ՈՎՍԱՆՆԱ
Օ՜հ,
երազի,
երջանկութեան
ու
լոյսի
Ճամբաներէ՜ն,
ճամբաներէ՜ն
տարիր
զիս ,
Հոգիս
գինով
խոնջէնքի
մէջ
կը
սուզի
Մինչ
դուն
ինձ
դեռ
այգերուն
վրայ
կը
խօսիս
Երազանքի,
երջանկութեան
ու
լոյսի։
Ահա՜
հոգիս
քու
խորանիդ
ողջակէզ ,
Ահա՛
հոգիս՝
քու
աչերուդ
բուրուառին ,
Ա՜խ
խենթեցնող
տենդոտ
ծուխը
հըրակէզ
Իմ
տենչերուս՝
որ
բիբերուդ
մէջ
կը
վառին…
Ահա՛
հոգիս
քու
խորանիդ
ողջակէզ։
Մութ
մազերուդ
քու
խորհուրդին
կը
հաւտամ ,
Ու
երգերուդ ,
հառաչներուդ
սիրելի ,
Ու
երբեմնի
աստուածութեանդ
ալ
տարտամ
Որ
աչերուդ
գիշերին
մէջ
կը
հալի ,
Բոլոր
անոնց,
հիւանդ
հոգիս,
կը
հաւտամ։
Տո՜ւր,
տո՜ւր
զիս
լո՜յս,
լո՜յս
հովերու
քըմայքին
Ինչպէ՜ս
բեկոր
մը
ծովերուն
անձնուէր.
Կուրծքի՜դ,
սիրո՜յդ
անհունին
մէջ,
տենդագի՜ն ,
Ալիքներուն
բեռքէն
ի
վար,
վիհն
ի
վեր ,
Տո՜ւր,
տո՜ւր
զիս
լոյս,
լո՜յս
հովերու
քըմայքին։
Ա՜խ
կ’ուզէի,
որ
տըղու
պէս,
մահուան
պէս ,
Բազուկներուդ
երկաթին
մէջ
բանտէիր ,
Ծըծէիր
զիս,
ու
իմ
հիւանդ
մարմինէս
Կաթիլ
մ’արցունք,
պուտ
մը
հուլունք
շինէիր ,
Ա՜խ
գրկէիր
զիս
տըղու
պէս,
մահուան
պէս։
Ովսաննա
քեզ
քու
աչերուդ
հրաշքին
մէջ ,
Ու
շրթներուդ
թրթռացումին
մէջ
տըրտում ,
Ու
վանկերուդ
երազանքին
մէջ
անվերջ,
Ու
կուսութեանըդ
փառքին
մէջ
անպատում։
Ովսաննա
քեզ
քու
աչերուդ
փառքին
մէջ։
Դու
անուրջին
աննիւթ
զաւակ,
Ովսաննա՜ ,
Մեղքիս
նիհար
դափնիներով
կու
գամ
քեզ.
Հիւանդ
հոգիս
լո՜յս
հըպումէդ
կ’արթննայ
Տար
զիս
սրտիդ
ճամբաներէն
հըրակէզ ,
Դու
անուրջին
աննիւթ
զաւակ ,
Ովսաննա։
Erfurt,
Ապրիլ