Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՎԻԿԸ

Գարնան հովիկ, ուստի՜ կու գաս։
— Կու գամ ձորէն, կու գամ սարէն,
Սար թէ ձոր ինձ հաւասար են,
Կու գամ մարգիս այցելելու…։

Ամրան հովիկ ուստի՜ կու գաս։
— Համբոյրներու կու գամ շունչէն
Առուներու սուրբ մրմունջէն,
Կու գամ վարդերս ցանելու…։

Աշնան հովիկ ուստի՜ կու գաս.
— Կոկոն-կոկոն վարդերս փարթամ
Մեռան թերթ-թերթ… Թո՜ղ ինձ, կ՚երթամ
Յաւէտ գարուն մը փնտռելու…։

Ձմրան հովիկ, ուստի՜ կու գաս։
— Ի՜ զուր, չիկա՜յ յաւէտ գարուն.
Կ՚երթամ դաշտն ծեր քարերուն
Վրայ մամուռ բուսցնելու, լալու…։