Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԾԵՐ ԲՈՐԵՆԻՆ 
       Անձրեւին տակ կը քալէ. ծե՜ր, ամեհի՜ , 
Էգ բորենին։ Վերջին օրն է, կը վախի։ 
Վա՜րժ ապրելու միշտ ուրիշի մը մահով , 
Իր դիակին կը ցանկայ վա՜յր մ’ապահով։ 
       Խռովեալ ուղեղը մահամերձ գազանի. 
Իր հոգիին մութ վաղուան հարցը չունի։ 
Միայն դողդո՜ջ, կ’ուզէ քալել օրերով , 
Գտնել մութ խորշ մ’ու հոն մեռնիլ անխռով։ 
       —Լո՜ւռ ուղեւոր. տարիներով դիակներ , 
Խողխողելով սուր ժանիքներդ են մաշուեր. 
Ու կը դողաս մահէն, մինչ Մա՜հ է անունդ։ 
       Ինկի՛ր, դիակը՛դ ուրիշի մը սընունդ։ 
Արգանդիդ մէջ կըրած, կաթո՛վըդ սընած , 
Կորիւնդ հո՛ն, փորոտիքէդ ծարաւած։ 
       Դէ՜հ, կեանքին՝ մահն օրէնք դրեր է Աստուա՜ծ…։