Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄԲԱՐՆԵՐ

Տընակին մէջ մըթընշաղ, կըտուրին տակ հայրական.
Ամբարնե՜րն են, շար ի շար, նոր բերքերով ծոցուորած։
Իրենց լայնշի արգանդէն՝ թանձըր բոյրերը կու գան
Աշուններուն պըտղալից եւ արտերուն մանգաղուած։

Հո՛ն է վիգը թըխահատ, հո՛ն է գարին իլաձեւ.
Հո՛ն, քամուելով ակօսէն ու հոսելով սարն ի վար
Ցորեանն հեղե՜ղ է կազմեր։ Անոնք ոսկի եւ արեւ
Գըրկած կարծես թէ ըլլան արշալոյսներ ամպածրար։

Գերաններէն ծըխապատ, եւ մենաւոր պատերէն
Սարդն անոնց վրայ է փըռեր պատմուճանները մոխրոտ։
Մերթ անոնց վրայ կը ցաթէ շեշտակի լոյս մը վերէն
Տատամսելէ վերջ երկա՜ր շուրջն երդիքին արեւոտ։

Անոնք իրենց ծոցին մէջ գանձերն հողին ծըրարած՝
Կարծես լըռիկ կը հեգնեն ձըմեռն ու սովը վաղուան…
Իրենց առջեւ, մըշտարթուն, թաւ պոչին մէջ ծըւարած,
Կը հըսկէ տանը կատուն, Համբարուի մը նըման։