ԽԵՆԹ
ՀԵՔԻԱԹԸ
Գարուն
է,
մամոն
ու
իր
մառոճան
Դաշտ
կ’երթան,
բնութիւնն
հարսի
պատմուճան
Կարմրորակ
լելա՜կ,
զմրուխտ
կը
հագնի։
«Մամոճան
երգէ
երգը
Վահագնի…»
Ծեր
մայրը
կ’երգէ,
կու
լա՜յ
մառոճան,
—Երգը
Վահագնին
երգէ
մամոճան…։
Ամառ
է,
մամոն
ու
իր
մառոճան
Սար
են
բարձրացեր,
գառնե՜ր
կ’որոճան։
Քաջ
հովիւն
հեռուէն
կ’երգէ
սլացի՜կ.
—Մամոճա՜ն,
պատմէ
Արան
Գեղեցիկ…
Մայրը
կը
պատմէ,
կու
լայ
մառոճան։
—Գեղեցիկ
Արան
պատմէ
մամոճան…։
Աշուն
կը
սիրէ
հովիւն
մառոճան.
Բայց
ֆետայի
գնաց։
«Սուրբե՜րը
խղճան,
—
Կ’ըսէ
մայրն .
—
օր
մը
կը
փնտռէ
քեզի.
—Տես,
պատմեմ
զրոյցը
սուրբ
Սարգիսի…»
Մայրը
կը
պատմէ,
կու
լայ
մառոճան։
—Սուրբ
Սարգսի
հեքիաթն
ըսես
մամոճան։
Ձմեռ
է։
Եկան
քուրդերը
դաւաճան
Ձիուն
վրայ
առին
տարին
մառոճա՜ն.
Մամոն
խենթեցեր
է
իր
ցաւերէն ,
Ինքնին
կը
խօսի,
կու
լայ
ինքնիրեն ,
Անիմաստ
ու
խենթ
հեքիաթ
մ’անվախճան
Կ’ըսէ,
կը
կրկնէ,
կու
լայ
մամոճան…։
Լօզան,
9
Նոյեմբեր
1910