ՄՈՒՍԱՅԻՆ
  
 
   
    Թէ 
   
    ջըլապինդ 
   
    մըշակն 
   
    ի՛նչպէս 
   
    կը 
   
    փարի
 
   
    Իր 
   
    կոր 
   
    մաճին, 
   
    կը 
   
    պատռէ 
   
    լանջն 
   
    հողերուն: 
 
   
    Եւ 
   
    սահանքին 
   
    տակ 
   
    արփական 
   
    շողերուն 
 
   
    Ի՛նչպէս 
   
    կ'ըլլան 
   
    լերկ 
   
    ակօսները՝ 
   
    բերրի:
  
 
   
    Թէ 
   
    շիկագոյն 
   
    ցորեանն 
   
    ի՛նչպէս 
   
    կալին 
   
    մէջ 
 
   
    Կը 
   
    բըրգանայ, 
   
    եւ 
   
    աղորիք 
   
    կը 
   
    մռընչեն.
 
   
    Ի՛նչպէս 
   
    կ'յորդի 
   
    քաղցած 
   
    խըմորը 
   
    տաշտէն,
 
   
    Զոր 
   
    հուսկ 
   
    կ'եփեն 
   
    գեղջուկ 
   
    փուռին 
   
    մէջ 
   
    անշէջ:
  
 
   
    Թէ 
   
    կը 
   
    սըփռէ 
   
    Հա՜ցը, 
   
    Հա՜ցը 
   
    սըրբազան
 
   
    Ի՛նչ 
   
    բերկրանքներ, 
   
    արարչական 
   
    ի՛նչ 
   
    կորով, 
 
   
    Սորվեցո՛ւր 
   
    ինձ, 
   
    ո՛վ 
   
    հայրենի 
   
    իմ 
   
    Մուսան:
  
 
   
    Սորվեցուր 
   
    ինձ. 
   
    պսակէ 
   
    քընարս 
   
    հասկերով,
 
   
    Զի 
   
    կալին 
   
    մէջ, 
   
    զով 
   
    շուքին 
   
    տակ 
   
    ուռիին
 
   
    Ահա 
   
    կը 
   
    նստիմ, 
   
    ու 
   
    նըւագներս 
   
    կը 
   
    ծընի՜ն: