Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱ՜ՂԸ

—Վա՜ղը…— ըսիր ինձ տրտմաբար
Ա՜խ այդ մէկ վանկը անհընար,
Յաւիտեաններ կը խոստանար.
Շրթունքիդ այդ խաղը՝ «Վա՜ղը…»։

«Վաղը…» ինչո՞ւ. մինչդեռ այսօր
Այնքան չքնաղ ես ու բոսո՜ր.
Ու մինչ մեր վրայ ա՛յնքան հըզօր
Կ՚իշխէ այս պահն այսօ՜ր… «Վա՞ղը…»։

Այսօր սէրն է այսօրն հմայք.
Այսօրն յոյսն է, այսօրը կեանք,
Այսօր երազ այսօրը խաբկանք
Մինչ դուն ինծի ըսիր «Վա՜ղը…»։

Ու երկչոտ սիրտըդ աղջըկայ
Մաղթեց որ այդ վաղը չի գայ,
Վաղն ի՜նչ է որ, վաղը չիկա՛յ,
Գերեզմա՜ն մ՚է, հոգի՛ս, վաղը…։