ՊԻՏԻ
ՈՒՆԵՆԱՄ…
Հասուննալուդ
Հազար
գիշեր,
Հազար
օր
Սպասեցի
ինչպէս
արծիւն
իր
ձագին.
Ու
դողալով
հազար
գիշեր,
հազար
օր
Հսկեցի
իմ
տենդերուն
սիրագին։
Սպասեցի
հազար
գիշեր,
հազար
օր։
Ան
դեռ
աղջնակ
մ’էր
անմեղ
ժպտօրօր ,
Սրտին
մէջ
յոյս,
աչքին
մէջ
լոյս
մը
կար
վէս.
Սպասեցի
հազար
գիշեր,
հազար
օր
Երբ
հասունցար
դուն
գարնային
սիւքին
պէս…
Դուն
որ
աղջնակ
մ’էիր
անմեղ
ժպտօրօր։
Հասուննալուդ
սպասեցի
մօր
մը
պէս ,
Ահա
հասար
ողկոյզի
պէս
շառագոյն.
Վարսերդ
ալիք֊ալիք
ծովու
մը
հանգոյն ,
Բեղմնուելու
ծարաւն
ունի
կուրծքըդ
վէս.
Հասար
գինով
ողկոյզի
պէս
շառագոյն։
Սպասեցի
հազար
գիշեր
ես
հեռուէն ,
Ու
հսկեցի
որ
ոչ
մի
ցաւ
չունենաս…
Երբ
արթնցար
քու
էգ
իրանդ
թօթուելէն՝
Ինծի
ըսիր՝
Զիս
երբեք
պիտի
չունենաս ,
Զուր
կը
սպասես
հազար
գիշեր
դու
հեռուէն…։
Զգո՜յշ.
դու
իմ
թեւերուս
մէջ
անահ
Պիտի
մարեմ
քու
տարփաւոր
կուրծքին
մէջ
Ունենալու
համար
գոնէ
սիրտ
ի
մահ.
Ու
թէ
սէրով
սրտիդ
կեանք
տալ
չի
կրնամ
Քեզ
հետ
պիտի
անմահանանք
մահուն
մէջ
Ու
մահուն
մէջ
զքեզ
պիտի
ունենամ…։
16
Մայիս
1910