Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՆԴԱՊԱՀԸ

  —«Եհէ՜. եհէ՜. արտերուն մէջ մարդ մարդաձայն չը մըտնէ՜»։
Հովերուն հետ սարէն եկող անդապահին աղաղակն է։

Ուսընդանութ պարկը կախած եւ մասրենի ցուպ մը ձեռքին՝
Ցորեաններու զըմրուխտին մէջ կը թափառի ան առանձին։

Արեւներուն մէջ կը լողայ ինչպէս ամրան իշամեղուն։
Աչքերուն մէջ կը ծաւալի կանանչ երազը դաշտերուն։

Գիշերը մերթ սարին նըստած լուսինին դէմ կ՚ածէ սըրինգ.
Խրտուիլակը ցանքին մէջէն, միակ ընկեր, կը լըսէ զինք։

Երգերուն տակ անդորրական հասկերն համայն կը ծոցուորին.
Կը կատաղի՝ երբոր զանոնք իր թեւին տակ լըլկէ քամին։

Ան սարսափն է բոլոր անոնց՝ որ կ՚աւրեն անդ ու անդաստան.
Կը խըռովեն շողքն արեւուն, կը կոխկըրտեն հացը վաղուան։

Ի՜նչ խլուրդներ է ըսպաննած, եւ պնդագլուխ ի՜նչ գոմէշներ
Հարուածներէն իր ճարահատ ճահիճներն են ապաստաներ։

Ան դեռ երէկ քաղուորներու չըքնաղ երամ մ՚հալածելով՝
Հարսի մը ոտքը ջախջախեց սատկած իշու մ՚յաղթ ծընօտով։

Ու սարին վրայ միշտ հովերո՜ւն, հովերո՜ւն հետ կ՚աղաղակէ.
—«Եհէ՜, եհէ՜. արտերուն մէջ մարդ մարդաձայն չը մըտնէ՜»։