Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 1918-1921 ԹԹ.

1915-1918 թթ. Սուրիոյ անապատները կը դառնան հայ տարագրեալներու գերեզմանները։ 1918 թ. ի զինադադարին հետեւանքով հայ խլեակները հետզհետէ ապաստան կը գտնեն Հալէպի մէջ, այնպէս որ 80-90 հազար հայութիւն մը մէկտեղուած կը գտնենք հոն։ [1] Այս հայութիւնը ի՞նչ տագնապներ կ՚ապրէր։

1) Աշխատանքի հարց։ Կոտորակուած եւ իրենց պապենական ժառանգութիւնը կորսնցուցած հայու բեկորները չոր հացի կարօտը ունէին իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու համար։ Գործ հայթայթելու հեռանկարով կը ստեղծուէր Աշխատանքի Տուն անունով հաստատութիւն մը՝ իր մնայուն քարտուղարով եւ վարչական խորհուրդով։ Այս գրասենեակը կ՚արձանագրէր գործազուրկներու անունները եւ հետամուտ կ՚ըլլար գործ հայթայթել անոնց։

2) Ուսման հարց։ Սուրիոյ անապատներուն մէջ հասակ նետած հայ պատանի-պատանուհիները՝ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած էին իրենց մայրենի լեզուին ծանօթութիւնը եւ կը խօսէին թրքերէն, քիւրտերէն ու արաբերէն։ Հայ դպրոցներու բացումը անհրաժեշտ էր՝ մայրենի լեզուին վերստացումը ապահովելու համար։

3) Ներգաղթի հարց։ Դաշնակից Պետութիւններու յաղթանակը՝ հայութեան բռնագրաւուած հողերուն վերստացման յոյսը կը բերէր։ Տեղահանուած եւ տարագրուած հայութեան բեկորները իրենց պապենական հողերը վերադառնալու յոյսով կ՚ապրէին։ Ներգաղթի այս գործը ծրագրուած աշխատանքի կը կարօտէր։ Ներգաղթողներու ցուցակներ պատրաստել, հոգատար պետութեան ներկայացնել, ապահովել անոնց ճանապարհածախսը, եւլն. ։

Վերոյիշեալ երեք հարցերը անմիջական լուծումի կը սպասէին, որուն պատճառով զանազան միութիւններ կը ստեղծուէին։

Իւրաքանչիւր գաւառ կը ստեղծէր իր հայրենակցական միութիւնը, որոնց լիազօր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կը կազմուէր Միջ-Գաւառային Հայ Միութիւնը։ 1918 թ. ի Դեկտ. ին Սահակ Կթղ. Հալէպ ժամանելով նշանակովի կը ստեղծէր Հայ Ազգային Միութիւնը հետեւեալ կազմով. - Տոքթ. Ա. Ալթունեան՝ նախագահ, Հ. Գաբրիէլ վրդ. Գասպարեան՝ ատենապետ, տոքթ. Խ. Պօղոսեան, Օննիկ Մազլումեան (Պարոն), Սարգիս Գրաճեան, Յակոբ Մուրատեան, Ա. Ֆէտտալեան եւ Գր. Շահլամեան։ [2]

Տակաւին՝ մասնակի այլ միութիւններ ալ, ինչպէս Տիկնանց եւ Օրիորդաց, կը ստեղծուէին, բազմացնելով եղածներուն թիւը։

Վերապրողներուն մեծ մասը եթէ կը ներկայացնէր հայ միջին եւ համեստ խաւը, կար նաեւ ընտրանի դասակարգ մը։ Միհրան Նաճարեան, տիգրանակերտցի ազգային մը եւ Աղբիւր թերթի խմբագիրներէն, որ 1915 թ. էն առաջ արդէն հաստատուած էր Հալէպ եւ մօտէն տեղեակ մեզ հետաքրքրող ազգային անցուդարձերուն, կը գրէ. «Վերապրողներուն մէջ պատկառելի թիւ մը կը կազմէին նաեւ հայութեան ընտրանի դասակարգ մը, եկած ըլլալով Կ. Պոլսէն կամ արուարձաններէն, Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն եւ կամ ալ Տաճկահայաստանի ներքին գաւառներէն։ Հայ վերապրողներու շարքին նշմարելի թիւ մը կը կազմէին միանգամայն թրքական բանակի բարձրաստիճան հայ սպաներ, բժիշկներ, դեղագործներ, անասնաբոյժներ եւ Պոլսոյ զինուորական վարժարանէն շրջանաւարտ հայ սպաներ»։ [3]

Այս ընտրանիին մեկտեղումը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ստեղծուի մշակութային շարժում մը։ Աշոտ Մատաթեանց, Գէորգ Կառվարենց, Յովհաննէս Խաչերեան թատերական ներկայացումներ կու տան։ Բարսեղ Կանաչեան, Յ. Իւվէզեան, Վահան Պէտէլեան եւ Գ. Սիսլեան նուագահանդէսներ կը սարքեն։

Այս եռուն գործունէութեան արձագանգող եւ զայն առաջնորդելու կոչուած մամուլն ալ իր առաջին դողդոջ քայլերը կը նետէ երբ լոյս կը տեսնեն 1918 թ. ի Նոյ. ին Սեդրակ Կէպէնլեանի Հայ ձայնը եւ Դեկտ. ին՝ Բենիամին Միլտոնեանի Տարագիրը։

Դէպի Կիլիկիա ներգաղթի պատճառով Հայ ձայնն ալ պիտի փոխադրուէր Կիլիկիա եւ պիտի շարունակէր լոյս տեսնել Ատանայի մէջ։



[1]            Սեդրակ Կէպէնլեան, «Կիլիկեան հայ դէմքեր», Պայքար հանդէս ազգային, գրական եւ տնտեսական, 1931, Սեպտ., էջ 33։

[2]            Նոյնը, էջ 34։

[3]            Յուշագիրք (1918-1948), Պէյրութ, տպ. Մասիս, 1949, էջ 10։