հայ մամուլի զանազան երեսները շօշափող գործեր, որոնք մեր նիւթին սահմանէն դուրս ելլելով, զանց կ՚ընենք։