ՀԱՐՍՆԵՐԳ
Քայլերուդ
ներքեւ
վարդի
թերթեր
բի՜ւր,
Մուշկի,
հալուէի
բոյրեր
երկնասփի՜ւռ.
Մեռնէի՜
գինով
հեւքերուդ
զեփի՜ւռ…։
Իրանիդ՝
շղարշ
անգի՜ն
բեհեզէն,
Կուրծքիդ՝
մարգարտի
լանջա՜կ
ասպազէն.
Եկո՜ւր,
իմ
երկու
աչերս
քե՜զ
կ՚ուզեն…։
Ոսկի
մուճակո՜վդ
եկուր,
հարս
իմ
քոյր.
Հետքիդ՝
Գանանու
իւղեր
հեշտաբոյր,
Պենկալեան
վարդեր՝
դէմքիդ
կաթնաթո՜յր…։
Մետաքս
հալաւիդ
արցունք
չի
կաթի,
Մի՛
լար
թելերուդ
ետին
արծաթի.
Այս
գիշեր
լուսնակը
մէ՜գ
կը
ծաթի…։
Լօզան