Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՂԹՈՒԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Գիտե՞ս հեքիաթը, սիրուհիս,
Այն իշխանին, որ անցաւ
Սար ու ծովեր, ու աշխարհիս
Գեղեցկուհւոյն տիրացա՜ւ…։

Յաղթահարեց շանթն ու քամին
Մազէ կամուրջն ալ անցաւ
Դուրս արտաքսեց իր թշնամին,
Գեղեցկուհւոյն տիրացա՜ւ…։

Արբեցուց զայն գեղեցկուհին,
Քնացուց կուրծքին վրայ կանգուն
Ու յանձնեց նենգ թշնամիին
Որ մեռցուց զայն դեռ ի քո՜ւն…։

Մեռաւ քաջն իր երազին մէջ
Դեռ կ՚երազէ գիրկն անփոյթ,
Այսպէ՜ս կուրծքիդ վրայ անշէջ
Քնացուր զիս մահս ինչ փո՜յթ…։