Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԵՐԻՆԵՐ

1) ՉԱՓԻ ՊԱԿԱՍ

Առօրեայ մամուլին մէջ լոյս տեսնող թղթակցութեանց եւ յայտարարութեանց մէջ չափի պակաս մը զգալի է։ Աննախընթաց, անզուգական, միջազգային եւ այլ ածականներ ձրի կը բաշխուին որեւէ ձեռնարկի եւ անձի։ Մամուլը պէտք չէ շփոթել շուկայի հետ, ուր փողահարուած ապրանքներուն տէրերը կրնան պատասխանատուութեան զգացում չունենալ։ Բառերը, մա՛նաւանդ ածականները, պէտք չէ պարպել իրենց իմաստներէն։ Թերթի մը խմբագրութիւնը պէտք է գիտակցի գիրին սրբութեան եւ մնայունութեան։ Մինչ բեմերէ արձակուած խօսքերը փոքր հաւաքականութեան մը սեփականութիւնը կը դառնան եւ տարտամ հետք մը կը ձգեն մարդոց յիշողութեան մէջ, գիրը՝ իր աւելի լայն ընթերցանութեան եւ անջնջելիութեան շնորհիւ, մշտակայ օգտագործման եւ ուսումնասիրութեան աղբիւր է, ո՛չ միայն ներկայ, այլեւ ապագայ սերունդներուն համար։ Ուրեմն՝ խուսափիլ ապագայ ուսումնասիրողին յանձնելէ՝ մեր իրականութեան կամ մարդոց արժէքներուն եւ արժանիքներուն մէկ ձեւափոխուած կամ խեղաթիւրուած պատկերը։

2) ԱՆՏԵՍՈՒՄ ԻՐԱՐՈՒ ՀԱԿԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր ճակատ, քաշուած իր պատեանին մէջ, ինքնագովութեան տենդէ մը մղուած կը փառաբանէ իր արժեմն ու չարժեմը, սակայն լուռ կ՚անցնի միւս ճակատներուն կամ հատուածներուն իրագործումներուն,   մարզական յաղթանակներուն, դրական ստեղծագործութիւններուն վրայէն, կամ ա՛ռ առաւելն՝ կը գոհանայ քանի մը տողի հաղորդումով, շատ յաճախ իրաւ ու անիրաւ քննադատական տողերով միախառնուած։ Մինչ տարբեր պէտք է ըլլար մեզի պէս ճղակոտոր եղած ազգի մը պարագային, որուն անհրաժեշտ պահանջքը, հացին ու ջուրին չափ, միասնականութիւնն է ու փոխադարձ յարգանքը։ Մամուլը մեծ դեր կրնայ եւ պէտք է կատարէ այս ուղղութեամբ։ Եւ ուրախալի երեւոյթ է որ Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութենէն ետք այս ոգին սկսած է իր գոյութիւնը զգալի դարձնել մեր մամուլին մէջ եւ բեմերուն վրայ։

3) ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

Երգիծաթերթերու պակասը զգալի է լիբանանահայ կեանքին մէջ։ Անցեալին՝ փորձեր եղած են, ինչպէս Մկրտիչ Կապրաշի Հոսհոսը, Բաբգէն Գէորգեանի Փարոսը, Իշամեղուն, Երգիծագիրքը. սակայն երբեմն մէկ թիւէ ետք շիջած են, կամ առաւելագոյնը մէկ տարուան կեանք ունեցած են։ Երգիծաթերթ չունենալէ զատ, չենք ունեցած նաեւ երգիծագիր։ Արդէն երկուքին ալ գոյութիւնը փոխադարձաբար պայմանաւորուած է իրարմով։ Երգիծաթերթն է, որ պիտի ստեղծէ երգիծագիրը, նաեւ երգիծագիրն է որ պիտի ստեղծէ երգիծաթերթը։ Թուրիկն է (Միհրան Թուրիկեան) որ յարատեւօրէն երգիծաբանութեան ճաշակը հրամցուցած է Ազդակի ընթերցողներուն։ Միհրան Տէր Ստեփանեանն ալ երգիծական փորձեր կատարած է Զարթօնքի էջերուն մէջ Պարսատիկէն ընդհանուր խորագրի տակ։ Վերջերս Յովհաննէս Աղպաշեան երգիծանքի փորձ մը կատարեց իր Մեր խմբագիրները գործով։ Երգիծանքի պարագայական ակնարկներ կամ նշաններ այս կամ այն թերթին մէջ անբաւարար են այդ պակասը լրացնելու համար։

Երգիծական գրականութեան ենթահողի կամ նախանիւթի պակաս չունի Լիբանանը։ Պէյրութը իր այսօրուան խառնիճաղանճով, ցուցամոլութեամբ, բարքերու աղճատումով եւ բազմազան տիպարներով ահագին նիւթ կրնայ հայթայթել վաւերական երգիծաբանին։

Եթէ չունինք երգիծաթերթ եւ ասպարէզով երգիծաբաններ, ուրախալի է որ ունինք երգիծանկարիչներ - Տիրան Աճէմեան եւ Մասիս Արարատեան։ Տիրան Աճէմեան գրեթէ կէս դարու վաստակով մը կը ներկայանայ մեզի։ Ո՛չ միայն լիբանանահայ Ազդակ եւ Այգ, այլ նաեւ տեղական մամուլին բերած է իր աշխատակցութիւնը։

Տխուր է հաստատել, որ վերջին տասնամեակին՝ շատ քիչ անգամ կ՚երեւի հայ մամուլին մէջ։

Մասիս Արարատեան, նախկին հալէպահայ, սակայն երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Պէյրութ։ Իր նախափորձերը Նայիրի շաբաթաթերթին մէջ կատարելէ ետք, վերջին տարին Ազդակ օրաթերթի մնայուն աշխատակիցն է, ու ամէն օր իր սրամիտ երգիծանկարներով ժպիտ կը բաշխէ թերթին ընթերցողներուն։

Երգիծանկարչութեան ոչ-մնայուն սպասարկու մըն է Գրիգոր Քէօսէեան, որ կ՚աշխատակցի Շիրակ ամսաթերթին եւ Զարթօնքին։

4) ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԲԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

Մամուլը՝ դպրոցին, տպարանին եւ կրթական մշակին կողքին՝ կը ներկայանայ որպէս լեզուական բծախնդրութեան պահակ։ Սակայն, ցաւ ի սիրտ կը յայտնենք, որ ան, մանաւանդ առօրեայ մամուլը, կը թերանայ իր այդ պարտականութեան մէջ։ Չենք մասնաւորեր մեր դիտողութիւնը, որովհետեւ բոլորն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, նոյն մեղքէն կը տառապին։ Թերթեր՝ լեզուական թերիներու մասին յօդուածներ լոյս կ՚ընծայեն, սակայն տարօրինակ երեւոյթ, կարծէք ատոնք յատկացուած ըլլան ընթերցող հասարակութեան եւ կամ այլ թերթերու, ու խմբագիրները իրենք չեն օգտըւիր այդ թերիներուն մատնանշումէն։ Խօսքը կ՚ուղղենք խմբագիրներուն, որովհետեւ թերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը լեզուական թերիներուն համար զանոնք պատասխանատու կը նկատենք։

5) ՏԱՐԵԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿԻ ՊԱԿԱՍ

Մեր մամուլը կը թերանայ տարեկան տեսութեամբ չափելու մեր ժողովուրդին՝ զանազան մարզերու մէջ կատարած իրագործումները։ Համապարփակ ակնարկներու մէջ պէտք է հասկաքաղը կատարել լիբանանահայ ազգային, գրական, պատմաբանասիրական, թատերական, երաժշտական, նկարչական, եւլն. մարզերուն։ Այս պարտականութիւնը ամէնէն աւելի կը ծանրանայ ամսաթերթերուն վրայ։ Պարագայական փորձեր կատարուած են, սակայն դրութիւնը հաստատուն աւանդութեան չէ վերածուած։

Կամ այլ անտեսում մը - անցնող տարուան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութեանց մատենագիտութիւնը։ Մեր փնտռածը լոյս տեսած գիրքերուն մէկ պարզ ցուցակն է, այբուբենական դրութեամբ, առանց մեկնաբանութեան։ Մեկնաբանութիւն սպասելը անհնարինը ակնկալել է՝ մեր պայմաններուն բերումով։ Այս պարտականութիւնը կ՚իյնայ հայագիտական հաստատութիւններուն ուսերուն։

Մեր ամսօրեայ մամուլէն կ՚ակնկալենք նաեւ այլ պարտականութիւն մը - իրենց էջերուն մէջ հաստատել բաժին մը, ուր նշուին առօրեայ եւ ամսական մամուլին մէջ լոյս տեսած կարեւոր յօդուածները, անոնց բովանդակութեան մասին հակիրճ ակնարկով մը։

Այս դրութիւնը ի պատուի էր Պոլսոյ մամուլին մէջ եւ շատ օգտակար դեր կրնայ կատարել։ Որովհետեւ ամէն լիբանանահայու նիւթական հասողութեան սահմանին մէջ չէ մեր կարեւոր թերթերուն բաժանորդագրուիլ եւ հետեւաբար տեղեակ ըլլալ անոնց մէջ լոյս տեսած կարեւոր յօդուածներուն։

6) ՏԱՐԵԳԻՐՔԻ ՊԱԿԱՍ

1929 թ. էն սկսեալ տարեգիրքի հրատարակութեան փորձեր եղած են, սակայն կարծէք այդ փորձը արմատ չէ կրցած արձակել։ Ամէնէն բախտաւորները քանի մը տարուան գոյատեւումէ ետք դադրած են։ Միակը որ կրցած է երկարատեւ գոյութիւն մը ապահովել Կարօ Գէորգեանի Ամէնուն տարեգիրքն է (1954-1968 թթ. ), որուն ամէնէն հետաքրքրական մասը հայկական գաղութներու պատմութեան յատկացուած բաժինն էր։ Ներկայիս դադրած է անոր հրատարակութիւնը՝ խմբագրին տարիքին եւ անհանգստութեան պատճառով։

Ներկայիս տարեգիրքեր լոյս կ՚ընծայուին, սակայն անոնց մեծ մասը դպրոցական ձեռնարկներ են։

Որպէս լուրջ տարեգիրք ներկայիս լոյս կը տեսնեն Դրազարկն ու Հայկազեան հայագիտական հանդէսը, որոնք իրենց բովանդակութեամբ վեր են առօրեայ ընթերցողին հասողութենէն։