Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱԿ ԵՒ ՀԱՅ ԿՂԵՐԸ

Ամէն քաղաքական յեղափոխութիւն անպայման յարձակում պիտի գործէ եկեղեցիին եւ եկեղեցականութեան վրայ։ Եկեղեցին ինք մենատիրական ախորժակներ սնուցած եւ նոյնիսկ քաղաքական իշխանութեան վրայ տարածած է իր իշխանութիւնը որոշ շրջան մը։

Քաղաքային իշխանութեան հզօրացումով՝ եկեղեցին պարտաւորուած է զիջիլ իր իրաւունքներէն եւ դառնալ գործակից ու լծակից նոյն այդ իշխանութեան։ Հետեւաբար՝ քաղաքային իշխանութեան պայքար մը, բնականաբար թիրախ պիտի ընտրէ եկեղեցին ու այդ եկեղեցիին նուիրապետութիւնը, իմա՛ եկեղեցականութիւնը, կղերը։

Գեղամ Բարսեղեան եւ Շ. Միսաքեան նոյն թիւին մէջ իրենց համազարկը կ՚ուղղեն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ։ Գ. Բարսեղեան իր յօդուածը կը վերնագրէ «Սեւ փորձանքը»։ Դատաւորի պատմուճան հագնելով եւ իր ձայնին որոշ ծանրութիւն տալով՝ վճիռ կ՚արձակէ. «Հնչած է մահավճիռներու ժամը»։

«Մահավճի՜ռ բոլոր պայմանադրական եւ անբարոյական հիմնարկութիւններուն, ախտավարակ ու ամօթապարտ նուիրապետութիւններուն», եւլն։ Այս գնացքով թափ կու տայ իր գրիչին։ Առանձնապէս պիտի անդրադառնայ հայ եկեղեցականութեան։

«Մահավճիռ այն սեւ Փորձանքին՝ Կղերական Փորձանքին՝ որ, դարերու ընդմէջէն, իր տխրատեսիլ ճնշող ուրուականը տարածեց մարդկային ցեղին վրայ՝ ինչպէս տիեզերական սեւաթոյր չղջիկ, մահացնելով անոր բոլոր ձգտումները դէպի կեանքն ու իսկական լուսաւոր գեղեցկութիւնը, դէպի անհատական ու ընկերային անկախութիւնը,   որ չդադրեցաւ իր աղէտալի տիրապետութիւնը պահելէ ստրկութեան ճակատագրին զոհաբերուած հայ ցեղին վրայ ալ՝ նոյն իսկ անոր պատմական րոպէներուն եւ ծայրայեղ ճգնաժամերուն»։ [1]

Պատմական արագ ակնարկ մը նետելէ ետք՝ կու գայ 1860ի Սահմանադրութեան. կ՚անդրադառնայ վանքերու մէջ գտնուող «ծոյլ, տգէտ, անօգուտ ու փճացած կղերին». կ՚անցնի ներկայացնելու Էջմիածնի, Արմաշի եւ Երուսաղէմի վանքերուն վիճակը։

Շ. Միսաքեան ալ դէմ է կղերին։ Կործանարար կը գտնէ կղերին ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Կը հաստատէ. «Իր Սեւ Թաթը խրած մեր հասարակական կեանքի կողքին, զայն կաղապարած է այնպէս ինչպէս որ զօրած է իր անփառունակ իմացականութիւնը, իր տիրապետող տարրի շահերն ու փառասիրութիւնները»։ [2]

Չի կրնար հանդուրժել որ անոնք շարունակեն ըլլալ հայուն քաղաքական կեանքին ղեկավարները։ Մեր հասարակական կեանքին մէջ կրնան ընկեր-քաղաքացիներ ըլլալ, որոնք ո՛չ մէկ առաւելութիւն ունին աշխարհական քաղաքացիէն։

Հակազդեցութի՞ւնը այս զոյգ յօդուածներուն։ Ձգենք որ պատմէ խմբագիր Միսաքեանը. «Ո՛չ միայն “ճահիճը շարժուեց” ինչպէս կ՚ըսէին այն ատեն, այլ եւ մեր աւագ ընկերները, համակրողներն ու հովանաւորները դառնօրէն գանգատեցան որ պառակտում կը սերմանենք։ Մասնաւորապէս վրդովուած էր մեր սիրելի Զաւարեանը եւ կը պահանջէր իր անունը վերցնել համակրողներու ցանկէն։ Մօտաւորապէս կը յիշեմ իր դիտողութիւնը. «– Եթէ կարծում էք որ նոր բան էք ասում, յեղափոխական խօսք, շատ էք սխալւում. էդ պայքարը առ նուազն քառասուն տարուայ պատմութիւն ունի մեր մէջ...

«Կրնաք երեւակայել թէ ի՛նչ կը գրէին կամ կ՚ընէին հակառակորդները։

«Մթնոլորտը երթալով պղտորեցաւ։ Թերթը պատռողներ եղած էին շոգենաւին մէջ, վառողներ ժամուն բակը։ Բողոքի նամակներ հասան գաւառէն ալ»։ [3]

Վրդովումը կ՚ուղղուէր թերթին խմբագրութեան, սակայն, անուղղակիօրէն նաեւ զայն հովանաւորողներուն եւ անոնց խողովակով՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Եւ խմբագրութիւնը փարատելու համար այս շփոթն ու անարդար վերագրումը՝ կը ստիպուէր հրատարակել լուսաբանութիւն մը՝ թերթին մէկ աննշան անկիւնը՝ էջի մը գրեթէ վարի տողերուն մէջ. «Փարատելու համար թիւրիմացութիւններ, միանգամ ընդմիշտ կը յայտարարենք թէ Ազդակ կը հրատարակուի Դաշնակցական Ընկերներու անհատական նախաձեռնութեամբ, բայց կազմակերպականպաշտօնական հանգամանք չունի»։ [4]

Գրեթէ ամէն թիւի մէջ քննադատութիւն մը, յարձակողական մը կայ կրօնքին եւ կղերին թերիներուն մասին։ Գրեթէ մոռացութեան տրուած են անոնց դրական կողմերը մշակութային առաքելութիւն, ազգապահպանում (մոռցուած է որ երբեմն՝ անգրագէտ գիւղական տէրտէր մը՝ չարիքով եւ անապահովութեամբ լեցուն շրջապատին մէջ՝ եղած է խաղաղութեան նաւահանգիստ մը, վիրաւոր հոգիներու համար՝ սփոփարար սպեղանի մը), ուսման փարոս, եւլն. ։

Շ. Միսաքեան անցողակի կը նշէ. «Բայց ո՞վ ժխտեց այդ “ծառայութիւնները”. ո՞վ ուզեց մոռնալ իրենց կատարած գործերը, իրենց առաքելութիւնները, իրենց մատենագրութիւնը»։ [5]

Ընդհանուր յարձակողականին մէջ՝ այս քանի մը տողերը աննշմար կ՚անցնին։ Նոյնիսկ ընդունելով այդ ծառայութիւնները, զանոնք անհամապատասխան կը գտնէ կղերին ընծայուած լայն ժամանակին, լայն տրամադրութիւններուն, «վաղորդայնի հնհնուքէն զերծ անդորրութեան»։ [6]

Կրօնի էութեան եւ հայ կղերին գործունէութեան համապարփակ ուսումնասիրութիւն մը չէր եղածը։ Ո՛չ ալ թերիներու մատնանշումով՝ ինքնասրբագրութեան առիթ ընծայել մը։ Այլ՝ հայ կեանքին ղեկավարութիւնը ձեռք ձգելու, զայն աշխարհականացնելու պայքար մը։ Կղերը իր պատմական դերը կատարած է եւ այսօր իր աթոռը պէտք է զիջի այլոց։ Բառերը չեն ծամծմուիր. յստակօրէն կը յայտնուին. «Կղերը այլ եւս կատարած է իր դերը որ պատմութեան կը վերաբերի։ Այլ եւս ժամանակավրէպ մըն է իր գոյութիւնը՝ իբրեւ տիրապետող դասակարգ, եւ իբր այդ՝ հարկ է պայքարիլ իրեն դէմ, ինչպէս կը պայքարինք բոլոր ընկերային անհարթութիւններուն դէմ»։ [7]

Այս յախուռն պայքարին մէջ՝ դիմացի ճակատին դրական իրագործումներուն նշումը կրնար թեթեւցնել, նոյնի՛սկ չէզոքացնել հարուածին ուժգնութիւնը, կամ՝ գոյատեւման, նոյն դիրքերու շարունակման արտօնագիր դառնալ։

Թէ՛ խմբագրական «Մեր խօսքը»երով, թէ՛ առանձին գրութիւններով, երբեմն՝ միջազգային յայտնի մտածողներէ թարգմանուած, համազարկ մը զգալի է։ Վերին ղեկավարութեան թելադրանքները, ըստ երեւոյթին, իրենց բարերար դերը չեն կրցած կատարել։ Գրութեանց մէջ «շոյող» որակական ածականներ անպակաս են։

Յարութիւն Շահրիկեան, Ազգային Սահմանադրութեան 49րդ տարեդարձին առթիւ գրած «Թրքահայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը» յօդուածին մուտքին՝ յեղափոխականի շիկացած բառերով կը յայտնէ. «Այդ տօնը՝ տօնն է յաղթութեան Նորի ընդդէմ Հնի մի բուռը պայքարողների կռուին, տօնն է ժողովրդապետական իրաւանց վերստացման՝ աշխատաւոր էսնաֆ դասակարգի ըմբռնումին մէջ ամփոփուած, տօնն է տապալումին տիրապետող, ինքնակոչ իշխանաւոր, մեղկացած, այլանդակուած, տգէտ ու պորտաբոյծ, հարստահարիչ ու միջնորդ հարստահարութեան Ամիրայական ու ԿրօնաՀիէրարխիական [նուիրապետական - Ա. Տ. Խ. ] դասակարգի ու նրանց գործակիցներին»։ [8]

Թարգմանուած է ռուս յայտնի յեղափոխական գործիչ, ԺԹ. դարու անիշխանականութեան առաջնորդող ոգին նկատուող Միշէլ Պաքունինի (1814-1876) «Կրօնը» գրութիւնը, ուր հեղինակը կը յայտնէ. «Այսօրուան տիրող կրօնները, իրենց բոլոր ձեւերով, հաւաքաբար ամէնէն ահարկու խոչընդոտը կը կազմեն մարդկային ընկերութեան ազատագրութեան»։ [9]

Հայ կղերին դէմ ուղղուած որեւէ նիզակ չի կրնար մոռնալ Երուսաղէմի միաբանութիւնը։ Այս վերջինը ինք արդէն միշտ ալ ազգը զբաղցուցած է իրմով՝ վերջին երեք դարերուն, սկսած Գրիգոր Շղթայակիրի անձնուէր գործունէութենէն մինչեւ մեր օրերը։

Խմբագրականը (Մեր տասնօրեակը) դառն եւ լեղի հաստատումներ կ՚ընէ։ Կը խուսափինք զանոնք մէջբերելէ։ Կ՚ընտրենք աւելի գաղջ հաստատում մը. «... Այդ դարաւոր անհրապոյր մենարանը վերածած են պարսկական բուրաստանի մը, բոլոր յարակից մասնայատկութիւններով։ Այնտեղ չի պակսիր ո՛չ մէկ բան, զուարճութեան ու զզուանքի ո՛չ մէկ առարկայ։ Դրամը առատ է. գինին՝ անապակ, միջավայրը՝ չափազանց նպատակայարմար»։ [10]

Խմբագրութիւնը մտահոգ է ազգային միասնականութեամբ։

«Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին սպասարկու։ Սակայն, ի՞նչ է հայ կեանքին պատկերը։ Հայութիւնը ազգային հաւաքականութեան փոխարէն «հոգեւոր» հասարակութիւն է, եւ ներքնապէս պառակտուած։ Մայր արմատէն անջատուած են խոշոր երկու հատուածներ, որոնք «... կը մշտնջենաւորեն խորթ եղբօր այն տեսակ մը վերապահութիւնն ու կասկածանքը, որ թունաւորեց մեր երակները, ջլատեց մեր կորովը» [11] ։

Ակնարկութիւնը կը վերաբերի մեր համայնքներուն։ Խօսելով հայ բողոքականներուն մասին, «Հին ցաւ» խմբագրականին մէջ կ՚ըսուի. «Կը բաւէ որ Տիրոջը խօսքերէն չզրկուին, կը բաւէ որ անոր գծած ճամբէն քալեն միշտ, ու արդէն երջանիկ են, իրենց մտատիպարին հասած։ Իւրաքանչիւր հայ բողոքական աշխարհը կը դիտէ միսիոնարին ակնոցով, ու անոր համեմատ կը ձեւէ իր կեանքի դաւանու- թիւնը։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել իւրաքանչիւր բողոքական ինքնին միսիոնար մըն է, առաքելական կոչում մը կը զգայ, եւ այդ հուրովը կը վառի»։ [12]

Գալով հայ կաթողիկէ համայնքին («հռոմէական հայութիւնը», ինչպէս զայն կ՚անուանէ խմբագրութիւնը), կը հաստատէ «... աւելի ամուլ է իր հակումներով. ան կը ներկայանայ իբրեւ տեսակ մը հիւր կամ օտարական, ատեն ատեն բարեացակամ ակնարկ մը կամ ժպտուն հետաքրքրութիւն մը ցուցնելով ընդհանրական հոգերու մասին։ Ան կ՚ուզէ սահմանափակուիլ իր առանձին փարախին մէջ, մոռացութեան տալով ամէն ինչ որ անկէ դուրս կը գտնուի»։ [13]

Իսկ մա՞յր արմատը, «լուսաւորչական» (ճիշդը՝ առաքելական) հայութիւնը, այս բաժանումներէն ջլատուած, «դեռ լիովին չգիտցած իր կոչումին», իր «թշուառ ու ալեւոր միայնութիւնը քարշ կու տայ»։ [14]

Եզրակացութի՞ւն։ «Ե՞րբ, վերջապէս պիտի կարենանք թօթափել հին նախապաշարումներու լուծը [կ՚ակնարկէ կրօնական հասարակութիւն հասկացողութեան Ա. Տ. Խ. ], համախմբուելու համար ընդհանուր դատին շուրջը, մէկդի դրած աւետարանը՝ որ ոչինչ ունի մեր կեանքին հետ»։ [15]

Վաթսուն հինգ տարի ետք, հայութեան տագնապը ապրող ուրիշ մտաւորական մը, տարօրինակօրէն նոյն մտածումները պիտի յայտնէ։ Մեծ միտքերը կու գան նոյն եզրակացութեան, առանց որ տեղեակ ըլլան իրենց նախընթացներու մտածումներուն։

1974-ի Սեպտեմբերին այցելեցինք Յովհաննէս Շիրազին՝ Երեւանի իր բնակարանին մէջ։ Հետաքրքրուելէ ետք Լիբանանի հայութեամբ, սկսաւ խօսիլ հայութեան գոյատեւման ազդակներուն մասին։ Կը մէջբերենք մեր օրագրութենէն. «Եկեղեցի, դպրոց, գրականութիւն. դպրոց, եկեղեցի, գրականութիւն. գրականութիւն, եկեղեցի, դպրոց։

«Մեսրոպ Մաշտոցը հայ եկեղեցւոյ Քրիստոսն է։ Քրիստոս մեզի օգտակար կրնայ չըլլալ, սակայն, Ս. Մեսրոպ եղած է՝ հայ գիրի ստեղծումով։ Եկեղեցին բաժակն է, իսկ հայ լեզուն՝ այդ բաժակին մէջ լեցուած գինին»։

Այլ էջերու [16] մէջ ալ քննադատութիւններ ունի, սակայն, այսքանը բաւարար կը նկատենք խմբագրութեան կեցուածքը ցոյց տալու համար։

* * *

Իրողութիւններու եւ իրականութեանց տուեալներէն ծնած, մակաբերուած դատումներն ու քննադատութիւնները անհրաժեշտ են ո՛չ միայն մեզի, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան համար։ Հաստատութիւններ եւ անհատներ ունին եսակեդրոն հակումներ, նաեւ՝ իրագործուածով գոհանալու մտայնութիւն, ինչ որ զիրենք կը մղէ անգործութեան, չըսելու համար ծուլութեան՝ եթէ հակակշիռ եւ քննադատութիւն գոյութիւն չունենան։ Այս վերջինները անհրաժեշտ խթաններն են զանոնք մշտարթուն եւ մշտաստեղծ վիճակի մէջ պահելու համար։

Ազգին մէջ չկան անհպելի հաստատութիւններ եւ անհատներ։

Բոլորն ալ պատասխանատու են անոր գերագոյն դատաստանին դիմաց, դատաստան մը, սակայն, որ յեցած ըլլայ ամուր փաստերու եւ արդարութեան վրայ։

Խմբագրութեան նշած առանձին երեւոյթները մեծ մասամբ ճիշդ են։ Սակայն, ընդհանրացումներուն մէջ չափազանցութիւններ կան։

Նկատի չէ առած թէ Հայաստանեայց եկեղեցին չի նմանիր այլ եկեղեցիներու։ Ան միախառնուած է, ձուլուած իր ժողովուրդին մէջ եւ դարձած՝ ազգային եկեղեցի։ Խաւարի գործիք մը եւ ճնշումի արգելակ մը ըլլալէ աւելի՝ եղած է լոյսի, ազգապահպանման եւ, հարկաւոր պարագային, ազատագրական ազդակ։ Մութ երեսներ ունեցած է, ճիշդ է, սակայն, անոր դրական գործունէութիւնը աւելի գերակշիռ եղած է։

Յեղափոխական կազմակերպութիւններու հիմնական նպատակներէն մէկն է ժողովուրդին զարթօնքը. եւ այդ զարթօնքը կապ ունի անհատական մտածումի եւ տրամաբանութեան հետ։ Կ՚ուզեն որ գիտակից ըլլայ իր անցեալի կեանքին, այդ անկումին պատճառներուն եւ ջանայ վերացնել զանոնք։ Բարբարոս կ՚ուզէ արթնցնել ժողովուրդը իր դարաւոր թմբիրէն, լճացումէն։ «Իր ձեռքով իր ճակատագիրը վարելու անհրաժեշտութիւնը» կը քարոզէ։

Եթէ Բարսեղեան եւ Միսաքեան կղերը պատասխանատու կը նկատէին հայ ժողովուրդին անկեալ վիճակին, Բարբարոս պատասխանատուութեան բաժին կը հանէ աշխարհական ղեկավարներուն։

«Բայց այս ժողովուրդը այնքան մեղաւոր չէ ո՛րքան անոնք որ զայն ղեկավարելու յաւակնութիւններով կը սռնքան իբրեւ հրապարակագիր, իբրեւ հասարակական գործիչ»։ [17]



[1]            Թ. 7 (6 Փետրուար, 1909), էջ 97։

[2]            Անդ, էջ 100։

[3]            Նշ. աշխ., էջ 293։

[4]            Թ. 17 (24 Ապրիլ, 1909), էջ 261։

[5]            «Ահազանգը», թ. 11 (6 Մարտ), էջ 161։

[6]            Անդ, էջ 162։

[7]            Անդ, էջ 163։

[8]            Թ. 23 (5 Յունիս), էջ 353։

[9]            Թ. 27 (3 Յուլիս), էջ 425։ Գրութեան ամբողջութեան համար, տե՛ս էջ 425-428, 518-519, 569-571։

[10]          Թ. 33 (14 Օգ. ), էջ 513։

[11]          Անդ, էջ 529։

[12]          Անդ։

[13]          Անդ։

[14]          Անդ։

[15]          Անդ։

[16]          Տե՛ս էջ 129-130, 241-242, 367-368, 561, 593, 609, 645-646, 655-656։

[17]          «Երեւոյթ մը», թ. 4 (18 Յունուար, 1909), էջ 63։