Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ

Ես վարդին ըսի. «Ո՜վ գեղեցիկ վարդ
Սիրտըս լեցուցեր սեւ ամպեր բարդ-բարդ,
Կուրծքիս վրայ դնեմ ժըպիտըդ զուարթ…
Ան ձեռքըս խոցեց
Թերթերը գոցեց
— Թիթեռնին կ՚ուզէր բանալ իր սիրտը։

Կարապին ըսի. «Ո՜վ ճերմակ կարապ,
Գգուանքով լեցուր իմ հոգիս պարապ
Սիրտը սեւ դժոխք մըն է խոր վիրապ…»
Ան թեւըս հրեց,
Հեռացա՜ւ, լռե՜ց.
— Ալեակին կ՚ուզէր բանալ իր սիրտը։

Ծեր սարին ըսի. «Ո՜վ խոժոռած սար,
Գահավէժ ձիւնիդ մէջ խե՜ղճ հոգիս ա՛ռ,
Պահէ խեղճ հոգիս պատանքիդ մէջ սա՛ռ…»
Ողբիս դառնահեծ
Ծեր սարը լռե՜ց.
— Ան ջրվէժներո՜ւն բացաւ իր սիրտը։

Աղջկան ըսի. «Ո՜վ քոյրիկ, ո՜վ կոյս,
Բնութիւնն անտարբե՜ր կը լռէ հոգւոյս,
Դուն սիրէ գոնէ զիս, իմ յետի՜ն յոյս…»
Հուրի դէմքը կարմրեց.
Փախաւ ու լռե՜ց.
— Ան խե՜նթ հովերուն բացաւ իր սիրտը։