Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԶՏԻԿ ՍԻՐՏԸԴ

Ես մերթ կը խորհիմ թէ աստղերն ի՞նչ են,
Սիրող աչերու պէս քաղցր ու ջինջ են.
Ու ամպերն ի՞նչ են, ու Աստուած ո՞վ է
Նախանիւթն առջին մարմի՞ն է, հո՞վ է…։

Ու չէ՞ կարելի մեծ տիեզերքին
Մըտովի հասնիլ օր մը եզերքին.
Ու Անհունութիւնն իրաւ անհո՞ւն է,
Ու Անմահութի՛ւնը լոկ անո՞ւն է…։

Յիմար եմ որ այսպէս խոր կը խորհիմ,
Ես որ չի գիտցայ դեռ, պաշտելիդ իմ,
Ինչո՞ւ օր մը զիս սիրով սիրեցիր,
Թէ կը սիրէիր՝ ինչո՞ւ լըքեցիր…։

Չկրցայ ճանչընալ պզտըլիկ սիրտըդ,
Իմ մէկ ափիս մէջ փշրելիք սիրտըդ,
Բայց դեռ կը խորհիմ՝ երազիս մէջէն՝
Թէ աստղերն ի՞նչ են… Սիրոյ պէս ջի՜նջ են…»։