Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԹԵՐԹԸ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ

Փօլ Պորէն, Հալէպի մամուլին անդրադառնալով կը գրէ. «Հալէպ կը հաշուէ երկվեցեակ մը տպարաններ։ ... Այս տպարաններէն լոյս կը տեսնեն երկվեցեակ մը թերթեր, որոնցմէ մէկը ֆրանսերէնով, մէկը՝ հայերէնով, մէկը՝ թրքերէնով   երկուքը՝ թրքերէնարաբերէնով եւ միւսները՝ արաբերէնով։ Հալէպի մէջ մարդիկ քիչ կը կարդան. ամէնէն շատ տպաքանակը 800 օրինակը չ՚անցնիր, եւ տակաւին ոչ-օրական, ինչ որ մտածել կու տայ 200 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մը համար»։ [1]

Տիգրան Փիրանեան, 1920-ական թուականներու սուրիահայ հրապարակագիրներէն, անդրադառնալով նոյն հարցին՝ կը գրէ. «Ամօթ է, որ ըսեմ թէ 35, 000 հայութեան մը մէջ կը շրջաբերին միայն 600-ի չափ տեղական եւ արտասահմանեան հայ թերթեր, ազազուն թիւ մը, որ սակայն կը դիեցնէ քանի մը պատիկ օթլախճի ընթերցողներ։ ասիկա շատ ցաւոտ ու թարախոտ հիւանդութիւն մ՚է»։ [2]

Տարօրինակ երեւոյթ չէր պարզուածը։ Հալէպ հաւաքուած հայ գաղթականներու մեծ մասը զուրկ էր տարրական կրթութենէ մը։

Իրենց օրապահիկը դժուարաւ ապահովող հայ աշխատաւորն ու գործաւորը յաւելեալ դրամը չունէին մամուլի յատկացնելու։

Չմոռնանք տակաւին՝ որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը բաժանորդ կ՚արձանագրուի կամ կը գնէ իր համակրած կամ պատկանած կուսակցութեան թերթը։ Եւ այդ օրերուն՝ Հալէպի մէջ հրատարակուող միակ երկօրեան՝ Եփրատն էր՝ ռամկավար թեքում ունեցող։

Հետզհետէ պահանջքը պիտի զգացուէր ընթերցումի, շնորհիւ հայ վարժարաններու շրջանաւարտներուն եւ տնտեսական կեանքի բարելաւման։

* * *

Լիբանանահայ մամուլին նուիրուած մեր ուսումնասիրութեան մէջ, որ լոյս տեսաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի Բ. հատորին (1971) մէջ, ընթացած էինք տասնամեակներու բաժանումով։ Իւրաքանչիւր տասնամեակի գլխաւոր հարցերուն եւ իրագործումներուն անդրադառնալէ ետք, տուած էինք այդ տասնամեակի գլխաւոր թերթերն ու անոնց արժանիքները։ Այս տարի կը խուսափինք նոյն մեթոտը որդեգրելէ, որովհետեւ արդիւնքը պիտի ըլլար կրկնութիւն։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութիւնը նոյն հարցերը դիմակալած է եւ գրեթէ նոյն լուծումները տուած։

Սուրիահայ մամուլին անդրադառնալու ատեն կ՚որդեգրենք ժամանակագրական կարգը, մասնաւոր յիշատակութեան եւ դատումի արժանացնելով այն թերթերը, որոնք կա՛մ երկարատեւ կեանք ունեցած են, կամ՝ յիշատակութեան արժանի գործունէութիւն ցուցաբերած։

Վերջաւորութեան պիտի յիշատակենք սուրիահայ մամուլին մեծ ու փոքր բոլոր ներկայացուցիչները՝ այբուբենական կարգով։



[1]            Նոյնը, էջ 242։

[2]            «Հալէպահայ տարին, 1927-1928», Սուրիահայ տարեգիրք, 1929, խմբ. Հայկ Պալեան, էջ 199։