Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՔԵՐԹՈՂԻ ՄԱՀԸ 
       Արշալոյսէն, արշալոյսէն դեռ կանուխ
Կոխոտելով ոտքի տակ վարդ, անանուխ
Ճամբայ ինկայ արշալոյսէն դեռ կանուխ…։ 
       Չէին շարժեր իսկ ծաղիկները դալար
Կարծես իրենց մէջ Աստուած քուն ըլլար։ 
Լոկ թուփին տակ անքուն գետակը կու լար…։ 
       Ու գետակին փրփուրներուն մէջ բողբոջ 
Կը քշուէր վա՜ր, վա՜ր սէզերուն տակ դողդոջ
Տժգոյն պարման մը, դեռ ժպտո՜ւն, կարծես ո՜ղջ 
       Ձեռքին շուշա՜ն մը կը տանէր մուսային
Ու ետեւէն բի՜ւր ծաղիկներ կուսային 
«Երթա՜ս, երթա՜ս, երթա՜ս բարով », կ’ըսէին…։ 
       Բաբէ՜, ճանչցա՜յ… Վտակին մէջ ջրասոյզ 
Իմ շուքն էր… Խոյս տալ ուզեցի հոգեյոյզ
Բայց չի կրցայ… Մարդ ինքնիրմէն չի տար խոյս…։ 
       Այդ մահն իմ մէջս է. այդ պարմանը ե՜ս եմ
Փակեր եմ աչս արշալոյսի դէմ վըսեմ՝ 
Զի գիտեմ՝ քիչ վերջ արդէն մութն է նըսեմ…։ 
       Ծլցուցած ծի՜լ ծաղիկներս դե՜ռ չի խամրած
Գե՜տ֊արցունքիս մէջ երգերէս օրօրուա՜ծ 
Կ’երթամ նետուիլ դէպի մեծ ծով, դէպ Աստուած…։ 
       7 Մարտ 1911