Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԳԱՐԻՏԸ

Փոքր, աննշան էակ մը կայ.
Երկու կոպիտ կեղեւով փակուած
Իր խաւարին մէջ կը խոկայ,
Կ՚ըսես սեւ քար մ՚է անկասկած…։

Բայց ան կ՚ապրի, կու լայ, կը զգայ։
Երկու կոպիտ կեղեւը բաց
Հըրաշալոյս մարգրիտ մը կայ,
Իր արցո՜ւնքն է բիւրեղացած։

Ինչ փո՜յթ թէ զայն մեռցնել կու գայ
Մէկն՝ ու կ՚առնէ գոհարը թա՜ց.
Ան էն աղուոր կոյս աղջըկայ
Պիտի փայլի կուրծքին վրայ բա՜ց…։

***

Այսպէս քանի՜ խեղճ քերթող կայ
Թշուառ խուցի մը մէջ բանտուած
Գաղտնի շքեղ կեանքին վըկայ
Ոսկի քնար մ՚ունի պահած…։

Ան կը ցաւի, կու լայ, կը զգայ՝
Ի՜նձ, քե՛զ համար ալ անկասկած,
Սրտին մէջ բի՜ւր-բի՜ւր երգ կայ
Իր արցունքով բիւրեղացած…։

Ինչ փո՜յթ թէ մա՛հը շուտ կու գայ
Աններող մահն անգիտացուած.
Ան պիտ' երգուի կո՜յս աղջըկայ
Շրթներուն վրայ՝ աչերով թաց…։

***

Ա՜խ, չա՜ր աղջիկ դուն ապագայ,
Կուրծքի մարգրիտդ, ե՛րգդ ալ երգած
Մի՛ մոռնար թէ ուրկէ՞ կու գայ.
Ան արցո՜ւնք մ՚է բիւրեղացած…։