ՆՈՒԷՐ
ԱՄԱՆՈՐԻ
Քեզ
տալ
կ’ուզէի
բերքը
պարտէզիս
Անփուշ
վարդեր
ու
միամիտ
նարկիս…
Այդ
խելօք
բաները
կը
տանջեն
զիս։
Քեզ
տալ
կ’ուզէի
այն
մորթն
անօգուտ ,
Որ
կ’այրի
պզտիկ
կրակով
անգութ…
Պատռէիր՝
եթէ
հաճոյ
էր
հոգուդ։
Քեզ
տալ
կ’ուզէի
ինչ
որ
լայնօրէն
Տուիր
ինձ՝
փուշէ
պսակ
անօրէն,
Աչեր
որ
կ’այրին,
ցայգեր
որ
կ’այրեն…։
Քեզ
տալ
աշխարհիս
ղեկը
մոգական ,
Հո՛ւր
կ’անձրեւէիր
հոն
ուր
մարդեր
կան…
Բայց
քեզմով
տանջանքը
քա՜ղցր
է
այնքան։
Ու
ի՞նչ
տալ՝
բոցէս
կայծ
մը
հրակէզ.
Այրէիր
դուն
ալ
իմ
մութ
կըրակէս ,
Ու
հասկնայիր
որ
կը
սիրեմ
քեզ…։
Էրֆուրտ,
1
Յունուար
1910