Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԶՏԻԿ ՄԱՀԸ 
       Գիշերն էր շատ ուշ։ Իր անկողնին շուրջ 
Հաւաքուած բոլոր, տրտո՜ւմ, անշա՜րժ, մո՜ւնջ
Կը դիտէինք զայն՝ մեր քո՜յրը փոքրիկ։ 
Մայրս յուսահատ կ’արտասուէր լըռիկ
Ու սնարին քով՝ ընկճուած, տըկար
Ձեռքը ծընօտին՝ հայրս կը խոկար։ 
       Խե՜ղճ, խե՜ղճ քոյր։ Որքա՜ն նիհարցեր էր ան։ 
Մազերը խըռիւ ծոծրակին վըրան
Վիզը ցաւագին կերպով գալարած
Անկենդա՜ն կարծես, լուռ, բազկատարած
Կոպերը ինկած սեւ աչերն ի վար
Հազի՜ւ լըսելի՝ քոյրըս կը հեւար։ 
       Սենեակն էր կէս֊մութ։ Բարձին քով լըռի՜ն 
Կը հիւծէր նիհար բոցը լամբարին
Մայրըս երազկոտ կու լա՜ր կորովի
Երեք եղբայրներս, վախո՜վ, քով քովի
Կը նայէինք մեր քըրոջ հոգեվար
Ինչպէս կը նայի մարդ անդո՜ւնդն ի վար…։ 
       Յանկարծ, սարսափա՛ծ, տենդո՛տ, խելայե՛ղ
—Աչքիս առջեւն է դեռ վայրկեանն ահեղ  
Վերցուց կոպերը, ու իր շուրջ բոլոր 
Դարձուց աչերուն սեւ գունտը մոլոր
Վըտիտ թեւերը գալարեց բարձին
Մազերը կուրծքին վըրայ դողացի՜ն։ 
       Ու յետոյ յոգնած, արդէ՜ն ուժասպառ
Տենդո՛վ սարսռացին շրթներն ու ի սպա՜ռ 
Մընացին յառած մօրըս շրթներուն… 
Հայրըս որ հո՛ն էր, գունատ, շուարուն
Գլխով մեզ նշան ըրաւ երթալուն
Ու մենք հեռացանք գլխիկո՜ր , հըլո՜ւ…։ 
       Անձրեւն էր հանդարտ, անձրեւն անդադրում։ 
Հրաժեշտ վերջին աղօթքն էր տրտում
Աղօթքը անո՛նց՝ որոնք անկենդա՜ն
Աչերնին գոցած մութին մէջ կ’երթան
Կ’երթան ողբալով, կ’երթան մոլորուն
Ո՞ւր, ոչ ոք գիտէ, հեռո՜ւն, մի՜շտ հեռուն…։ 
       Աղօթքէն յետոյ, գլխարկ ի ձեռին
Ծըռեցանք ու տա՛ք շրթները մերին 
Դպցուցինք իրեն սառա՜ծ շրթներուն։ 
Ճերմակներու մէջ՝ քոյրըս զուարթո՜ւն՝ 
Յաւէ՜տ անգիտակ հարուածին ահեղ
Կը ժպտէ՜ր փայտի դագաղին մէջ նեղ։ 
       Վըտի՜տ, սպիտա՜կ զանգուածը իրեն 
Փոքրիկ փոսին մէջ դըրին մեղմօրէն
Ու մենք քարացա՜ծ կը նայէինք վար
Մինչ հողն ափերով իր վրայ կ’իյնար 
Կրկնելով իր հի՜ն մեներգը տրտում
Ու մինչ անձրեւը կու լա՜ր անդադրում…։ 
       Հանգչէ՜, քո՜յր, հողի փոսիդ մէջ յաւէտ
Հանգչէ՜ թարշամող ծաղիկներուն հետ
Ու թիթեռներուն հետ սիրախտաւոր
Ու թռչուններուն հետ փոքրիկ, աղուոր
Որոնք մարգի՜ն մէջ կը մեռնին անհետ… 
Հանգչէ՜ թարշամող ծաղիկներուն հետ։