Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Երջանկութի՜ւն, կայ ու չիկայ.
Իբրեւ դրախտի անգիւտ թռչուն
Յաւե՜րժ կ՚երգէ, բայց ինք չիկայ,
Երազ է երգն իր շառաչուն…։

Ան հին դղեակ մ՚է ծիրանի
Կատարը հեռուի կապոյտ լերան.
Հոն հասնողին բի՜ւր երանի.
Բիւրե՜ր ճամբուն վրայ մեռան…։

Երջանկութիւն կայ ու չիկայ.
Զով առու մ՚է կարկաչուն
Յաւե՜րժ կ՚ըմպես յագո՜ւրդ չիկայ.
Երա՜զ է ջուրն իր պաղպաջուն…։

Երջանկութիւնն կը ծածանի
Քու ծիրանի շուրթիդ վրան.
Հաւտացողին բիւր երանի
Բիւրեր ճամբուդ վրայ մեռան…։