ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
Զ.
Դեկտեմբեր . . . . .
Շաբաթէ
մը
ի
վեր
կը
ձիւնէ։
Ցուրտ
հովերու
կամքին
անձնատուր
սահմանաւոր
գորշ
միջոցին
վրայ,
ճերմակ
մասնիկներ
յիմարներու
պարը
կը
դառնան։
Երկար
կը
մնամ
պատուհանին
առաջ,
դիտելու
համար
մթնոլորտը
լեցնող
այս
եռուզեռը։
Թերեւս
գէշ
է
ասանկ
հաճոյանալ,
զուարթութիւն
գտնել
բանի
մը
մէջ՝
որ
ուրիշներուն
թշուառութիւնն
է.
ի՞նչ
կ’ընեն
հիմա
բիւրաւոր
անտուն
եւ
մերկ
Հայերը։
Այս
մտածումը
լուրջ
բան
մըն
է՝
բայց
ես
անգիտակից
հրճուանքով
մը,
կրկին
անձնատուր
կ’ըլլամ
ձիւնամրրիկներու
վայելքին։
Ձիւնը՝
պահ
մը
խոշոր
հատերով,
տատամսումով,
խաղաղօրէն
կը
թափի,
բայց
ահա
մեծ
խուճապ
մը
կը
լեցուի
մթնոլորտին
մէջ,
հովը
ապակիներուն
կը
զարնէ
ապտակ
մը
իր
սպիտակ
ափերով.
տեսութիւնս
ան
ատեն
կը
կասի,
կը
մարին
տեսարանները,
մինչեւ
որ
ձիւները
հալին
ու
արցունքներու
պէս
վար
սահին,
այն
ատեն
նորէն
ծայր
կուտան
մասնիկներու
անակնկալ,
չարաճճի
թափառումները,
վազքն
ու
գահավիժումը։
Իրա՜ւ
որ
շարժումը
գերազանց
բան
մըն
է,
թէեւ
նախասոկրատեան
իմաստուններէն
ոմանք
կուրանային
զայն։
Այդ
յարաշարժ
սպիտակ
քօղին
մէջէն
Մայր-Բնութիւնը
կ’երեւի
անյոյզ,
ստոյիկի
մը
պէս
կրելով
մոռացումի
եւ
մահուան
պատրանքը։
Վանքին
պարտէզը,
գետեզրի
ուռիները,
առուակներու
վերեւ
ցցուող
ուրուամարմին
բարտիները,
քանի
մը
որմերու
սեւ
կողեր
չեն
կրնար
դաշտօրէին
մերկութիւնը
մեղմել։
Մե՜րկ,
մե՜րկ
կուսակրօնի
մը
սրտին
պէս,
իմ
սրտիս
պէս…
փոյթ
չէ,
այս
տեսարանը
լաւ
տրամադրութեամբ
կը
լեցնէ
զիս
եւ
երգելու
պէտքը
կը
զգամ։
Հիմա
օրուան
գործերս
եւ
երկու
ամսուան
վարժութիւնը
Վանքը
հաճելի
ըրած
են
ինծի։
Որբերուն
վիճակը
բարելաւուած
է՝
առաջին
օրերու
ցնցոտիներուն
տեղ
քիչ
թէ
շատ
կանոնաւոր
հագուստ
շինուած.
մակաբոյծներու,
աղտին
ու
վէրքերու
տակ
բորբոսող
իրենց
մարմինները՝
շնորհիւ
կանոնաւոր
խնամքներու
մաքրուած
են։
Այս
բոլորը
իրագործուեցան
իմ
եւ
պաշտօնեաներուս
անձնուէր
ջանքովը։
Պ.
Ալեքսանդրը
տղոց
հետ
է
միշտ։
Դասի
ժամերէն
դուրս
օրը
քանի
մը
անգամ
ալ
կ’այցելեմ
որբերուն
յարկաբաժինը։
Այն
սենեակը՝
ուր
իբր
դասարան
կը
նստին
փոքր
է,
վառարանին
ու
տղոց
արտաշնչութիւնը
գէշ
կերպով
կ’ապականէ
օդը,
անանկ
որ՝
ներս
մտնելուդ
աչքերդ
կը
մթագնին։
Ասիկա
առողջապահիկ
չէ
անշուշտ,
բայց
ի՞նչ
ընել՝
ուրիշ
յարմարագոյն
պատսպարան
մը
չի
կայ.
յետոյ
գրասեղան
ալ
չունին,
կը
նստին
բազմոցներու
վրայ՝
որոնք
փոշիի
կայաններ
են։
Վանահայրը
կը
մերժէ
գրասեղաններ
շինել
տալ։
Ա՜խ
պարարտ
խոզ,
որ
նոյն
իսկ
ծայրագունութեան
աստիճան
ալ
ունի,
մինչ
ես
տակաւին
պարզ
վարդապետ
մըն
եմ։
Այս
առտու
Ալեքսանդրը
ինձ
կ’ըսէր՝
—
Հայր
Սուրբ,
զարմանալի
են
այս
տղաքը,
օրերով
տխուր,
լուռ
ու
մունջ
կը
նստին,
ասիկա
իմ
յուսահատութիւնս
է,
իրենց
վիճակակից
կ’ընեն
զիս
ալ։
Չեմ
ըսեր
թէ
ծոյլ
են,
ընդհանրապէս
գոհ
եմ
իրենց
դասերէն,
բայց
կայ
բան
մը
որ
կը
նեղէ
զիրենք։
Յետոյ
կռուարար
են,
երբեմն
հազիւ
թէ
իրենց
սենեակէն
կը
հեռանամ՝
ահա
նախ
խնդալու
նոպայէ
մը
կը
բռնուին,
յետոյ
ձեռք
կ’առնեն
իրենց
բազմոցները,
կը
սկսի
գզուըտուքը.
աղմուկէն
ներս
կը
վազեմ,
փոքրիկ
դասարանը
փոշիներու
մշուշի
մէջ
կը
կորսուի,
մինչ
մեծ
ու
փոքր
գիրկընդխառն
գետնին
վրայ
կը
քաշկռտուին,
ոմանք
արտասուալից
ճիչերով,
ուրիշներ
քրքջալիր
եւ
շնչասպառ։
Միայն
Խաչերն
է
որ
այդ
ամէնուն
անմասն
կը
մնայ,
լուռ
կերպով
այդ
փոքրը
կը
հիւծի,
եկած
օրերս
զինք
աւելի
գէր
գտած
էի,
հիմա
գունատեր
է
ու
նիհարցած
ալ
է.
ափ
մը
մարմին.
բայց
սիրուն
տղայ
չէ՞
Հայր
Սուրբ,
պիտի
ուզէի
ատանկ
մանչ
մը
ունենալ։
Դաս
չի
պատրաստեր,
խաղալու
հետամուտ
չէ,
քիչ
կը
խօսի
ու
խիստ
նայուածքէ
մը
աչքերը
կը
լեցուին։
Գիշերները
շատ
անգամ
գլուխը
վերմակին
տակ
քաշած
կը
հեծկլտայ,
պատճառը
կը
հարցնեմ,
չի
խօսիր,
կը
շոյեմ
իր
այրող
գլուխը
երկարօրէն,
մինչեւ
որ
քնանայ.
անգամ
մը
միայն
ըսաւ
թէ
«կը
վախնամ»։
Վախը
չէ՛
միայն,
մտածելով
սա
եզրակացութեան
հասայ։
Այս
տղաքը
հայր,
մայր
ունէին,
թերեւս
ալ
բարեկեցիկ
էին.
երբ
հայրերնին
մեռաւ
գոնէ
մայր
մը
կար
որ
իրենց
կրնալ
ժպտիլ.
հոս
բոյնէ
զրկուած
թռչնիկներու
կը
նմանին,
ընտանեզուրկ,
աշխարհի
կեանքէն
խզուած,
նետուած
կէտի
մը
վրայ,
ուր
վանականն
ու
մենակեացը
անգամ
տագնապի,
ձանձրոյթի
պահեր
կ’անցնեն։
Ես
վանքի
որբանոցներուն
մասին
լաւ
կարծիք
չեմ
ունեցած։
—
Ինչո՞ւ
Պ.
Ալեքսանդր,
հարցուցի
հեգնութեամբ։
—
Որովհետեւ
վնասակար
հաստատութիւններ
են։
Ի՞նչ
կ՚ուզէ
պատրաստել
վանքի
որբանոց
մը,
մարդիկ՝
աշխարհի
համար,
բայց
տղաքը
ո՞ւր
պիտի
ճանչնան
աշխարհը՝
որուն
մէջ
պիտի
նետուին
հաց
ճարելու
համար։
Վանքը
քիչ
կամ
շատ
ուսում
կուտայ
տղուն,
անոր
մէջէն
խլելով
ինչ
որ
պիտի
տային
տունը,
փողոցը,
շուկան,
յարաբերական
կեանք
ըսուածը
վերջապէս։
Վանքը,
տղան
հաղորդակցութենէ
զրկելով
կը
վայրենացնէ,
կը
խեղդէ
բարի
ժպիտը՝
արթնցնելով
խոհանքի
եւ
տրտմութեան
ընդունակութիւնը,
մինչ
եսը
անհունօրէն
կ’ընդլայնի
սնունդի
նիւթ
գտնելով
միայն
ինքզինքը։
Մեր
բոլոր
գուրգուրանքը,
մայրական
կամ
քրոջ
մը
ապտակին
հաճոյքը
չեն
կրնար
տալ։
—
Պ.
Ալեքսանդր,
ըսի,
թերեւս
ճշմարիտ
են
ձեր
դիտողութիւնները,
բայց
առանց
այս
վանքերուն
ի՞նչ
վիճակի
մէջ
պիտի
իյնային
բիւրաւոր
որբերը,
բոլոր
Հայաստան
դիակնարան
մըն
է,
իսկ
մեր
երկրին
ցուրտը
գիտես,
ի՞նչ
պիտի
ընէին
այս
մերկ
տղաքը…
—
Թերեւս
աւելի
աղէկ
ըլլային…
քանի
մը
տարիէն
ամէն
բան
կ’անհետի…
մեր
ժողովուրդը
չի
մեռնիր
Վարդապետ…։
Առաջին
անգամն
է
որ
վարդապետ
բառը
կը
գործածէր.
դժգոհութիւն
մը
զգացի.
վարժութեան
հետեւանք
է,
մտերմացանք
Ալեքսանդրին
հետ,
եւ
մտերմութեան
մէջ
ներելի
են
ասանկ
ազատութիւններ,
պայմանաւ
որ
հանրութեան
մէջ
երեւան
չի
գան։
Ալեքսանդր
կ’ըսէ
թէ
որբերը
զոհ
պիտի
ըլլան
վանական
ցամաք
կեանքին,
իրաւացի
է.
միթէ
ես
ալ
անոր
զոհը
չե՞մ։
Կը
յիշեմ
շփոթութիւնս
եւ
ձախաւերութիւնս
երբ
առաջին
անգամ
Պոլիս
գացի.
մինչեւ
այսօր
ալ
նոյն
անվարժութիւնը
ունիմ,
մարդոց
ներկայութիւնը
կ’ամչցնէ
զիս,
եւ
սուրճ
առնելու
գործը,
հոգ
մըն
է
ինծի
համար։
Այսպէս
խորհելով
անցայ
ձիւնածածկ
բակէն՝
ուր
տատրակներու
հեւքը
կը
տիրէր
միշտ
եւ
որ
հեզօրէն
ու
մեծափաթիլ
իյնող
ձիւնէն
կասած
էր։
Գոմը
իջայ.
առաջին
անգամն
է
որ
կ’այցելէի
վանքին
անասուններուն
եւ
հանդիսաւոր
բան
մը
եղաւ
ատիկա
ինձ
համար,
կարծես
թանգարան
կ’երթայի.
առոյգ
սակայն
տգեղ
հովիւ
մը
զիս
ներս
հրեց
ցածուկ
դռնէն,
երեսս
տաքութեամբ
ծածկուեցաւ,
այդ
ջերմին
մթնոլորտը
զգալի,
շօշափելի,
իրական
էր
կարծես,
զայն
դիմակի
մը
նման
կը
կրէի
դէմքիս
վրայ։
Կիսախաւարին
մէջ
կենդանիները
հազիւ
նշմարեցի.
տապալած
եւ
հանդարտօրէն
որոճացող
քանի
մը
գոմէշ
զուարթացուցին
զիս,
որովհետեւ
յիշեցի
վանահօր
մասին
ըրած
գիւտս.
եզները
կանգնած
էին,
իրենց
լեզուն
մարագի
ոսկեգոյն
յարդին
մէջ
կը
նետէին
անընդհատ
ու
լայն
ռունգերնէն
ելլող
առատ
շունչը
խուճապի
կը
մատնէր
դարմանը.
անոնց
քով
էին
կաթնտու,
նիհար
եւ
սեւ
կովերը
որոնց
տամուկ
դունչը
ձեռներս
հոտոտեցին։
Ոչխարներու
փարախը
փայտորմով
մը
զատուած
է,
հոն
անցայ.
ձեռքերս
մխրճելով
անոնց
կակուղ
բուրդին
մէջ
շոյեցի
գլուխնին,
ոչխարները
մելամաղձոտ
երեւցած
են
ինծի,
մտամոլոր
իմաստուններու
կը
նմանին
ու
անոնց
նման
ալ
ծիծաղելի
են։
Ուզեցի
այծ
մըն
ալ
չզրկել
շոյանքէս,
սակայն
յանկարծ
ոստում
մը
ըրաւ,
ու
ահա
բոլոր
փարախին
մէջ
խուճապը
տարածուեցաւ,
միւս
այծերն
իրենց
ընկերոջ
հետեւեցան
ու
ոչխարներն
ալ։
Շուարած
էի,
կիսախաւարին
մէջ
սեւ
ու
ճերմակ
յորձանք
մը
կը
պտուտքէր,
կենդանիները
կը
հարուածէին
զիրար,
կ’ընդոտնէին,
կը
ցատկէին
յամառ
լռութեամբ
մը.
զայրանա՞լ
թէ
ծիծաղիլ։
Հովիւը
հազիւ
հանդարտեցուց
այս
վրդովուած
անասուններուն
խիղճը՝
գաւազանով
զայն
ի
կարգ
հրաւիրելով.
եթէ
գիտնայի՜ն
որ
իրենց
քով
եղողն
ալ
հովիւ
մըն
էր
որ
իր
կարգին
ոչխարներ
կը
հովուէ…
թերեւս
աւելի
յարգալիր
ըլլային։
Տարիներէ
ի
վեր
զրկուած
եմ
այս
գեղջկական
տպաւորութենէն.
օրս
շատ
լաւ
աւարտեցի։
Կը
սիրեմ
խոտերուն,
յարդին,
կենդանական
աղբին
համաձոյլ
հոտը՝
որ
գոմի
մթնոլորտն
է։
Ատիկա
իմ
գիւղիս,
խե՜ղճ
ու
լքուած
Սպեր,
սաքուները
կը
յիշեցնէ,
ուր
մեր
մանկութեան
ձմեռ
գիշերներն,
օճախին
ճարճատուն
կրակին
դէմ,
մամիկներու
առասպելին
սարսափովը
կը
լեցուէինք,
կամ
մխացող
անօսր
լոյսին
սահմանէն
անդին
աշուղի
մը
վէպէն
վառուած
մեր
երեւակայութիւնը՝
կը
տեսնէր
ճերմակ,
կարմիր,
սեւ
նժոյգներն
իրենց
ոսկեսար
թամբերով,
անոնց
վրայ
աշտանակող
շէկ,
հրաչուի
եւ
կարմրազգեստ
դիւցազուններուն
հետ։
Վեհարան
ելած
միջոցիս
Շուշանին
հանդիպեցայ
ժպտեցաւ
ինծի…։
Աղուո՜ր
աղջիկ,
որքա՜ն
պիտի
ուզէի
իրեն
նման
կին
մը
ունենալ…
եթէ
աշխարհական
ըլլայի։