ՆԱՄԱԿ
Գիշեր
է,
նամակ
մը
կը
գրեմ
քեզ ,
Դողդոջ՝
դպրոցի
աշկերտի
մը
պէս։
Վարժ
չեմ
աջ
ու
ձախ
տոմսեր
գրելու ,
Բայց
հիմա
սրտի
պէտքի
մը
հըլո՜ւ ,
Գրեթէ՛
ակամայ
կը
գրեմ
ահա՜ ,
Ու
մատներուս
տակ
գրիչը
կը
դողայ։
***
Թէ
չեմ
գիտեր
որ
ինչո՞ւ
կը
գրեմ ,
Լա՛ւ
գիտեմ
սակայն
թէ
ի՞նչ
կը
գրեմ։
Կը
գրեմ
սրտի
հաշիւը
ուրոյն
Այն
մէկ
շաբթուան
մեր
ապրած
Սիրոյն
Որ
ա՜յնքան
ուժգին
սկսաւ,
աւա՜ղ ,
Փակուելու
համար
հրաժեշտով
պա՜ղ…։
***
Ու
եթէ
այս
քեզ
խիստ
անտարբեր
է
Նոյնիսկ
ծաղրաշարժ.
ի՜նչ
փոյթ,
ինձ
ներէ.
Քեզ
համար
չէ՜,
այլ
կը
գրեմ
ինծի.
Հոգւոյս
մէջ
մթին
շարժում
մ’զգացի ,
Գրելով
կ’ուզեմ
տարրալուծել
զայն։
Մի՛
կարծեր
սակայն
թէ
ես
լռելեա՜յն
Կ’ուզէի
քեզ
սէ՛րը
պատմել
սրտիս.
Ո՜չ,
մուրացկանի
հետ
դուն
գործ
չունիս…։
***
Պատահմամբ
ճամբուդ
վրայ
ժպտո՜ւն
անցաւ,
Քայլըդ
սրտի
մը
վրայէն
անցա՜ւ,
Այդ
սիրտը
ահա
կը
խնդրէր
քենէ՝
Եթէ
ոչ
սիրուիլ,
ճանչցուիլ
գոնէ,
Որովհետեւ
ան
կը
հաւտայ
թէ
դուն
Անոնցմէ
չե՛ս
որ
ճամբուն
վրայ
մարդուն
Կարելի
ըլլայ
գտնել
բիւրերով։
Անկեղծ
զգացմունք,
իտէալ,
գորով,
Ան
կարծեց
գտնել
գո՛գը
քո
հոգւոյդ.
Եթէ
խաբուեցաւ՝
այդ
իրեն
ի՜նչ
փոյթ.
Ու
եթէ
ի՛ր
մէջ
աչերըդ
կապոյտ
Չի
գտան
այդ
նոյն
բաները
ի՜նչ
փոյթ։
Ներէ
մը
կ’ըսեմ
քեզ
սրտագորով,
Ու
շնորհակալ
եմ,
ու
մնաս
բարով։
Քիչ
մը
բիրտ
բառեր,
համարձա՜կ
թեւերս,
Վիրաւորեցին
նուրբ
հոգիդ
թերեւս։
Փափուկ
միրգերուս
մէջ
կան
բիրտ
կուտեր.
Բիրտ
կեղեւներ
կան
փափուկ
սրտի
տէր…
Զուրկ
փուշանման
վարդ
կեղեւներէ,
Ես
վերջիններն
եմ
գուցէ,
ներէ…։
***
Բայց
թէ
դու
ինձմէ
յո՜ւշք
չի
պահեցիր,
Պիտի
յիշէ
քեզ
հոգիս
անձանձիր.
Ես
քու
աչերուդ
մտերմիկ
լոյսէն,
Համոզուեցայ
որ՝
ինչ
որ
ալ
ըսեն
Դեռ
ազնիւ
սրտեր
կան
կիներու
մէջ…
Սէրդ
օ՜ր
մը
տեւեց,
բայց
յուշքըդ
անշէջ
Պիտի
նորոգէ
հոգիս
սիրակէզ.
Ի՛նչ
որ
ալ
ըլլաս,
շնորհակալ
եմ
քեզ…։
***
Կեանքն
ի՞նչ
է։
Ամէնն
իր
ճամբան
ունի.
Մարդ
կը
հանդիպի
մէկուն
գողունի
Երբ
կը
դիտէ
երկչոտ,
երկու
բառ
կ’ըսէ ,
Զո՜ւր
կը
հարցնէ
թէ
իրենն
ա՞յս
է.
Պիտի
փայփայէր՝
կ’արտօնէ
գուցէ.
Ու
յետոյ
կ’անցնի,
աչքը
կը
գոցէ…
Մեր
վերաբերմունքն
հանդէպ
օտարի ,
Օրէնքներ,
բարքեր
քաղաքավարի ,
Կ’արգիլեն
ըսել
ինչ
որ
կը
զգանք
մենք.
Այսպէս
իրարու
ձեռքը
կը
սեղմենք ,
Եւ
որովհետեւ
ժամանակն
է
թանկ…
Առանց
ճանչնալու
կը
վազենք ,
կ’երթանք…։
***
Միա՛յն,
խօլ
վազքիդ
մէջ,
եթէ
երբեք
Կեանքիդ
ճամբուն
վրայ
նստած
յոգնաբեկ
Ու
յուսակտո՜ւր
յիշես
թէ
մի
օր
Հանդիպեցար
խե՜ղճ
սրտի
մ’ախտաւոր,
Խորհէ
թէ
այդ
խեղճ
սիրտը
քեզ
սիրեց,
Առանց
շաղակրատ
ողբի
դառնահեծ,
Առանց
հաշիւի
ու
առանց
կիրքի,
Պարզ,
բարեկամի
մը
պէս
ուղղակի…։
Մարդըս
գերին
է
Պարտքին,
ինչո՞ւ
լալ,
Կրնար
անշուշտ
շա՜տ
երջանիկ
ըլլալ,
Բայց
կ’երթայ
մեն
մին
իր
արահետով.
Ահա
կ’երթանք
մենք
ա՜լ.
մնաս
բարով…։
***
Ըսիր.
միւս
կեանքի
մը
յոյսն
ունիս
դուն ,
Ուր
մարդեր
իրար
կը
գտնեն
ժպտուն.
Այդ
յոյսն
իսկ
չունիմ
ես.
մնաս
բարո՜վ
Յաւիտենութիւններո՜վ ,
յաւիտենութիւններո՜վ…։
***
Հիմա
որ
նամակս
հատաւ
լռելեայն
Կը
խորհիմ
թէ
շա՜տ
անիմաստ
է
այն
Թերեւս
աւելի
լաւ
կ’ըլլայ
ուղղակի
Հեռուէն
ղրկել
լա՜յն
հեւք
մը
շրթունքի…։
Լօզան,
10
Յուլիս
1909