Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՃԻՉ ՄԸ 
       Թուխցած ջուրի կայքի մը վրայ մենաւոր՝ 
Ուր իրիկուան լոյսն եղէգին մը փարի
Թռչունի ճիչ մը յուսահատ կ’երկարի՝ 
Խեղճ ճիչ մը, որ հոգեվարք մը լայ հեռուն։ 
       Որքա՜ն նուրբ է, դողդոջ, երկչոտ ու քնքոյշ
Ինչպէ՜ս տրտում հծծէ կրկին ու կրկին
Ու ճամբուն հետ ինչպէ՜ս ձայնն ալ տրտմագին՝ 
Կը մխրճի հորիզոնին մէջ անո՜ւշ։ 
       Ու ինչպէ՞ս լուռ կը կշռէ չափն իր երգին
Ու ինչպէս տխուր իր շեշտին մէջ ողորմուկ
Արձագանգին մէջն ալ մեղմին, անաղմուկ
Երեկոյեան վիշտը անհուն կը հեծէ։ 
       Այնքա՜ն մեղմ է, որ հազիւ թէ կ’իմացուի
Բայց ան կ’երգէ միշտ ու անխոնջ, անդադրում
Մեռնողներուն մըթին հրաժեշտը տրտում
Ան կը պատմէ խեղճ վախճաններն ու մահեր։ 
       Մա՜հը ծաղկանց, միջատներուն, մա՜հն անուշ 
Աստղիկներուն, ու թեւերուն , մարգերուն
Նա կը պատմէ թըռիչքները, որք հեռուն
Կը հանգչին լուռ, կոտրտուա՜ծ, խոտին մէջ…։