Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Թէեւ մեր ուսումնասիրութեան վերնագիրը դրուած է Սուրիահայ մամուլի պատմութիւն, բայց խորքին մէջ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար վերնագրել Հալեպահայ մամուլի պատմութիւն, որովհետեւ հայ գաղթականական հոսանքը կայք հաստատած է Հալէպի մէջ, եւ այդ պատճառով ալ այս քաղաքին մէջ լրագրական եւ մշակութային գործունէութիւն ցուցաբերած։

Սուրիահայ լրագրութեան անդրադառնալէ առաջ՝ անհրաժեշտ կը նկատենք ակնարկ մը նետել գաղութին անցեալին եւ 1915 թ. էն ետք ունեցած թուական աճումին վրայ։

ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԱՆՑԵԱԼԸ

Հայերու՝ Սուրիոյ մէջ բնակութիւնը ունի դարերու պատմութիւն։ Կիլիկիոյ հայկական իշխանութեան ժամանակաշրջանէն իսկ

Հալէպը եղած է հայ վաճառականներու, ուխտաւորներու եւ եկեղեցականներու համար կարեւոր հանգրուան մը։ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կը յիշատակուի ԺԵ. դարէն։ Հալէպ եղած է վաճառաշահ քաղաք եւ հայ վաճառականներ կանուխէն կայք հաստատած են հոն։ Ան ընդունած է այցելութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն եւ նոյնիսկ անպաշտօն աթոռանիստի դերը կատարած է։ Սակայն ԺԹ. դարուն վերջն է որ հայութեան թիւը հետզհետէ աճում մը կ՚արձանագրէ՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական գաւառներու անտանելի կացութեան պատճառով։ Այդ աճումը կարիքը կը ստեղծէ ազգային դպրոցի մը, որ 1897 թ. ին արդէն նոր հիմերու վրայ կը կազմակերպուի։

Այս դարուն հայութեան թիւը նկատառելի պէտք է ըլլար, որպէսզի Ալ Ֆուրաթ պետական պաշտօնաթերթը լոյս տեսնէր նաեւ հայերէն բաժինով (1869-1870 թթ.

1915 թ. էն առաջ տեղաւորուած հայութեան մասին խօսելով՝ Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեան կը գրէ. «Հալէպի հայ բնակչութեան մէջ գաղութային զօրաւոր երեք տարրեր կան։ Մին՝ Արեւելեան վաճառականք. այսինքն՝ Ջուղայեցի Հայեր, որոնք Հալէպի, Կ. Պոլսոյ եւ Անատոլուի ուրիշ վաճառաշահ քաղաքներու մէջ բռնած էին առեւտրական հրապարակը։

«Երկրորդ՝ Տիարպեքիրցիք եւ Մերտինցիք, Միջագետքի ներկայացուցիչներ, որոնք դարձեալ առեւտրական նպատակով պանդըխտած են Հալէպ եւ մեծ մասը տեղաւորուած։ Իսկ երրորդը՝ Սասունցիք, պէքեար ըսուածներ, որոնք ձեռք առած են ջաղացքները եւ փուռերը»։ [1]

1918 թ. էն առաջ ի՞նչ կը ներկայացնէր հայոց թիւը Հալէպի մէջ։

Ճ. Ա. Պապիկեան, որ 1925 թ. ին Սուրիոյ հայութեան թիւին կ՚անդրադառնայ, շուրջ 100, 000 կը հաշուէ Հալէպի մէջ՝ տեղացի կամ տեղաւորուած հայութեան թիւը։ Կը մէջբերենք իր հաստատումները. «Սուրիոյ հայութեան 50-55, 000-ը կը գտնուի միմիայն Հալէպի մէջ, որով ան եղած է այժմ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի ամենահայաշատ կեդրոնը։ Այս ստուար զանգուածին մօտաւորապէս 5, 000-ը Հայ Բողոքական են (500-ը տեղացի, 4, 500-ը գաղթական), 10, 000-ը Հայ Կաթոլիկ (կէսը տեղացի, կէսը գաղթական), իսկ 35, 000-ը Հայ Լուսաւորչական (4-5000-ը տեղացի, մնացեալը գաղթական)։

«Այս հսկայ հայ գաղթականութեան կարեւոր մի մասը՝ Թուրքիոյ 120 տարբեր քաղաքներէն գաղթած եւ հաստատուած է 1915 թ. էն ետք, մանաւանդ 1921 թ. ի վերջերը Կիլիկիոյ պարպումէն ետք»։ [2]

1918 թ. էն առաջ լրագրական եւ տպագրական գետնի վրայ գրեթէ անապատ մըն է Հալէպը։ Տեղական ուժեր չկան մտաւորական շարժում մը ստեղծելու համար։ Որպէս մտաւորական հետաքրքրութիւններ ունեցող անձեր կը յիշատակուին Իսկէնտէր Գարաճեանը՝ աշխատակից Պոլսոյ Բիւզանդիոնին եւ Գաբրիէլ Խանճեանը՝ աշխատակից Իզմիրի Արեւելեան մամուլին։ Իսկ եղած հրատարակութիւններէն՝ Հալէպի առաջնորդական փոխանորդ Արժ. Տ. Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեանի «Արգահատելիներ կամ Հայ Տէրպապաները» (1908 թ. ) եւ Հալէպի առաջնորդ Գերշ. Տ. Ներսէս Եպսկ. Դանիէլեանի «Կաթիլ մը ջուր այրած սրտերուն» (1909 թ. [3]

Այս հրատարակութիւնները ո՞ր տպարանէն լոյս տեսած են՝ մեզի համար կը մնայ անծանօթ։ 1918 թ. ին կը յիշատակուի Աճէմեան եղբայրներու տպարան Սէպաթը, որմէ հայերէն տառեր գտնուելով կը սկսի լոյս տեսնել Ս. Կէպէնլեանի Հայ ձայն թերթը։ Արդեօք այս տպարանը գոյութիւն ունէ՞ր արդէն 1908 թ. ին, Տ. Յարութիւն Քհնյ. ի գրքոյկը լոյս ընծայելու համար։ Որոշ պատասխան չունինք։

Որպէս մամուլի փորձ մեզի ծանօթ է Ալ Ֆուրաթի հրատարակութիւնը (1869 թ. ) եւ Աղբիւր Պատանեկան Միութեան Աղբիւր (1913-14 թթ. ) ձեռագիր թերթը։



[1]            «Հալէպ», Սուրիահայ տարեցոյց, պատրաստեցին Մ. Աճէմեան, Մ. Սիսեռեան, Ե. Ոսկերիչեան, Ա. տարի, 1924, էջ

[2]            «Սուրիոյ հայութիւնը», Հայաստանի կոչնակ, ԻԵ. տարի, թ. 50 (Դեկտ. 12, 1925), էջ 1475-6։

[3]            Եդուարդ Ոսկերիչեան, «Սուրիահայ գրականութիւնը եւ գեղարուեստը», Կրթասիրաց, Ա. տարի, 1926, Յունիս, թ. 8, էջ 121։