Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԷԿԸ ԿՈՒ ԼԱՐ…

Կը սպասէի ժայռին վերեւ
Մահուանս՝ առանց յուզուելու,
Իբրեւ աշնան չորցած տերեւ
Պատրաստ էի սուզուելու։

Վա՜րը, շա՜տ վար, ծովի ափին
Վերջալոյսին դէմ դիմաց,
Զոյգ մը անցան ծովի ափին,
Ձեռքը ձեռքին մէջ բռնած։

Երկա՜ր, երկա՜ր նայեցան լուռ
Ալիքներուն խելագար,
Յետոյ յանկարծ միացան լո՜ւռ
Համբոյրի մը մէջ երկար…։

Ցո՜ւրտ էր մո՜ւթ էր, հիւծախտաւոր
Կ՚իյնար աշնան տերեւը։
Անոնք պագուած՝ չգիտցան որ
Մէկը կու լար վերեւը…։

Լօզան