ԵՐԱԶՆԵ՜Ր…
Երբեմն
հոգւոյս
ծովուն
վրայ
վէս,
Դիցաբանական
հին
նաւերու
պէս
Կ՚անցնին
երազներ.
Առագաստներն
խունկ
ու
հովով
լեցուն
Արշալոյսներու
կ՚երթան
Աստուծուն,
Շուշա՜ն
երազներ։
Երբեմն
մտքիս
դաշտին
վրայ
դալար,
Եօթ
մուսաներու
նըման
միալար,
Կ՚անցնին
երազներ.
Ձեռք
մը
պաշտելի
մատներն
իմ
նիհար
Կը
տանին
իրեն
շուրթին
սիրահար.
Սիրո՜յ
երազներ։
Երբեմն
սրտիս
գերեզմաննոցէն
Ինձ
հին
սիրելի
մահերու
խուցէն
Կ՚անցնին
երազներ.
Իրենց
քայլին
տակ
ոսկրեր
կը
հնչեն
Ու
անոնք
իմ
մէջ
ի
սպառ
կը
ջնջեն
Ամէ՜ն
երազներ։
Ա՜խ,
կ՚ուզեմ
մոռնալ
կերտուածքս
հողեղէն,
Կ՚ուզեմ
բարձրանալ,
երկնի
աստղերէն
Գողնա՜լ
երազնե՜ր.
Տղու
պէս
թռչի՜լ
անուրջիս
մէջէն.
Բայց
բիւր
ցաւեր
զիս
ի
հող
կը
խաչեն.
Ո՞ւր
էք
երազնե՜ր…։
Եկէք
փռուելու
ճամբուս
վրայ
վերջին,
Արիւնոտ
ոտներս
հողին
կը
դպչին.
Եկէ՜ք
երազներ
Ծեր
արծուի
թեւերս
հովով
լեցնելու,
Հպարտ
հոգիս
մե՜ծ
յոյսով
լացնելու
Սո՜ւտ,
սո՜ւրբ
երազներ…։
Լօզան