Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՆՈՎ ԳԻՇԵՐ

Օդին մէջ խունկ կայ, օդին մէջ համբոյր,
Օդին մէջ գգուանք, օդին մէջ գաղջ բոյր.
Բի՜ւր, բիւր դիցանոյշ կարծես շշնջեր
Չորսդիս, այս գիշեր օդին մէջ ինչե՜ր…։

Ցայգին մէջ թրթռում մը կայ անդադրում,
Սիրոյ պէս հըզօր, սիրոյ պէս տրտում,
Հազար աստղ կարծես մէկ-երկու պաչեր
Վերեւս, այս գիշեր երկնքին մէջ ինչե՜ր…։

Լիճն արծաթ փրփրով վե՜ր կը սլանայ,
Ամէն ալեակէ մէկ-մէկ սիրենա
Ինձ կախարդ հրաւէր կարծես շշնջեր.
Այս գիշեր լճիս ծոցին մէջ ինչե՜ր…։

Ա՜խ, տաք սիրտ մ՚ըլլար, երկու թաց աչեր,
Գլուխըս սիրոյ կուրծքին վրայ հանգչէր.
Թեւերս իր մերթ թեւին վրայ խաչէր…
Այս գիշեր գինո՜վ սրտիս մէջ ինչե՜ր…։