ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ
Թարթիչներուդ
ետին
բարակ
Ե՛ւ
անարատ
ո՛ւ
անառակ
Աչերդ
վառած
հազար
լոյսով
Կը
հրահրին
զիս
հազար
յոյսով…։
Ու
համամիտ
ու
հակառակ
Ե՛ւ
միամիտ,
ո՛ւ
անառակ,
Կը
տանջե՜ս
զիս՝
դուն
մեղր
ու
թո՜յն,
Ո՜վ
ահաւոր
հակադրութիւն…։
Վարդ
շուրթերուդ
մէջէն
կըրակ,
Ո՛ւ
անապակ,
ո՛ւ
անառակ
Կը
ժպտի՜ս
ինձ
ու
չգիտես
Ի՜նչ
դժոխքներ
մէջըս
կ՚այրես…։
Կո՜յս
կուսութեանդ
հակառակ,
Ո՛ւ
անառիկ,
ո՛ւ
անառակ,
Կը
փորձես
զիս,
աղուո՛ր,
կարծես
Իմ
ծեր
հոգիս
լացնել
ուզես…։