Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ը.

Յունվար . . .

Երբ լուսաւոր ու տաքուկ Վեհարանէն ներս մտան՝ մէկէն այլափոխուեցաւ իրենց սովորաբար ցուրտ դէմքը։

Տասնեւհինգն ալ ընդարձակ սենեակին լռութեան մէջ աւելի արագ եւ աղմկալի կը շնչէին, անձկութեամբ դիտելով բոլորշի սեղանին վրայ դիզուած գոյնզգոյն ծրարները՝ որոնց երանգը ձեղունէն կախուող մեծ լամբարին լոյսով կը սաստկանար։

Առաջին գոհունակ տպաւորութեան մեղմանալէ վերջ, կը սկսէր զարմացման եւ հետաքրքրութեան շրջանը։ Իրաւ որ շատ տարբերութիւն կայ որբերու յարկաբաժնին ու Վեհարանին միջեւ։ Ծիծաղելի է սա Վեհարան պատուանունը, չես գիտեր ո՞ր յիմարը դրեր է. իբր թէ կաթողիկոսի մը սրահը եղած ըլլար այս քառակուսի, մեծ սենեակը։

Տղաք կը դիտէին որմերուն վրայ գտնուող քանի մը պատկերները, որոնց իւրաքանչիւրը հաւանութեան եւ հիացման զուսպ աղաղակի մը տեղի կուտար։

Ամէնէն առաջին ակնարկները Հայրիկին վրայ կ’իյնէին, որ գլուխը բաց, լայնաճակատ, մօրուեղ, իր խոր աչքերով կը տիրէ սենեակին, յետոյ՝ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին վրայ՝ լրջադէմ ու երկայնամօրուս, որուն գորշութիւնը կ’եղծեն երկու ճերմակ սահանքներ, ի վերջոյ սեւեռելով սեւ վեղարին տակէն ծաղկող գեղանի ու շէնշող դէմքի մը՝ Եսայի Պատրիարքին։ Երկարօրէն զննեցին Մայր Հայաստան ին, առանց շրջանակի նկար մը, դրան հանդիպակաց պատին վրայ գամուած։ Վարսերը թափած, աւերակներու մէջտեղ նստած աղջիկ մըն էր ան, որ բան մը չէր արտայայտեր, բայց իր անունէն կարելի էր ամբողջ ողբերգութիւն մը հանել եւ զգալ։ Տղաք ալ այդպէս կ’ընէին երեւի. երկարօրէն վիճեցան ու բացատրութիւններ տուին, ի վերջոյ աչքերնին իջեցնելու համար կարմիր կերպասէ վարագոյրներուն ու թաւիշէ բազմոցներոն։

Այս ամէնը նոր էին իրենց համար. մանաւանդ յախճապակիէ ջերմոցը ուր դեղին բոցը կը ճարճատէր։

Հիմա տեղաւորուիլ կը սկսէին. այդ պահուն իրենց անհանգստութիւնը ակներեւ էր, միջավայրին նորութենէն ազդուած՝ ինքզինքնին անոր օտար կը զգային, քանի որ կը ջանային ձեռքերովնին ծածկել իրենց զգեստներուն պատռուածքները։

Այս առաջին անգամն էր որ մեր թաղին մէջ տղոց այցելութիւնը կ’ընդունէինք, եւ չեմ գիտեր ինչո՞ւ շատ յարգելի հիւրերու տպաւորութիւնը կ’ընէին վրաս։ Բայց ո՞վ պիտի խզէր տիրող այդ անախորժ լռութիւնը։

Է՛ տղաք, բարի հրամեցիք, բարով, հազար բարով, դու ալ այս կողմերը կուգայի՞ք…

Վանահօր կատակին վրայ ծիծաղն ընդհանուր եղաւ։

Տաքուկ էր սրահը՝ ու մանաւանդ Վարդան հայր սուրբը տաքցուցած էր ստամոքսն ալ. ի՞նչ պահեմ մեղքս՝ երբեմն ես ալ մասնակից կ’ըլլամ իր գինարբուքին։

Սկսանք հարցումներու, ծիծաղելի խօսքերու, ու արդէն քիչ վերջ Վեհարանին մթնոլորտը հրճուալից աղմուկով լեցուած էր։ Տղաք ընտանի եւ համարձակ դարձան, կ’երգէին հայրենական պարերգներ, որոնց չափով մէկ քանիները պարեցին, հաճոյքով կը հետեւէի իրենց ոտքի խոհեմ շարժումներուն, յետոյ անոնց երագութեանն ու խանդին։

Պարերէն վերջ՝ Հայաստանի, հերոսական երգերու շարքը սկսաւ տարտամ ու երկարաձիգ շեշտերով։ Շատ լսած եմ այդ երգերը, բայց անոնք չեմ գիտեր ինչո՞ւ լեցուցին զիս խոր յուզումով, նոյն յուզումը կը զգայի ամէնուն քով ալ։

Ամէն յոյս մարեցա՞ւ ուրեմն, կրկնեցի Եղիազարին դառնալով։

Ո՛չ Հայր Սուրբ, օր մը մեր Ցեղը հսկայի մը նման պիտի վերականգնի անիրաւ աշխարհին առաջ։

Երգերուն տպաւորութիւնը Պ. Ալեքսանդրի սարքած խաղերով անհետացաւ. այդ միջոցին Վանահայրը վաղեմի ճարտարութիւններ կը կենդանացնէր անասունի ձայներ կեղծելով.

Միա՜ւ, միա՜ւ… հա՛վ, հա՛վ… ֆը՜… ֆը՜… ը՜ֆ…

Տղաք տեղերնուն կը ցատկէին, իրարու վրայ իյնալու աստիճան խնդալէն կը ջարդուէին, յոգնաբեկ մէջքերնին կը բռնէին, մինչ իրենց աչքերէն արցունք կը վազէր։

Ի վերջոյ վանահօր տաղանդը սովորական դարձաւ։ Կարգը զուարճալի անէկտոթներունն էր։ Բոլորն ալ մէկ մէկ բան պատմեցին, բայց Եղիազարին մնաց յաղթանակը, իր պատմութեան ամէն մէկ բառը քրքիջ կը խլէր։

Վանքին բնակչութիւնը հոն էր՝ Վեհարանին մէջ. իմ հաճոյքս կը կրկնապատկուէր տեսնելով Շուշանը Խաչերին քով նստած, այտերը վարդագոյն ու աչքերը կապոյտ կայծերով լեցուն։ Քով քովի էին Շուշանին մայրն ու ծերուկ տնտեսուհին, որբերուն զուարթութեան իրենք ալ մասնակից, դրան առջեւ կայնած էին հօտաղներն ու ծառաները։ Տարին անգամ մը կ’արժէ ասանկ քրիստոնէական հաւասարութիւնը իրագործել զանազան դասակարգերու մէջ, խորհեցայ։

Դուրսը ձիւնամրրիկ կար, անոր շունչը կուգար շոգեծածկ ապակիներուն չիմացուած եղանակներ ըսել. բաւական մը ունկնդրեցի ձմեռ գիշերներու վրդովուած սրտին շփոթ տրոփիւններուն. ինէ զատ մէկը ուշադիր չէր անոնց եւ չեմ գիտեր ինչո՞ւ հպարտութեամբ լեցուեցայ։

Դուրսի աղաղակները փոխեցին տրամադրութիւնս ու նոյն իսկ բաժնուած նուէրներուն բերած ծիծաղը չկրցաւ հանել յուսահատութիւնը որ հոն էր՝ սրտիս մէջ։ Ինչո՜ւ ասանկ շուտ կը փոխուին տրամադրութիւններս. կ’երեւի բանաստեղծ մը կ’ապրի մէջս, զգայուն այլ յաւէտ անծանօթ ապրելու սահմանուած բանաստեղծ մը։

Քաղաքէն քանի մը երիտասարդներ կաղանդի առթիւ, գուրգուրանքի փափուկ զգացումով մը, հակառակ ձիւնին-բուքին՝ իբր համեստ նուէր, բերած էին գունաւոր թղթածրարներ, լի գոյնզգոյն շաքարով։

Ծրարները բացուելով անակնկալներ իրարու յաջորդեցին, մէկուն փոքր ջրաներկի տուփ մը կ’ելլէր, սատափէ գրիչ մը ափին մէջ կը խաղցնէր ուրիշ մը, մէկ քանի հոգի կը զմայլէին գրչատուփի մը կազմածին վրայ, մինչ փոքրերը թմբիկներ կը դափէին, կանաչ, կարմիր, լուրթ կապոյտ սրնգափողերու վրայ փչելով իւրայատուկ հրճուանքի մը թելադրած եղանակները։ Վեհարանը անտանելի քրքիջներով, աղաղակով կը լեցուէր, մինչ կէս գիշեր էր արդէն։

Թերեւս որմերուն վրայ հանգչող այդ անտարբեր հայրապետները՝ երբեք ասանկ եռուզեռի մը ականատես եղած չէին. բայց ընդհանուր յոգնութիւն մը զգալի կը դառնար։

Վանահայրը կը սկսէր մրափել, Եղիազարը քիչ վերջ մեկնեցաւ. մնացինք ես եւ Պ. Ալեքսանդրը։ Իւրաքանչիւրը՝ իր նուէրին վրայ հիանալէ յետոյ կուգար մեզի ցուցնել. կասկածոտները կը քաջալերէինք ու դժգոհները գոհացնել կ՚ուզէինք։ Յետոյ ամէն մէկը խնդրական ժպիտով մը կը բերէր մեզի ընծայելու իր շաքարէն մաս մը. ատիկա փաղաքշիչ էր, մանաւանդ որ Շուշանն ալ ընծաներու տարափին տակ կը ծածկէին, ու ես կը տեսնէի անոր երջանիկ ժպիտը գեղեցիկ դէմքին վրայ։

Հրապուրի՜չ եւ հրեշտակայի՜ն էակ, հիմա կը հասկնամ թէ ուրկէ կուգայ իր շնորհներուն մէկ մասը. բաւական ատեն Պոլիս ապրած են. անցեալ օր մայրը պատմեց ինձ իրենց արկածալից ու աստանդական կեանքին դրուագները։

Խաչերը այլափոխուեր էր, սովորական տղան չէր, կը վազէր, կ’ոստոստէր ու գիրկէ գիրկ կ’իյնար. այտերը կը վառէին ու բոլորս ալ՝ Շուշանէն սկսեալ, համբոյրներով կ’ողողէինք իր դէմքը. ուշադիր կ’ըլլայի Շուշանի շրթներուն, հոն ուր իր համբոյրները կը հպէին՝ իմիններս ալ եղբայր կուտայի անոնց եւ կարծես կը զգայի ջերմութիւնն ու բուրումը կենսառոյգ աղջկան։ Կաղանդ գիշերով ասիկա պիղծ բան մըն էր. բայց հրայրքս չի կրցայ զսպել։

Ժամը ութը կ’անցնէր, երբ մեկնեցան որբերն ու Շուշանը՝ իրեններուն հետ։

Ես երկար մնացի Վեհարանին մէջ. ընկղմած բազմոցի մը անկիւնը՝ կը ծծէի սենեակին տաք այլ ապականած մթնոլորտը։ Որբերը տակաւին ատեն մը շարունակեցին աղմկել ու երգել իրենց ննջարաններուն մէջ, ու երբ լռութիւնը իջաւ Վանքին վրայ, այն ատեն դուրսի գիշերին արհաւիրքով լեցուեցաւ ամէն բան։

Ինչո՞ւ հանդիսութիւններէ վերջ կը տխրիմ, չեմ կրցած բացատրել, միայն թէ մենութիւնն ալ զիս կ’ընկճէ. փառքը, երջանկութիւնը, յոյսերը անարժէք են՝ երբ մարդ չի կրնար անոնց հաղորդակից ընել սիրելի մը… հապա ինչպէ՞ս կրել այս բոլոր բեռը վանականի իմ խեղճ ու նկուն մարմնովս։

Հովը աւելի ուժգնութեամբ կը զարնուէր ապակիներուն, կը ցնցէր պատերն ու Վանքին բոլոր անկիւններուն մէջ ապաստան փնտռելէ յուսահատ՝ դուրսի բակին մէջ կը պտուտքէր, սահանք կ’ըլլար ու ծովու մը կոհակներուն պէս կուգար որմերու վրան փռուիլ, կատաղի շառաչով։ Երկար ունկն դրի այդ շառաչին, կարելի՞ է բացատրել տարրերուն խօսքը։

Լա՛ւ էր այդպէս, միշտ ուզած եմ Կաղանդը ձիւնամրրիկով տօնել։ Ձիւնը իմ հայրենի հողիս մեծագոյն հարստութիւնն է։

Յիշելով, եւ ո՞ր մոռացկոտ, ապերախտ պանդուխտն իսկ չպիտի յիշէր այդ գիշեր, Սպերը՝ գացի հոն. ի՞նչ կ’ընէին գիւղացիք, ազգականներս. հայր, մայր չունիմ, որբ մնացած եմ կանուխէն։ Հիմա կը հսկե՞ն մինչեւ հաւախօս՝ օճախին առաջ, արշալոյսին աղբիւր վազելով՝ ջուրերուն մէջ գարի թափելու համար։

Դարերէ ի վեր ո՞վ արդեօք ոսկեծոր աղբիւր մը գտաւ. թերեւս այդ ոսկին Հայ ժողովուրդին հաւատքն է ինքնաբուխ ու տեւական։

Մնացի՞ն մեր օրերու նահապետական սովորութիւնները։ Ջարդն ու աւերումը մեր վրայ ինկան ու ինձ չար բնազդում մը կ’ըսէ թէ՝ երբեմնի կենդանութիւնը շիրիմի վերածուած է ծածկուելով ձիւնին սառնութեամբ։

Տաքուկ անկիւն մը փռուած, յագեցած ստամոքսով՝ կ’եղբայրանայի կաղանդի բարիքին զո՜ւր սպասող հայրենի գիւղիս ու մեր արիւնոտ երկրին մերկութեանն ու ցաւերուն։ Թող չըսեն թէ՝ վարդապետ մը վրան առնելով սեւ վերարկուն՝ կը մերկանայ մարդկային էն ազնիւ յոյզերը, անշուշտ սկեպտիկներ ալ կան, բայց ես ակնարկէ մը կ’առնուիմ, եւ այդ Կաղանդի գիշերով Վանքին շրջակայ ձիւնադաշտերուն մէջ, մթին պարիսպներուն շուրջը՝ կը հաւաքէի իմ ժողովուրդիս լալահառաչ մերկութիւնը։

Կը մերժեմ վարդապետի երկար խորհրդածութիւնները՝ զորս կը ծամծմէ մեր պաշտօնակիցներոն ուղեղը տարեմուտին՝ քարոզի մը նիւթ հայթայթելու համար. չի խորհեցայ ծնող տարիին վրայ եւ ո՛չ այլ անցնողին՝ որ այնքան սեւ հոգիով կ’երթար…

Երկարօրէն մնացի ուրիշներու ցաւին մէջ եւ քանի մը անգամներ, գաղափարներու ի՞նչ շարայարութեամբ չեմ գիտեր, Շուշանին գեղանի հասակը եկաւ կանգնիլ աչքերուս դէմ, ստեղծագործ ժպիտով մը…