Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ 
       Ա՛ն, ահա հո՜ն, Ան է նստա՜ծ քայլ մ’անդին… 
Ա՛ն, յոյսերուս համբուրելի՜ գերանդին… 
Ա՛ն, անուշա՜կ, երազունա՜կ, ահաւոր
Ա՛ն խենթեցնող ունայնութի՜ւնը աղուոր…։ 
       Ա՛ն, ահա հո՛ն։ Ու ձայնն իրեն, քայլ մ’անդին 
Կը գգուէ զիս ինչպէս առուն՝ մարմանդին 
Քամած իրանը կը գգուէ տարփաւոր
Ճլճլալով իր հեղուկ սէրն անցաւոր…։ 
       Ա՛ն, ահա ա՛ն, որ գիշեր մ’ինձ սրտագրաւ 
Յայտնուեցաւ յանկարծ. երա՞զ, թէ իրա՞ւ… 
Ա՛ն, ահա ա՛ն, եղեռնօրէն կանացի…։ 
       Իրեն համար ցայգեր ամբողջ ողբացի
Աստանդական փնտռեցի հե՜տքն իր բողբո՜ջ… 
Ա՛ն է. ու ես քամուած կու լամ հոն դողդոջ…։ 
       18 Մարտ 1910