Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱԿԱՉՆԵՐ

Քո՛յր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ՛.
Ահա սիրող սիրտերու պէս կ'արիւնին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղէ
Խըմենք ալիքն արեւին:

Անոնք ա՛յնչափ բըռընկեր են՝ որ կարծես
Հըրդեհն իրենց կ'այրէ դաշտերը անհուն:
Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակէզ
Խըմենք կայծերն աստղերուն:

Քոյր իմ, քաղէ՛, լորի մը պէս ծածկըւած
Ցորեններուն մէջ՝ որ մեղմիկ կը նազին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած
Խըմենք արիւնն ակօւն մէջէն
Կ'անցնին զերդ փայլակ:

Արտըս ոսկո՜ւն է…
Մերթ կ'ելլէ, հովէն,
Դեղձանիկ մը, թի՛ռ,
Ոսկեծուփ ծովէն:

Օրօ՜ր, ոսկո՛ւն արտ,
Օ՜ր տուր, հասո՛ւն արտ,
Գամ ոսկիդ հընձեմ
Մանգաղով արծաթ: