Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԷԾՔԸ

Սէրը շիւղինն է մշտերեր,
Զի համրուած են իր օրեր.
Ձիւնափառ սարը չի սիրեր,
Կատարեալին մէջ Սէր չ՚ըլլար…։

Տկարութի՜ւն մ՚է սէր մարդկանց,
— Գեղեցկագոյնն տկարութեանց. —
Վերն աստուածները լըռակեաց
Չե՛ն սիրեր, բարձրը Սէր չ՚ըլլար…։

Նախանձեցաւ հզօր Որ Էն
Իր մարդուն այդ տկար կողմէն,
Ձայն դուրս վանեց սուրբ եդեմէն,
«Կե՜ր, ա՜րբ, — ըսաւ, — բայց Սէր չըլլայ…»

Ու կը սիրենք… Բայց Ան իր լար
Ուղղեց շեշտ մեր սրտին դալար…
Այսպէս՝ եթէ սիրտը չը՛ լա՜ր
Երջանիկ սէրը Սէր չ՚ըլլար…։