Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱԿ ԵՒ ԳԱՒԱՌԸ

Գեղամ Բարսեղեան Գ. թիւին մէջ իսկ խմբագրականի մը նիւթ կը դարձնէր մամուլի ստեղծումը արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ՝ «Մամուլը երկրի մէջ» խորագիրով (էջ 33-35)։ Անդրադառնալէ ետք նախասահմանադրական փորձերուն՝ կը փափաքի որ գաւառը դադրի պոլսահայ լրագրութեամբ սնանելէ եւ հիմնէ իր տեղական մամուլը, «ա՛յն մամուլը՝ որ իր կեանքին ծնունդն ըլլայ ու իր կեանքովն իսկ ապրի, ճանչնայ զինքն ու իր պահանջները»։ [1]

Այդ գաւառը Բարսեղեանի զարթուցիչին պէտք չունէր։ Յարմար առիթի կը սպասէր գաւառի հայը, մա՛նաւանդ անոր երիտասարդ տարրը, իր գրաւոր խօսքը արտայայտելու համար։ Ձեռագիր, խմորատիպ եւ տպագիր թերթեր լոյս պիտի ընծայուին։

Ազդակի գլխաւոր արժանիքներէն մէկը այն է, որ այդ թերթերէն ոմանց կ՚անդրադառնայ, երբեմն՝ հատուածներ կը մէջբերէ, որոնց միջոցաւ գաղափար մը կրնանք կազմել անոնց մասին։ Արժէքաւոր են այդ ակնարկներն ու մէջբերումները այն իմաստով, որ այդ թերթերէն շատերուն հաւաքածոները այսօր անգտանելի են եւ կամ ընդմիշտ կորսուած են եղեռնի փլատակներուն տակ։

Կան գաւառի գրականութեան, մամուլին, երիտասարդութեան տագնապներուն (լայն տեղ եւ արձագանգ տուած է Վանի Նորսերնդական շարժման), [2] մտաւորական շարժման վերաբերեալ նիւթեր, որոնց առանձին անդրադարձը կրնայ ընդարձակել մեր այս ուսումնասիրութեան սահմանները։ Կը ճշդենք էջերը՝ ապագայ բանասէրներուն, պատմաբաններուն եւ գրականութեան պատմութեամբ զբաղողներուն գործը դիւրացուցած ըլլալու համար։ Էջ 31, 33-35, 95, 140-141, 158-159, 177-179, 187-189, 207-208, 238-240, 270272, 287-288, 304, 374-377, 456-460, 473, 476-480, 487, 503-506, 554555, 558, 603, 638, 639:

Նախընթաց էջերուն մէջ ալ առիթ ունեցանք գաւառին ակնարկութիւններ ընել։ «Աշխատանքի Տան» կազմակերպումին մէջ նպատակ կար՝ որ ընկերութիւնը ծիլեր արձակէր գաւառին մէջ։ Օսմանեան Խորհրդարանի գործունէութեան մէջ՝ գաւառին ցաւերուն մատնանշումը մեծ տեղ կը գրաւէ։

Բայց գնահատանքի խօսքին մէջ զգոյշ պէտք է ըլլալ։ Նոր չէ գաւառով հետաքրքուիլը, սակայն, նոր է այդ հետաքրքրութեան աստիճանաչափը, զօրութիւնը։ Գաւառը՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ հայութեան ծիրին մաս կազմեց 19-րդ դարուն, կարելի է ըսել, Խրիմեան Հայրիկի որպէս պատրիարք ընտրութեամբ։ Ան է որ գաւառին ցաւերուն դարման մը ուզեց գտնել եւ հաստատելով Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին «անտարբերութիւնը», նախընտրեց հրաժարիլ։ Նոյն այդ գաւառը նոր հետաքրքրութեան մը առարկայ դարձաւ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի տեղեկագիրներով, լոյս ընծայած գիրքերով եւ Վահան Մինախորեանի ճանապարհորդական նօթերով։

Մեր գրականութեան իրապաշտ շարժումին մէջ գաւառը իր տեղը պիտի ունենայ, երբ Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) «Պանդուխտի կեանքէն» շարքով պիտի սեւեռէ գաւառին մեծագոյն տագնապներէն մէկը՝ պանդխտութեան աւերիչ երեւոյթը։ Թլկատինցին եւ Մշոյ Գեղամը պիտի տան գաւառացի հայուն տիպարն ու հոգեբանութիւնը։

20-րդ դարուն սկիզբը՝ գեղապաշտ կամ արուեստագէտ սերունդը նոր շեշտով մը գաւառին վրայ՝ պիտի պաշտպանէր «վաղուան գրականութիւն» տարազը (գաւառի գրականութիւն եզրը կարելի չէր նշել՝ օրուան տիրող պայմաններուն պատճառով)։

Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները անշուշտ հետաքրքըրուած էին գաւառով. ո՛չ միայն հետաքրքրուած՝ այլ նաեւ գործունէութեան հիմնական մարզի վերածած էին։ Եւ այդ գործունէութեան շնորհիւ ալ պոլսահայը, կամայ թէ ակամայ, հետեւած էր գաւառին անցուդարձերուն։

Սակայն, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, գաւառը կը դառնայ հետաքրքրութեան հիմնական կեդրոն կամ կորիզ։ Գաւառէն ընտրուած պետական երեսփոխաններ, մասնաւորաբար Մշոյ Գեղամը, կը պատմեն անոր ցաւերուն մասին։ Թերթերը կ՚արձագանգեն։

Դաշնակցութեան հիմնական մտասեւեռումը կը դառնայ գաւառը, այդ օրերու բառով՝ երկիրը։ Պիտի չբաւարարուի գաւառէն եկած թղթակցութիւնները թերթերու մէջ տպելով, այլ՝ նուիրեալ գործիչներ, ինչպէս՝ Սիմոն Զաւարեան (Մուշ), Եղիշէ Թոփչեան, Սիմոն Վրացեան, Շաւարշ Միսաքեան (Կարին) եւ ուրիշներ պիտի ուղարկէ հոն, նոր տեսակի յեղափոխութեան մը համար գաւառի հայութեան մտաւոր եւ տնտեսական զարգացման համար ձեռք առնելու վարժարաններու ղեկավարութիւնը, հիմնելու մամուլ եւ ներմուծելու երկրագործական նոր մեթոտներ։

Ազդակ, կարելի է ըսել, առաջիններէն է որ լայնածիր հետաքըրքրութիւն ցոյց կու տայ դէպի հայ գաւառը։



[1]            Ա. տարի, թ. 3 (11 Յունուար, 1909), էջ 34։

[2]            Ասոր պատճառով կը ջնջէ համակրողներու ցանկը (Միսաքեան, նշ. աշխ., էջ 293։