ՀՈՎԻԿԸ
  
 
   
    Գարնան 
   
    հովիկ, 
   
    ուստի՜ 
   
    կու 
   
    գաս։
 
   
    — 
   
    Կու 
   
    գամ 
   
    ձորէն, 
   
    կու 
   
    գամ 
   
    սարէն, 
 
   
    Սար 
   
    թէ 
   
    ձոր 
   
    ինձ 
   
    հաւասար 
   
    են, 
 
   
    Կու 
   
    գամ 
   
    մարգիս 
   
    այցելելու…։
  
 
   
    Ամրան 
   
    հովիկ 
   
    ուստի՜ 
   
    կու 
   
    գաս։
 
   
    — 
   
    Համբոյրներու 
   
    կու 
   
    գամ 
   
    շունչէն
 
   
    Առուներու 
   
    սուրբ 
   
    մրմունջէն, 
 
   
    Կու 
   
    գամ 
   
    վարդերս 
   
    ցանելու…։
  
 
   
    Աշնան 
   
    հովիկ 
   
    ուստի՜ 
   
    կու 
   
    գաս.
 
   
    — 
   
    Կոկոն-կոկոն 
   
    վարդերս 
   
    փարթամ
 
   
    Մեռան 
   
    թերթ-թերթ… 
   
    Թո՜ղ 
   
    ինձ, 
   
    կ՚երթամ
 
   
    Յաւէտ 
   
    գարուն 
   
    մը 
   
    փնտռելու…։
  
 
   
    Ձմրան 
   
    հովիկ, 
   
    ուստի՜ 
   
    կու 
   
    գաս։
 
   
    — 
   
    Ի՜ 
   
    զուր, 
   
    չիկա՜յ 
   
    յաւէտ 
   
    գարուն.
 
   
    Կ՚երթամ 
   
    դաշտն 
   
    ծեր 
   
    քարերուն
 
   
    Վրայ 
   
    մամուռ 
   
    բուսցնելու, 
   
    լալու…։