Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԻՏԱԿ ՈՃԻՐ

Գեղջուկներ յանկարծ զարթնած սրտատրոփ
Կը լսեն հեռուէն ձայներ սրտատրոփ
Պայթիւններ գուժկան, գոռումներ վայրի,
Կը դիտեն հեռուի գիւղն ալ որ կ՚այրի։

Բարբարոսներու գոռ գունդն է կու գայ.
Բոցի տալէ վերջ գիւղակն հեռակայ
Իրենց վրայ կու գայ, իր արշաւին տակ
Պիտի մնայ լոկ ափ մը մոխիր տաք։

Ի՞նչ պիտի ընէ։ Կոյս մը գեղագոյն
Առաջ կը նետուի մոմի պէս տժգոյն։
Ո՞ւր պիտի երթայ. ծեր մայրը լալկան
Մոխիր կը թափէ գլխուն աղջըկան։

Ահա վարդ մարմին ճերմակ քող հագաւ.
Ահա կը մեկնի. չոգեցաւ, պագաւ
Գիւղին հողը սուրբ՝ խաչքարի առջին.
Քայլերը մութին ի՜նչ շուտ կը թռչին…։

***

Կը թռչի մութին, ստուե՜ր հոգեհմայ.
Ահա կը հասնի, ա՜լ հասաւ հիմա,
Ձեռքին ծաղիկներ՝ բարբարոս պետին
Առջեւ դողալով ծնրադրեց գետին։

Ի՜նչ լոյս մ՚անանուն կը ծորի համակ
Իր ծիրան մարմնէն՝ քողին տակ ճերմակ.
Կուսական ի՜նչ շնորհ, ի՜նչ ուժ ահագին
Որ կրնայ լացնել վայրենու հոգին։

Ահա կը պարէ չար պետի չորսդին՝
Կարծես բոցին շուրջ պարն է թիթեռնին,
Ճկո՜ւն իբր սէզ, թեթե՜ւ իբրեւ հով,
Այլանդակ պարեր՝ իր հոգւոյն մահով…։

Ու ան կը պարէ, կը պարէ, տեսէ՜ք,
Արիւնռուշտ բոլոր ռազմիկներն այս սէգ
Գեղեցիկի առջեւ ի՜նչ սրտի ա՛խով
Հմայուած շարուեր են՝ կարծես թէ վախով։

***

Ա՜խ ամրան գիշեր, բոյրերո՜վ օծուն,
Դիցաբանական հեւքերով լեցուն,
Աստղազարդ երկինքն արծաթ կոնք մ՚ըլլար,
Կարծես ճերմակ կոյսն ալ կրօնք մ՚ըլլար…։

Հեթանոս պետի հոգին դիցանուշ
Բի՜ւր յիշատակներ կ՚օրօրին անո՜ւշ,
Յագեցած հազար ոճրով անանուն,
Սիրտն իր քաղցրութեան պէտք մ՚ունի անհուն…։

Ու երբ հրամանին վրայ վագրի մորթով
Վրանը կը կանգնի, չի գիտեր փութով
Ինչո՞ւ ներս մտաւ կոյսին հետ հըլու,
Արդեօք տռփալո՞ւ համար թէ լալո՜ւ…։

Ու մինչ ռազմիկներ քնացան անզգած,
Ու մարեցաւ լոյսն, ան գրեթէ չ՚զգաց՝
Երբ սեղմեց կոյսն իր կուրծքին վրայ հրէշի՝
Թէ սրտին մտաւ դաշոյնը վրէժի…։