ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԼԳ.
Յուլիս . . .
—
Հա՛յր
Սուրբ,
Շուշանս
նշանեցի…
—
Հա՜…
լա՛ւ…
որո՞ւ…
—
Քաղաքէն
գրագիր
մը,
վարդի
պէս
տղայ,
տննիվեր,
շահն
ալ
տեղը…
—
Կը
շնորհաւորեմ…
գոհ
ես
անանկ
չէ՞…
երջանի՛կ…
—
Է՜հ,
պարտքս
էր
կատարեցի.
հա՜րկաւ…
Առտուն
կանուխ՝
այս
խօսակցութիւնը
կը
դառնար
իմ
եւ
Շուշանի
մօր
միջեւ
բակին
մէջտեղ,
երբ
հազիւ
մէկ
քանի
ուխտաւոր
կիներ
սափորներով
կ’երթային
գետեզր։
Անուշի
քովէն
հեռացայ
անբանի
մը
պէս
կրկնելով՝
—
Շուշանը
նշանուած…
վարդի՜
պէս
տղայ…
Կը
սպասէի
այդ
լուրին,
անհամբեր
իսկ
էի
զայն
լսելու.
անիկա
պաշտօնապէս
վերջ
մը
պիտի
դնէր
իմ
յոյսերուս,
եւ
յետոյ
կրնար
քաջալերել
նաեւ
սիրոյ
թուլացումը
որ
մէջս
աւելցաւ
Խաչերի
մահէն
ի
վեր.
գոհունակութեան
պէս
բան
մը
ունեցայ
ու
ազատօրէն
շնչեցի
քանի
մը
անգամ.
յետոյ
սառնօրէն
քննել
սկսայ
թէ
լուրը
ինչո՞ւ
յուզում
չի
պատճառեց
ինծի
եւ
թէ
ի՞նչ
կար
որ
ես
այդ
լուրին
վրայ
կը
նայէի
իբր
ինէ
հեռաւոր
անձի
մը
կեանքին
կապուած
եղելութիւն։
Այս
բոլորին
իբրեւ
չքմեղանք
կ’ըսէի՝
—
Յուզուելու
կարողութիւն
չի
մնաց
վրաս,
քայքայուած,
լմնցած
եմ,
կը
շրջիմ
իբրեւ
բնական
ստուեր
մը
հողին
վրայ.
հայելիին
մէջ
սոսկումով
միայն
կրնամ
նայիլ
ինքզինքիս։
Երբ
որբերուն
յարկաբաժինը
ելայ՝
Պ.
Ալեքսանդրը
հարցուց՝
—
Վարդապետ,
Պոլսէն
պատասխան
եկա՞ւ…
—
Ո՛չ…
թերեւս
մէկ
երկու
օրէն
առնեմ։
—
Ազգայի՛ն
գործ…
ինծի
այնպէս
կուգայ
որ
քու
մեկնելէդ
վերջ՝
մենք
ալ
պիտի
ցրուինք,
ատոր
կը
սպասեմ…
ես
ալ
կը
տառապիմ
հոս՝
վարդապետ…
Չեմ
գիտեր
ինչո՞ւ
խնդալս
եկաւ
այդ
վերջին
խօսքերուն
վրայ,
հազիւ
ինքզինքս
կրցայ
զսպել,
մինչ
Վարժապետը
խստօրէն
երեսս
կը
նայէր։
Յետոյ
անխօս,
առանց
բառ
մը
արտասանելու
իջայ
վար,
դուրս
ելայ
Վանքի
մեծ
դուռնէն
ու
սկսայ
դեգերիլ
դաշտերուն
մէջ։
Պուրակներու
ստուերները
խեղդած
են
ամէն
բան.
կապոյտ
ու
կանաչ
չորս
կողմը
եւ
անոնց
մէջ
դեգերող
կարմիր
զգեստներով
հարսեր։
Ցորեններն
ու
խոտերը
բարձրացած
են,
տեղ
տեղ
արդէն
իսկ
դալուկ
մը
հագած
կ’երեւին։
Արօտավայրերն
ու
ցորենի
դաշտերը
եզերող
բարտիներու
սլացիկ
կատարները
մեղմ
հովէ
մը
կը
շարժէին՝
ու
ես
դիտելով
անոնց
տերեւները՝
ժամուն
քշոցները
յիշեցի.
աղէկ
էր
նմանութիւնը,
ուրեմն
արեւին
տակ
պսպղուն
քշոցներու
յարեւնման
կը
շարժէին
այդ
գորշ
տերեւները։
Առուները
չորցեր
են
ու
գետը
խելօք
մը
կը
վարէր
իր
ընթացքը։
Ամէն
ծաղկող
բան
հոս
իր
պտուղն
ունեցաւ,
ես
ամուլ
մնացի
միայն։
Երկար
դեգերեցայ.
ամէն
կողմ
անփութօրէն
երկարած
մարդիկ,
կիներ
ժրաջան,
ժպտուն,
փոշեթաւալ
ու
պոռչտող
մանուկներ
գորշ
վրաններու
շուրջ.
կրակներու
վրայ
ճենճերող
միսերու՝
ճարպային
բուռն
հոտ
մը
մթնոլորտին
մէջ։
Կ’անցնէի
այս
ամէնուն
քովէն
անտարբեր,
վատանուն
ու
երկարօրեայ
երազներէ
ելլողի
մը
անմիտ
դէմքովը,
անկանոն
քայլերովն
ու
շարժումներով.
երիտասարդ
աղջիկները
ուշադրութեամբ
կը
նայէին
ինծի,
մանաւանդ
արցունքէն
աղտոտ
դէմքերնին
տակաւին
թաց,
ցնցոտիներով
ու
բոկոտն
փոքր
տղաք՝
կուգային
շուրջս,
առջեւս
կը
կենային՝
իրարու
ձեռք
բռնած,
ծռելով
գլուխնին,
ձեռքերնին
երկարելով
ինծի,
ի
վերջոյ
ապշահար՝
երեսիս
ակնարկ
մը
նետելէ
յետոյ
փախելու
համար։
Բան
չէի
ըսեր,
չէի
ժպտիր,
կ’անցնէի
մինակ,
տեսնելով
գնահատելով
այս
ամէնը՝
այլ
ոչինչ
զգալով։
—
Թերեւս
կը
խնդան
իմ
վրաս,
կը
խորհէի
անփութօրէն։
Գետեզրէն
վեր
ելլելով,
երբ
կրկին
ցորեանի
արտերուն
քով
հասայ,
հովը
ծփանք
մը
կը
քսէր
հասկերու
կանաչ
այտերուն՝
ու
ես
պահ
մը
յառելէ
վերջ,
հոսանքներով
խռովուած
լիճերու
ափունքը
գտնուողի
մը
պատրանքն
ունեցայ։
Իմ
առջեւս
ջուրերը
կոհակներու
յարաշարժ
պարը
կը
դառնային,
եւ
կը
զգայի
անոնց
զովութիւնը։
Մէկէն
Վանքին
դարձայ,
տեսակ
մը
կարօտով
յառեցայ
անոր
կարմրորակ
գմբէթին
ու
զանգակատան.
այդ
պահուն
վախ
մը
առաւ
զիս՝
կարծեցի
թէ
մէկը
գետնին
երեսէն
քղանցքներէս
կը
քաշէր.
մա՜հ,
մահը
ինքն
էր
որ
քայլերուս
կը
հետեւէր…
Արագօրէն
վերադարձայ։
Վանքին
դրան
մօտ
տեսայ
պարանցիկ
խումբ
մը
աղջիկներ,
անոնց
մէջտեղն
էր
Շուշանը.
երգելով
թռան
քովէս։
Կանգ
առի.
շեշտօրէն
նայեցի
նշանուած
աղջկան
ետեւէն.
իր
հասակը
ամէնուն
վրայ
կ’իշխէր
ու
դէմքը
կը
ճառագայթէր
առտուան
արեւի
նման…
Զգացի
որ
ուղեղս
կը
դողար
ու
աչքերուս
շատ
մօտիկ
քանի
մը
ստուեր
կը
դառնային։
Վազեցի
վեր,
անկողնիս
վրայ
նետեցի
ինքզինքս
անլուր
հեկեկանքով
մը՝
եւ
իմ
լացս
մոլեկան,
սեւ,
ահռելի
էր՝
որովհետեւ
գլխուս
վերեւ
յանկարծ
բարձրացաւ
նախանձին
շաչող
խարազանը։
—
Ա՜խ,
քեզ
առին
ձեռքէս,
կ’ըսէի,
անիծուա՜ծ
ըլլան,
անիծուա՜ծ…
ես
կը
սիրեմ
քեզ,
կը
սիրե՜մ…
իմ
սէրս
չի
կրնար
մեռնիլ…
Պատրանք
մըն
է
ամէն
բան
…
Մահն
ալ
չի
կրնար
մարել
իմ
սէրս,
ահա
ես
իր
դէմ
զինուած
եմ՝
եղունգներուս
մինչեւ
յետին
ծայրը…
Եկուր
եթէ
կրնաս,
եկո՜ւր
մահ…
Այս
սեւազգեստ
կմախքը
կը
սիրէ՛
նշանուած
աղջիկը…
Ու
վերմակս
կը
խածատէի,
անզօր
մատներս
քանդելու,
պատռելու
դէմք
մը
կը
փնտռէին
զո՜ւր…
—
Ա՜հ
սեւերես,
աղտոտ
մարդ,
տէր
կ’ըլլաս
աղջկան
մը
որուն
ուրիշ
մը՝
իր
կեանքը
զոհեց…
կը
կրկնէի
ու
միշտ
կ’անիծէի
Շուշանին
մայրը,
միջնորդն
ու
նշանածը…
—
Ձին
թամբել
տալ
կ’ուզեմ,
կը
մռնչէի,
քաղաք
նետուելու
համար.
պիտի
երթամ
փողոցներուն
մէջ
դեգերելով
շուկան
մտնել՝
գտնելու
համար
մարդը,
զոր
չեմ
ճանչնար.
բայց
պիտի
ճանչնամ
զայն՝
եթէ
ծպտուած
իսկ
ըլլար՝
կամ
պահուած
հարիւրաւոր
իրեն
նմաններուն
մէջ.
իմ
նախանձս,
իմ
վրէժս
մանաւանդ՝
յայտնատես
կ’ընեն
զիս.
ահա
արդէն
իսկ՝
ես
կը
տեսնեմ
իր
պատկերն
ու
ժպիտը,
թեւերուն
թոյլ
շարժումը.
ինքն
է,
ինկիր
վրան,
յօշոտէ.
ո՛չ
Արտակ,
յամրօրէն՝
անուշ
ու
գիտակից
վայելքով
մը
արիւնին
յետին
կաթիլները
ըմպէ…
խմէ՛
Արտակ
մինչեւ
որ
յագենաս…
Հազի
նոպայ
մը
խեղդեց
զայրոյթս։
Առատօրէն
արիւն
թքի
այս
երեկոյ,
ու
ես
անոր
կարմիրին
մէջ
վայրկեան
մը
տեսայ
Շուշանի
դէմքը
իբրեւ
փղոսկրէ
քանդակ՝
բուստի
մը
էջին
վրայ.
անոր
քով
անշնորհք
ճիւաղ
մը…
մահը։
Մա՜հը,
գերագոյն
ազատարարս
ու
գերագոյն
թշնամիս,
որովհետեւ
դողդոջ
եւ
արատաւոր
հոգիս
պիտի
առաջնորդէ
Վերին
դատաստանին…
Գերագոյն
եւ
Ահեղ
կը
ժպտիս
ինծի,
ու
մահուան
դիմակով
կը
սպառնաս…