Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄՈՒՍԱՅԻՆ

Թէ ջըլապինդ մըշակն ի՛նչպէս կը փարի
Իր կոր մաճին, կը պատռէ լանջն հողերուն:
Եւ սահանքին տակ արփական շողերուն
Ի՛նչպէս կ'ըլլան լերկ ակօսները՝ բերրի:

Թէ շիկագոյն ցորեանն ի՛նչպէս կալին մէջ
Կը բըրգանայ, եւ աղորիք կը մռընչեն.
Ի՛նչպէս կ'յորդի քաղցած խըմորը տաշտէն,
Զոր հուսկ կ'եփեն գեղջուկ փուռին մէջ անշէջ:

Թէ կը սըփռէ Հա՜ցը, Հա՜ցը սըրբազան
Ի՛նչ բերկրանքներ, արարչական ի՛նչ կորով,
Սորվեցո՛ւր ինձ, ո՛վ հայրենի իմ Մուսան:

Սորվեցուր ինձ. պսակէ քընարս հասկերով,
Զի կալին մէջ, զով շուքին տակ ուռիին
Ահա կը նստիմ, ու նըւագներս կը ծընի՜ն: