Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Բ.

Նոյեմբեր . . .

Երկու օր առաջ՝ աւելի յաջող գիւտ մը ըրի. արքենի հասակով տարէց անձի մը հանդիպեցայ վանական բակին մէջ՝ հազիւ խնդուքս կրցայ զսպել. ալեկոծութեան բռնուած նաւու մը կայմին պէս երերալով՝ գաւազանի մը օգնութեամբ կ’երթար. հովիւ չէր կրնար ըլլալ, քանի որ հնամաշ արեւմտեան տարազ մը կը կրէր. թերեւս վերակացու մը մտածեցի, սակայն դաժան դէմք չունէր։ Զիս երկբայանքի մէջ ձգեց, տատամսելով մօտեցայ իրեն։

Բարեւ եղբայր…

Բարեւ հայր սուրբ։

Այսքանը բաւեց։ Նստելով բակին մէջ կանգնող զանգակատան աստիճաններէն միուն վրայ, ծանօթացնող քանի մը հարցումներէ վերջ, մեր խօսակցութիւնը սկսաւ յածիլ զանազան խնդիրներու շուրջ։

Նախ Վանքին վրայ անդրադարձանք՝ ու մինչ ընկերակիցս զիս տեղեկութիւններով կը հարստացնէր, ես կը դիտէի իր դէմքը։ Անիկա պատկառելի էր առանց այն խստութեան, զոր տարիքը, տառապանքն ու ծերութեան յոռետեսութիւնը կրնան դնել դէմքի մը վրայ։ Երկար մազերուն եւ բոցաձեւ մօրուսին դեղնոտած սպիտակութեան մէջտեղ, իր ցայտուն գիծերով դէմքը տկարօրէն խորշոմած էր ու թուխ. արծուային քիթ մը զգալիօրէն կորանալով կը հակէր դէպի բերանին սեւ գիծը։ Այդ կորովի դէմքը տարօրէն կը մեղմանար աչքերովը, որոնց կապոյտ քաղցրութիւնը տակաւին մարած չէր կայծը, որ ինչպէս հասկցայ յետոյ, կը հոսի անոնց մէջ խելանի եւ հետաքնին բանականութենէ մը։

Աշնանային, որովհետեւ այդ եղանակին մէջ ենք, գաղջ արեւ մը մեզ կ’ողողէ, խտղտացնելով մեր կողերը գոհունակ սարսուռով եւ հոսելով մեր ծոծրակներէն վար։ Մենէ քանի մը քայլ անդին, տատրակներու խումբեր զուարթօրէն գետինը կը կտցահարէին, երբեմն հանելով մրմունջ մը՝ որ Եկեղեցւոյն սիւնակապ եւ կամարաւոր դրան՝ ու բակը շրջանակող շինութիւններու քուանկիւններէն կը ստանար իր պատասխանը։

Գիւտեր կ’ընէի այդ մարդուն մէջ. ունկնդրելու հաճոյքը քիչ անգամ ինձ համար այսքան ըղձալի եղած էր, իմ դառնութեանս վերջին հետքերը կը մեկնէին, իր իմաստուն եւ հայրական խօսքերով։ Ուրեմն կը գտնէի ընկեր մը, որ շատ կարդացած էր, կեանքը տեսած, անոր համին տեղեակ. իր հանդարտ, կշռուած մարդու դատողութիւնները ինէ ներս կ’անցնէին, ինչպէս, միջօրէի անուշ արեւին ճաճանչները։

Մեր խօսակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ ազգային Աղէտը, որուն անսահման տրտմութեամբ մասնակից կ’երեւար, քանի որ աչքերը մէկէ աւելի անգամ լեցուեցան. բայց, վստահ էր մեր ապագային վրայ։ Չի բացատրեց թէ այդ լաւատեսութիւնը ուրկէ՞ կուգար. ապահովուած կը խօսէր. թերեւս մարգարէական յայտնատեսութեամբ։

Չէ՛, ես թէեւ նուազ փորձ, անյոյս եմ հայուն ապագային մասին. մեր աշխատանքը զուր է, քանի որ մեծ շահերու մէջ յածող պզտիկ շահ մըն ենք. ասով միասին չպիտի ջլատուիմ, ատիկա յատուկ է ծեր եւ հարուստ վարդապետին, եպիսկոպոսներու, որոնք ազգէն վշտացած եւ անկէ քէն ըրած ըլլալու երեւոյթը կ’առնեն՝ զայն կեղեքելէ վերջ։ Երիտասարդ եմ, ապագայ ունիմ, գոնէ անանկ խորհած եմ յաճախ, ու մանաւանդ մասնակցելով ազգիս տառապանքին՝ անոր ծառայած ըլլալու գոհունակութիւնը կ’ունենամ։

Անդրադարձայ նոր հաստատուելիք որբանոցին վրայ. պարզեցի իրեն ծրագիրներս. շինել վարժարան մը թեմական դրամահաւաքութեամբ, որ կատարուած է կիսովին, ուսուցիչներ գործի հրաւիրել՝ ու շրջանին համար սերունդ մը ստեղծել՝ որ լուսամիտ եւ չարքաշ ըլլայ. քահանաներ կամ կուսակրօններ պատրաստելու միտք չունիմ, որովհետեւ շատ են։

Յետոյ՝ մեր շահերը… կը վտանգուին ըսի. ժպտեցաւ։

Իբր այս ամէնուն երաշխիք՝ կարելի էր Վանքին ընդարձակ հողերը մշակել տալ, բազմացնել դուարը, մեղուաբուծութիւնը զարգացնել ու նաեւ արտասահմանէն բարերարներ ճարել։

Դժուար է հոս որբանոց մը պահել, վրայ բերաւ խօսակիցս, բայց ժամանակ մը կրնան պատսպարուիլ այդ խեղճերը. վանահայրը ծոյլ է եւ թշնամի ատանկ ձեռնարկներու. միայն թէ՝ յուսահատելու չէ՛, զաւակս…

Զաւակս բառը՝ իմ վեղարաւորի արժանապատուութիւնս կրնար վիրաւորել, բայց այս մարդուն կողմէ ըսուած՝ զիս որդիական սիրով կը լեցնէ. իրա՛ւ մանկան մը սիրտը կը կրեմ, երկչոտ զգայուն՝ այլ փառասէր տղու մը։ Պատիւներ չեն ասոնք ինծի համար, հարկաւ օր մը պիտի փոխուիմ բոլորովին։

Խօսակցութեան թելը խզեցի, հեռացնելու համար ծերունիին տրտմալիր յարաբերութիւնը՝ անցեալ մէկ երկու տարիներու արիւնոտ օրերէն. յանկարծ հարցուցի՝

Վանքին մէջ շատ ձեռագիրներ կա՞ն։

Խօսքս հազիւ կրցայ վերջացնել. տեսայ որ այս հակած ծերունին՝ շտկեց իրանը, ժպտեցաւ, ու շփոթութիւնս տեսնելով, վստահեցուց զիս զուարթօրէն։

Ձեռագիրները ընկերներս են, ընտանիքս ու զավակներս։ Ընտանիք մը՝ որ մէկ քանի հարիւր անդամներ ունի…

Տասնըվեց տարի առաջ կորսնցուցի կինս ու զաւակներս. յետոյ արկածի մը հետեւանքով ոտքս կաղացաւ. այս տեղն ինկայ իբր անկար վարժապետ մը՝ օգնելու համար Վանահօր։ Ամիսներով տանջուեցայ մենութեան ու կարօտի արցունքներով. վանքը ժխորի վարժ ուսուցչի մը տեղը չէ վարդապետ։

Օր մը, ատիկա իմ կորած սրտիս յարութեան օրը պիտի ըլլար, ժամուն պահարաններէն մէկուն մէջ քանի մը սնտուկ գտայ։ Բացի. խառն ի խուռն, փոշոտ ու քայքայուած գիրքեր էին. հետաքրքրուելով մաքրեցի զանոնք, անոնց պարունակութիւնն ալ փորձեց զիս, համակրանքը չուշացաւ եւ ի վերջոյ անոնց խորին սիրովը լեցուեցայ։

Գեղազարդուած ձեռագիրներ էին, մագաղաթեայ սաղմոսարաններ, աղուէսագրքեր, բժշկարաններ, աշուղական սիրոյ տաղարաններ։ Պրպտումներս առաջ տանելով գտայ նաեւ նկարներ, հազուագիւտ գեղեցկութեամբ, ու մինչեւ հիմա ալ վանքը խուզարկութիւններուս ապերախտ չէ գտնուած։ Ասոնց հանդէպ իմ բուռն զգացումս չէմ կրնար բացատրել. թուղթի մագաղաթի այդ կտորներուն համար ունեցածս ճշմարիտ սիրահարութիւն մըն է…

Բայց զուր չէ ատիկա. կը յիշեմ՝ որ մանկութեանս խորին հիացմամբ եւ ակնածանքով կը նայէի մեր Անդրէաս պատուելիի գծած ծաղկեայ գիրերուն. ժամերով կը յառէի անոնց, փորձելով ընդօրինակել. անյաջողութիւնս բարկութեան եւ ամօթի լացով հազիւ կը գոհանար։

Վանական այս խեղճ կեանքին մէջ, այդ գանձերուն հաւատարիմ պահապանի ունայն դերը պիտի կատարեմ մինչեւ մահս՝ գոհունակ սրտով, միշտ կարդալով հիներուն իմաստութիւնն ու սիրոյ գոհարները եւ աչքերս անյագօրէն յառելով ձեռագրերու նկարազարդ էջին ու նկարի մը պարզ՝ այլ զգայուն երանգներուն։ Չեմ յուսար որ՝ յագենամ օր մը։

Տատրակներու թռիչին ծափը՝ կասեցուց իր խանդավառութիւնը, ելաւ գետեզրը երթալու։

Տակաւին շատ անգամ պիտի տեսնուինք ըսաւ, լա՛ւ բարեկամներ կրնանք ըլլալ։ Ես ալ ազնիւ հոգիի մը կարօտը ունէի։

Մխիթարուած՝ ձգեցի զինքը. օրագրի այս էջերը անկեղծութեանս արձագանգն ըլլալու են. կը խորհիմ որ այս անձը թանկագին է ինձ համար. ընկեր մը, նոյնիսկ հայր մըն է, ես ալ սիրած եմ արուեստը թէեւ շատ բան մը չեմ հասկնար անկէ։

Ա՜հ… անո՞ւնը… այո՛. Եղիազար էր, մինչդեռ իմինս Արտակ է ըսի իրեն։