Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՄՆԵՐԳ

Կամ կը քըշեմ վաղուան յոյսով՝
Արեւն առած ճակտիս վըրայ:
Հորիզոնը, անհուն լոյսով
Իմ աչքերուս մէջ կը լողայ:
Դարձի՛ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Նուաճէ դէզերը հունձքերուս ժիր, ժիր:

Կը թըռչըտի շուրջը կալին
Իշամեղուն, բռնկած գոհար,
Ու թափ տալով խըռպոտ տաղին՝
Լըծկանն առաջ կը մըղէ յար:
Դարձի՛ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Քանդէ պըսակն որաներուն, ժիր, ժիր:

Վարոցըս սուր, հըսկայ, մասուր,
Յօտուած՝ սըրտէն անտառներուն
Իմ ծոյլ եզիս կողէն հաստոյր
Մերթ կը քաղէ կաթիլ մ'արիւն:
Դարձի՜ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Խուզէ հասկին բոց մօրուքը, ժիր, ժիր:

Յորձանքին մէջ աշխետ հունձքին
Ես կը լողամ երգերուս հետ.
Մըղեղներուն հետ միասին
Կ'ըմպեմ խարին հոտն արփաւէտ:
Դարձի՛ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Կոյս հատիկին պատռէ քօղը, ժիր, ժիր:

Ի՜նչ փոյթ քաղցած ըլլան եզներ,
Ու մըշակներն ալ՝ ծարաւի.
Խոտն է կանանչ ձորին մէջ դեռ,
Թանն աղբիւրին մէջ կը պաղի:
Դարձի՛ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Հասկին սըրտէն սուտակ թափէ, ժիր, ժիր:

Զուր տեղը չէր, կա՛մըս աղուոր,
Որ օծեցի քեզ կուպրերով,
Զինեցի պորտըդ սեւաւոր
Կայծքարէ սուր ակռաներով:
Դարձի՛ր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Կըրծէ՛ յարդին ոսկիները, ժիր, ժիր:

Ցորե՜նն ահա, ցորե՜նն ահա,
Մըշուշին մէջ մըղեղներուն,
Անհունօրէ՜ն կ'արշալոյսնայ:
…Զըւարթութի՜ւ խըրճիթներուն:
Կեցի՛ր կամըս, ա՛լ կեցիր դուն,
Խաղաղութի՜ւն խըրճիթներուն…